Գլխաւոր

ԵՍ ՈՒ… ԵՍՍ

ՀՐԱՆԴ Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Քեզ փնտռեցի օրերուս մէջ,
ճամբաներուն իմ կեանքի,
պահերուն մէջ երազանքիս պարտասած…
Եւ ճախրեցայ, ճախրեցայ…
Թափառեցայ անսահմանի,
անորոշի
խուլ, մթամած եզրերու
քմայքին լուռ յանձնուած…
Որոնեցի անսահմանը հեգնելով…
Բայց… աւաղ…
Ես ինքզինքս չգտայ…
Եւ այսպէս մենք՝ դո՛ւն ու ե՛ս՝
– Եսս… ու… Ես –
Մենք ճամբորդներ միածին…
փնտռեցինք զիրար երկար մթութեան մէջ այս կեանքին…
Զիրար աւաղ չգտանք…
Հիմա կարծես
թագնուած տեղ մը մթին
դուն ալ ինծի պէս շփոթ
կը սպասես որ գտնես զիս…
Երկու որբեր ենք, աւաղ,
թէ՛ քով-քովի, թէ՛ հեռու,
անորոշի Ճիրաններուն յանձնուած
կը թափառինք մանուածապատ
մթութեան մէջ անյոյսի…
Մոլորակներ մոլորուած
տիեզերքին մէջ էիս
կը փնտռենք մենք զիրար
գոյոյթիս* խենթ ծիրին մէջ…

Երազանքի ալիքներուն յանձնուած
նոր երազներ կ՛որոնենք…
Եթէ…
կամ…
երբ հանդիպինք…
ինչե՜ր ունինք պատմելու…
երազանքներ լուռ բեկուած…
անյոյս յոյսեր…
վերթեւումներ…
լո՜ւռ ցաւեր…
նորաբողբոջ լո՜ւռ տենչեր…
Բայց…
աւաղ…
Անյոյս որբեր ենք թափառ
պիտ՛ չգտնենք մենք զիրար …

Գրիգորեան տոմար- Օր՝ 1, Ամիս՝ Դեկտեմբեր, Ամ՝ 2025
Հայկեան տոմար- Օր՝ Ծմակ, Ամիս՝ Տրէ, Յամի ՏՇԺԷ (4517)

*Աստղանշուած բառը՝ «Մարգարեան Բառակազմութեան Համակարգ»էս է,
բառարաններուն մէջ մի փնտռէք։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button