ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:50 Second

Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան կը մերժէ դիւանագիտական բանակցութիւններու ճամբով Արցախի մէջ ընթացող մարդասիրական ճգնաժամը  կասեցնելու կամեցողութիւն դրսեւորել, մենք լիովին համոզուած ենք, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտութիւնը կասեցնելու միակ միջոցը համահայկական միաւորուած ճիգերով  մեր նախահայրերու հայրենիքը պաշտպանելն է:

Մենք, իբրեւ Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներ, մեր ամբողջական աջակցութիւնը արտայայտելով՝ կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքին, որ առաւելագոյն զոհաբերութեամբ ոտքի կանգնի ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի արդար յաղթանակին, ընդդէմ մեզ ոչնչացնելու նպատակին շուրջ միաւորուած ուժերուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջենք, որ պաշտպանեն ժողովրդավարական արժէքները եւ Արցախի հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Միացեալ Նահանգները պարտաւոր են պատժամիջոցներ կիրառելու ընդդէմ Ատրպէյճանին ու Թուրքիոյ եւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Ցանց
Հայ Օգնութեան Միութիւն
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Հայ Ուսանողական Հիմնարկ
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմ
Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
Վարդանանց Ասպետներ
Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles