ՄՐՑԱԿՑԱՅԻՆԷ ԱՆԴԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ ՈՒՆԻ՞ՆՔ
Յ. Պալեան
Հայաստանի քաղաքացին եւ սփիւռք(ներ)ի շարունակուող-մաշող գաղթական հայը, այսօ՛ր, չեն գիտեր, չեն հասկնար, թէ ղեկավարութիւնները ո՞ւր կը տանին զիրենք, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս:
Տարրական ողջմտութիւն ունեցող հայը ինքնիրեն հարցեր կու տայ: Կը յուսալքուի, քանի որ չի գտնուիր այն օղակներուն մէջ, ուր կարելի է լսուիլ եւ պատասխանները լսել:
Այսպէս, ո՞վ պիտի բացատրէ կամ կրնայ բացատրել Հայաստանի իշխանութեան հասնելու ձգտում ունեցող տասնեակներով եւ զիրար քննադատող կուսակցութիւններու տարբերութիւնը, որոնք միշտ կը խօսին յանուն ժողովուրդին:
Հայաստանի հեռատեսիլը դիտող հայը, Երեւան, Պէյրութ, թէ Ուաշինկթըն, կը յուսալքուի կամ կ’ընդվզի, օրնիբուն տեղի ունեցող անվերջանալի դատերու, ամբաստանութիւններու եւ բանտարկութիւններու մասին լսուածի պատճառով:
Նոյնն է պարագան սփիւռք(ներ)ի, ուր ընդունուած էր, վարժուած էինք, աւանդական կոչուած կուսակցութիւններու առաջնորդութեան, երեք առաւել մէկ (մէկը խորհրդային իշխանութեան օրերուն սփիւռքի հայ համայնավարներն էին, որոնք առանձին կուսակցութիւն չէին, մաս կը կազմէին տեղւոյն համայնավար կուսակցութիւններուն, բայց դերակատար էին հայ կեանքի մէջ), վէճերուն եւ ամբաստանութիւններուն: Ասոնց վրայ պէտք է գումարել այս կամ այն ձեւով դժգոհներու խմբաւորումները, որոնք կուսակցութիւն են իրենց հետեւորդներով, քարոզչութեամբ եւ քննադատութեամբ, մանաւանդ ներկայի համացանցի ընծայած կարելիութիւններուվ:
Այսօր, մէկդի դնելով գրքունակ տարազները եւ անոնցմէ բխած կարգախօսները, առանց ներկայի հարցերը անցեալով բացատրելու եւ հիմնաւորելու պատմագիտական եւ տեսաբանական ճապկումներու, հրապարակի վրայ գտնուող քաղաքական ուժերը կը խօսի՞ն ըստ համահայկական եւ բոլորէն ընդունելի հետապնդուելիք հեռանկարային ծրագրի մը եւ անոր իրականացման համար իրապաշտ եւ գործնական միջոցներու մասին:
Մամուլը եւ վերլուծաբանները պէտք է ըսեն նաեւ, հանրութիւնը լուսաբանելու եւ անոր խնայելու համար անհատներու եւ հաւաքականութիւններու անկամ, կոյր հետեւորդ կամ անտարբերութեամբ կրաւորական ըլլալու բացասականութիւնը, որ ի՞նչ են նոյնութիւնները եւ տարբերութիւնները, որպէսզի հակադրութիւնները եւ հակամարտութիւնները (յաճախ ժամանակավրէպ) չդիմաւորուին որպէս ծրագիր եւ աշխատանք:
Ի՞նչ հեռանկարային քաղաքականութիւն ունին կուսակցութիւնները (ոչ միայն աւանդական կոչուած եւ սփիւռքի մէջ գործող) եւ Հայաստանի պետութիւնը սփիւռք-կացութեան մասին: Աւանդական դարձած աշխատանքները,- եկեղեցի, դպրոց, մամուլ եւ Հայաստանի օգնելու նախաձեռնութիւններ եւ կարգախօս,- ի՞նչ ապագայ կը խոստանան ազգի աւելի քան կէս համրանքի ինքնութեամբ գոյատեւման համար եւ մանաւանդ՝ ինչո՞ւ: Առարկայական դատում ունի՞նք ձեռքբերուած արդիւնքներու մասին, յիշուած տեսականօրէն ազգի աւելի քան կէս համարուող սփիւռք(ներ)ը ի՞նչ կը ներկայացնէ որպէս իրաւ հայութիւն, պարզ ըլլալու համար, եթէ կարելի ըլլայ մաղէ անցընել, անոր ո՞ր մասը կը մնայ մաղին վրայ եւ ո՞ր մասը կ’անցնի մաղին միւս կողմը:
Հայաստանը պետութիւն է եւ ունի իր հրամայականները: Անկախութեան հռչակումէն երեսուն տարի ետք, կողմերը եւ անհատները գերանցող քաղաքական ղեկավարման ըմբռնում չէ նուաճուած: Պէտք է յիշեցնել եւ կրկնել, որ տասնեակներով կուսակցութիւնները, անոնց մրցակցութիւնները եւ բազմապատիկ տեսութիւնները, կը հակասեն առողջ եւ հեռանկարային ղեկավարումը: Ոչ ոք կը խօսի այն մասին, որ կուսակցութիւն համարուած խմբաւորումներէն շատեր անհատական շահերու եւ փառասիրութիւններու պատուանդան են, անձի կամ խմբակի: Քաղաքական վերլուծաբանները պէտք է խօսին, եւ ըսեն, թէ ազգային, տնտեսական, ընկերային եւ տեսական ի՞նչ տարբերութիւններ ունին այդ կուսակցութիւնները: Առանց այս յստակացման, պայքարները եւ ընտրութիւնները անհատներու մրցակցութեան դաշտ են, եւ պիտի ըլլան, անցանկալի հետեւանքներով:
Նոյն հարցումները կարելի է ուղղել սփիւռք(ներ)ի պարագային: Կուսակցութիւնները, համագործակցութիւններու եւ փոխհասկացողութեան ծիրէն ներս, աստիճանաբար յաղթահարած են զիրենք իրարմէ հեռացնող եւ իրարու հակադրող վերաբերումները: Անոնք կը գործեն, հաւասարապէս, երկու ուղղութիւններով. հայապահպանում եւ Հայաստանի օգնութիւն: Տեղական-տեղայնական քաղաքականութեան մասնակցութիւնը պէտք չէ խոչընդոտէ մեր ազգայինը: Սփիւռքի մէջ գործած-գործող կուսակցութիւններու տարբերութիւնները եւ հակադրութիւններու պատճառները ներկային չեն վերաբերիր, այլ՝ անցեալի ճիշդին եւ սխալին, ինչ որ հասկնալի չէ նոր հասնող սերունդներուն համար: Երէկ անհաշտ համարուող մարդոց ստորագրութիւնները կը տեսնենք մէկ կամ միւս ԿՈՂՄի մամուլին մէջ, եթէ հետեւինք ըսուածներուն եւ գրուածներուն:
Բայց խորհրդային շրջանէն ժառանգուած մտայնութիւններ, սովորութիւններ, ինչպէս կ’ըսուի՝ կարծրատիպեր կան, մեծ եւ պզտիկ, զորս չենք յաջողիր յաղթահարել, որոնց պատճառով, հակառակ քարոզուած ցանկալի միասնութեան, այդ չ’իրականանար, ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռք(ներ)ի կեանքին մէջ, ոչ ալ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու: Պատմութիւնը օղակ փոխած է, հեռուի եւ մօտի հարցեր չկան, քաղաքակրթութիւններ եւ մշակոյթներ կը ներթափանցուին: Մենք իրաւունք չունինք 19րդ 20րդ դարերու մեր ներազգային յարաբերութիւններու եղանակը յաւերժական համարել եւ ըստ այնմ գործել: Այսինքն՝ սխալելու իրաւունք չունինք:
Պարզապէս, պէտք է հասնինք ազգային, ընկերային, կրօնական եւ քաղաքական այն իմաստութեան, որ իրաւունք ունին ազգը եւ հայրենիքը, եւ ըստ այնմ պէտք է գործել, այսինքն, անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, հեռանկարային առաջադրանքներով, պէտք է հրապարակ գան ոչ թէ յաւելեալ փառքի եւ իրաւունքի համար, այլ յաւելեալ պարտքի եւ պարտականութեան: Այս վերաբերումը կը կոչուի ազգային-քաղաքական հեռանկարային յանձնառութիւն:
Մտաւորականութիւնը աւագ պարտականութիւն ունի հոգեբոյժի խօսքով վերացնելու մեր մէջ այնքա՜ն արմատաւորուած էսթէպլիշմընթային-նոմանքլաթուրային-երեւելիական ախտաւոր հոգեբանութիւնը, մենք ու մերոնքի, տեղացիի եւ դրսեցիի, հօր եւ որդիի, կողմի եւ կողմնակիցի: Եթէ պահ մը լուսարձակի տակ առնենք մեր տարակարծութիւնները, անհասկացողութիւնները, կրքոտ կողմնապաշտութիւնները, պիտի հաստատենք, որ անոնք հետեւանք են դեռ յամեցող այս ախտաւոր հոգեբանութեան: Այն ատեն կ’առաջնորդուինք եւ կը գործակցինք ազգային հեռանկարային իրականացումներու համար, ճիշդ եղանակով կ’օգտագործենք մեր ժողովուրդի կարողութիւնները եւ ներուժը:
Կարողութիւններ եւ ներուժ, հիմնովին տարբեր մաշած տարազներէ եւ կարգախօսներէ:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը, անկեղծութեան պահու մը, պէտք է կարենայ ըսել, որ միւսն ալ իրաւունք ունի եւ այդ ձեւով դուռ բանայ կարողութիւններու եւ ուժերու ճիշդ օգտագործման, որ այնքա՜ն կարեւոր է հեռանկարային ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման: Կը մեծնանք, եթէ ըսենք որ միւսն ալ իրաւունք ունի, ճիշդ է:
Առաջին հերթին պէտք է ձգտիլ Հայաստան-Սփիւռք(ներ) միասնութեան, առանց զգացական ճառի, առանց ճապկումներու: Պատմութեան ընթացքին կատարուած դաւերու պատճառով մեր երկփեղկուածութիւնը պէտք է յաղթահարուի, պէտք է դադրինք ըսելէ եւ գործելէ այնպէս, որ տարբեր ենք, եւ ստեղծել իսկական հաւասարութեան եւ համագործակցութեան հարթակ, բոլոր մարզերու մէջ, քաղաքական, մշակութային, տնտեսական, եւ այլ:
Մեզի պարտադրուած բաժանումները եւ տարբերութիւնները մեր կողմէ կանոն պէտք չէ համարուին: Այս ընելու համար ոչ թէ հին քէներով եւ օտարամուտ բարքերով պէտք է առաջնորդուիլ, այլ ազգի եւ հայրենիքի առաջնահերթութեամբ: Այս այսօ՛ր պէտք է ընել: Այլապէս պատմութեան հետ մեր ժամադրութիւնը կրկին կը կորսնցնենք, թերեւս անդառնալի կերպով:
Քաղաքական իսկական իմաստութիւն պէտք է ըլլայ ըսել, որ Քամչաթքայի եւ Հալիֆաքսի հայերը նոյնքան հայ են, իրաւունքով եւ պարտաւորութեամբ, որքան Երեւանի, Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի հայերը: Եւ վերջ:
Այս ըսող եւ անոր իրականացման համար գործող հեղինակութիւն կը փնտռուի, քարիզմաթիք առաջնորդութիւն:
Այդ ղեկավարը կրնա՞յ յայտնուիլ, երբ մենք այնքան կը զբաղինք մանրուքներով եւ զիրար մանրացնելով:


