Անգարայի «Ոսկի Խնձոր»-ը. ՆԱԹՕ-ի Գագաթնաժողովը
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Ինչպէս մեր «Գագաթնաժողովներու եւ Թուրքիոյ Դիւանագիտութեան Տարին» յօդուածին մէջ նշած էինք, 1949-ին հիմնադրուած եւ ներկայիս 32 անդամ պետութիւններէ բաղկացած ՆԱԹՕ-ի քաղաքական-ռազմական դաշինքը 7-8 Յուլիսին Անգարայի մէջ գումարեց պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու իր 36-րդ գագաթնաժողովը։ Գագաթնաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ուքրայինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի։ Միայն այս երկու օրերու իրադարձութիւններուն հիման վրայ կարելի է ըսել, որ ՆԱԹՕ-ի այս գագաթնաժողովը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար քաղաքական «ոսկի խնձոր»-ի մը վերածուեցաւ։
Պէտք է նշել, որ գագաթնաժողովին նախորդող ամիսներուն անդամ երկիրներու պաշտօնատարները բազմիցս անդրադարձան ՆԱԹՕ-ի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան ու կարեւորութեան՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ դաշինքին համար բացարձակ անհրաժեշտութիւն։ Սակայն դիւանագիտական այս մակարդակին վրայ հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ ընտրուած ոչ մէկ բառ պատահական է։ Նմանապէս, Թուրքիոյ որդեգրած քարոզչական, դիւանագիտական, տնտեսական, ռազմական կամ ներքաղաքական որեւէ քայլ կամ արձագանգ պատահական չէ։ Յստակ պէտք է ըլլայ, որ Թուրքիա տարածաշրջանային գերտէրութիւն է եւ միջազգային կարեւոր դերակատար։
Քաղաքական, դիւանագիտական եւ քարոզչական առումով այս գագաթնաժողովը յաղթանակ էր Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի, ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալընի եւ «Պայքար» արդիւնաբերութեան ընկերութեան ղեկավար Սելճուք Պայրաքտարի համար։
2 Յուլիսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, թէ «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին օրէնք»ին՝ CAATSA-ին հիմամբ Անգարայի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները պիտի վերացուէին, եւ թէ քաղաքական վերջնական որոշումը, ըստ իրեն, արդէն կայացուած էր։ Ռուսական Էս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն մասին խօսելով՝ Ֆիտան ըսաւ, որ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ այդ հարցի լուծման ուղղութեամբ առնուած քայլերը գործնական հանգրուան մտած են։
Նոյն օրը թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 7 Յուլիսին հաւանութիւն պիտի տար թրքական «Քաան» մարտական օդանաւերուն համար նախատեսուած շարժիչներու վաճառքին։ Պէտք չէ մոռնալ, որ «Քաան» ծրագիրին զարգացումը արագացաւ Էֆ-35 մարտական օդանաւերու ծրագիրէն Թուրքիոյ հեռացումէն ետք։ Այս մէկը իրապէս տեղի ունեցաւ 7 Յուլիսին:
4 Յուլիսին ՆԱԹՕ-ի անդամ Ալպանիա թրքական MKE պաշտպանական ընկերութեան հետ պայմանագիր ստորագրեց՝ վեց «Պորան» 105 միլիմեթրնոց հրետանիներ եւ չյայտարարուած քանակութեամբ զինամթերք ներածելու համար։ Այս համակարգերը նախապէս արտածուած էին նաեւ Պանկլատէշ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա։
5 Յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, գագաթնաժողովին մասնակցելուն կողքին, տեսակցութիւն մը պիտի ունենար Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ ալ-Շարաայի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ 8 Յուլիսին։ Անոր ընթացքին Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգները Սուրիան պիտի հանեն ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններու ցանկէն։
Թրամփ այս որոշումը կրնար յայտարարել Ուաշինկթընի մէջ։ Սակայն զայն յայտարարեց Թուրքիոյ մէջ՝ իբրեւ Անգարայի հիւր։ Արդեօ՞ք այս քայլը առնուեցաւ Սուրիոյ օժանդակելու, թէ՞ Թուրքիան գոհացնելու նպատակով, երբ Անգարա ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Սուրիոյ գլխաւոր հովանաւորը։
5 Յուլիսին Նետերլանտներու պաշտպանութեան նախարար Տիլան Եշիլկէօզ, որ թրքական ծագում ունի, հաստատեց, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը պիտի շարունակէ ընդարձակուիլ։
6 Յուլիսին հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան գագաթնաժողովին ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու առաջին կամ երկրորդ կիները, «Մանուկներ, արհեստագիտութիւն եւ անվտանգութիւն. պաշտպանել ապագայ սերունդները» խորագիրով կլոր սեղանի քննարկման մը համար։ Այս նախաձեռնութեամբ ան կատարեց իրեն վստահուած քարոզչական դերը։ Թեման բարոյականօրէն դրական էր։ Սակայն ինչո՞ւ անվտանգութիւն եւ ոչ թէ սնունդ կամ կրթութիւն։ Արդեօ՞ք ասիկա զուգադիպութիւն էր, թէ՞ Թուրքիոյ քարոզչութիւնը կը փորձէր Անգարան ներկայացնել իբրեւ բոլոր խաւերու եւ տարիքներու պատկանող անձերու անվտանգութեան երաշխաւոր։
Նոյն օրը թրքական մամուլը ընդգծեց, որ Անգարայի մէջ նախատեսուած պաշտպանական արդիւնաբերութեան ցուցահանդէսը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար։ Նոյնիսկ նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի ցանկերը քարոզչական ու դիւանագիտական բնոյթ պիտի կրէին՝ նպատակ ունենալով միջազգային հիւրերը տպաւորել Թուրքիոյ մշակութային «հարստութեամբ»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր կարգին ըսաւ, որ Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի նպաստեն ՆԱԹՕ-ի ներքին լարուածութիւններու մեղմացման։ Այս յայտարարութիւնը կարելի էր դիտել իբրեւ Էրտողանի շուրջ դիւանագիտական բարձր կարողութեան տէր եւ ՆԱԹՕ-ի «հոգատար հայր»-ի կերպար մը կերտելու փորձ։
7 Յուլիսին Անգարայի մէջ մեկնարկեց ՆԱԹՕ-ի 2026-ի գագաթնաժողովը։ Թուրքիոյ հալածանքի ենթարկուած ընդդիմութիւնը մնաց առանց արտաքին նեցուկի, իսկ երկրի նախագահը միջազգային բեմին վրայ ներկայացաւ իբրեւ ուժեղ եւ անկախ ղեկավար։
Այս պատկերը առաջինը ամրապնդեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ Թուրքիան բնութագրեց իբրեւ «միւսներէն աւելի հաւատարիմ» դաշնակից։ Ժողովին սկիզբէն իսկ Թուրքիոյ պաշտօնատարները ստանձնեցին օրակարգին ուղղութիւն տուող կողմի դերը։ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր ընդգծեց, որ Եւրոպան պէտք է աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնէ։
Առաջին օրը Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական արդիւնաբերութեան համաժողովին ստորագրեց համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերէին օդային, հրթիռային, հետախուզութեան եւ ընդհանրապէս պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան շուրջ գործակցութիւններու: Այս ծրագիրներուն մաս պիտի կազմեն ASELSAN-ը, ROKETSAN-ը, STM-ն եւ Թուրքիոյ գիտական ու արհեստագիտական հետազօտութիւններու խորհուրդը՝ TÜBİTAK-ը։ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռութը իր կարգին յայտնեց, որ դաշինքի կարգ մը անդամներ կ՚ուսումնասիրեն Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան մօտելը՝ հասկնալու համար, թէ կարելի՞ է զայն կիրարկել իրենց երկիրներուն մէջ։
7 Յուլիսին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները հիւրընկալեց նորակառոյց «Այ Եըլտըզ»՝ «Կիսալուսին եւ աստղ», միացեալ հրամանատարական կեդրոնին մէջ։ Համալիրը տակաւին կառուցման ընթացքի մէջ է, իսկ անոր ամբողջական աւարտը նախատեսուած է 2028-ին։ Ամբողջութեամբ աւարտելէ ետք անոր տարածքը պիտի ըլլայ Փենթակոնէն շուրջ երեք անգամ աւելի մեծ։ «Այ Եըլտըզ»ը պիտի դառնայ Թուրքիոյ ռազմական հրամանատարութեան գլխաւոր կեդրոնը։ Բնականաբար, անոր անունը եւ ճարտարապետութիւնը կը ներկայացնեն Թուրքիոյ դրօշին կիսալուսինն ու աստղը։
ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալըն իր կարգին շեշտեց, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ հաւասարութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Իսկ 8 Յուլիսին նախագահ Էրտողան ըսաւ, որ պաշտպանական գործակցութիւնը պէտք է զերծ ըլլայ խոչընդոտներէ։
Գագաթնաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեամբ դաշնակիցները 2026-ի համար Ուքրայինայի խոստացան 80 միլիառ տոլարի ռազմական օժանդակութիւն։ Անոնք նաեւ յայտարարեցին աւելի քան 50 միլիառ տոլարի նոր ռազմական պիւտճէի մասին։
Միւս կողմէ, Անգարա սկզբունքային իմաստով հասաւ իր նպատակներուն։ Թրամփ յայտարարեց, որ պիտի վերցնէ CAATSA-ի պատժամիջոցները եւ պիտի քննարկէ Թուրքիոյ վերադարձը Էֆ-35 ծրագիրին։ Սակայն հիմնական խոչընդոտները կը մնան Քոնկրէսի մէջ առկայ ընդդիմութիւնը, Թուրքիոյ նկատմամբ ամերիկացի կարգ մը պաշտօնատարներու անվստահութիւնը եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի ներկայ հակաթրքական կեցուածքը։ Իսրայէլի հարցով Անգարա գագաթնաժողովին ընթացքին նաեւ փորձեց ճնշում բանեցնել, որպէսզի Թել Աւիւ սահմանափակէ իր ներկայութիւնն ու յառաջխաղացքը Սուրիոյ մէջ։
Մամլոյ հաղորդումներու համաձայն՝ Ռուսիա համաձայն գտնուած է Թուրքիոյ Էս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երրորդ երկրի մը փոխանցելու կարելիութեան մասին։ Սակայն, վաճառքը պաշտօնապէս տակաւին հաստատուած չէ, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քաթարը կը նշուին իբրեւ համակարգերը ներածել ուզող հաւանական թեկնածուներ, մեկնած վերջին շրջանին Միջին Արեւելքի մէջ ռազմական անկայուն իրավիճակէն:
Քարոզչական այլ քայլ մը եղաւ այն, որ նախագահ Էրտողան գագաթնաժողովին մասնակցող ՆԱԹՕ-ի իւրաքանչիւր ղեկավարի նուիրեց անոր անունը փորագրուած ստրճանակ մը եւ փամփուշտներու տուփ մը։ Բազմաթիւ ղեկավարներ ստիպուեցան նուէրը Անգարայի մէջ ձգել։ Անոնց շարքին էր Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Քիր Սթարմըրը (այժմ հրաժարած), որ զայն չէր կրնար երկիր փոխադրել զէնքի ներմուծումը կարգաւորող օրէնքներու պատճառով։ Սակայն, Նպատակը յստակ էր։ Էրտողան կարծես կ՚ըսէր. «Թուրքիա ուժեղ է, Թուրքիոյ հետ դուք եւս կ՚ուժեղանաք, եւ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական արդիւնաբերութեան կեդրոնն է»։
Այս առիթով հատուեցաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ի 36-րդ գագաթնաժողովը յիշատակող յատուկ 5 լիրա դրամանիշ մը, որուն շուկայական արժէքը շուրջ 11 ամերիկեան սենթ է։
Աւարտին պէտք է ըսել, որ Թուրքիա գագաթնաժողովին ընթացքին հասաւ իր հետապնդած նպատակներուն մեծ մասին։ Այլ պետութեան մը պարագային հիմնական մտահոգութիւնը կրնար ըլլալ այն, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ նման դերակատարութիւն մը վնասէր Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Սակայն Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը կը մնայ ճկուն։
2019-ին Էֆ-35 ծրագիրէն հեռացուելէն եօթը տարի ետք Թուրքիա մօտեցած է ծրագիրին վերադառնալու եւ իր դէմ սահմանուած պատժամիջոցները վերացնելու նպատակներուն։ Միաժամանակ, ան ընդլայնած է իր ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ իր դիրքը ՆԱԹՕ-ի ռազմական շուկային վրայ, ինչպէս նաեւ Կովկասի, Լիպիոյ, Իրանի ու Կազայի մէջ։
«Ոսկի Խնձոր»-ը Անգարայի ձեռքն է…
Աղբիւրներ՝ Al Jazeera, Daily Sabah, Hürriyet, Nordic Monitor, Türkiye Today եւ The Wall Street Journal։

