ՄՈԽԻՐ
Նորայր Տատուրեան
«Ակօս»
Մահաշունչ բառ:
Փոքրակազմ բառի մը համար ի՚նչ ծանր պատասխանատուութիւն էր այրած երկիր եւ ժողովուրդ նկարագրել ու երկու վանկի մէջ ամփոփել անոնց սեւ, կամ՝ յօդուածիս նիւթին հաւատարիմ մնալու համար ըսենք՝ մոխրագոյն պատմութիւնը։ Յարգելի ընթերցող, այդ պաշտօնը վիճակեցաւ հայոց «մոխիր» բառին։ Եւ ի՞նչ ընէր ան, եթէ ոչ՝ համակերպիլ մայրենիի թելադրութեան ու կատարել պաշտօնը։
Տուեալներ կան, որ բնիկ հայկական ըլլար «մոխիր»ը։ Լաւ է, որ այդպէս է։ Այլապէս, օտարամուտը ինչպէ՞ս հարազատօրէն պատմէր հայոց լեռնաշխարհի անասելի ցաւերը։ Նկարագի՞րն անոր. ազգանուէր եւ ծառայասէր։ Ապացո՞յցը։ Կատարենք համեմատութիւններ. յոյներու մոխիրը տուած է 6 բարդ բառ, անգլիացիներու մոխիրը՝ հինգ, թրքական մոխիրը՝ մէկ։ Իսկ հայոց մոխիրը առատաձեռնօրէն տուեր է 35 պատկերալից բարդ բառ, որպէսզի ան քստմնելի վախճաններու բոլոր տեսակները ճշգրտօրէն կարենայ նկարագրել, ինչպէս՝ մոխրաթաթախ, մոխրապատ, մոխրածածկ եւ մոխրակոյտ։
«Մոխիր» բառի հնագոյն գործածութիւնը, ի՛նչ զարմանալի բան, եղեր է կրօնական։ 5-րդ դարուն «մոխրապաշտ» կը կոչուէին անոնք, որոնք դեռ կրակապաշտ էին։ Ղազար Փարպեցին գրեր է. «Ի վերայ երեսաց մոխրապաշտացն նոյն կերպարան մոխրոյն իջեալ նստէր»։ Հայկական հին մատենագրութեան մէջ ունինք «մոխրապաշտ թագաւոր», «լինել մոխրապաշտ» եւ «մոխրապաշտ վարդապետութիւն» արտայայտութիւնները։ Բնականաբար, Աստուածաշունչն ալ պիտի ունենար բազմաթիւ «մոխիր»ներ։ Որպէս վիճակագրական տուեալ նշենք, թէ Սուրբ Գիրքը ունի 43 «մոխիր», ներառեալ՝ «մոխրահեղձ» ընտիր ածականը։
Այս համեստ երկվանկը չարքաշ եւ անտրտունջ, յարմար եկաւ բոլոր դարերու ողբերգակ բանաստեղծներու գրիչին։ Անոնցմէ մէկը, Վանայ ծովափին, իր վանքի լուսամուտէն Աստուծոյ հետ սրտի խորքէն խօսող Գրիգոր Նարեկացին էր։ Սուրբը համոզուեր էր, թէ մեղաւոր է ու իր անձը արժանի է կոչուելու՝ «մոխիր մերժելի»։ Նարեկացիին կը պատկանին նաեւ «մոխիր անարգ» եւ «մոխիր երկրի» արտայայտութիւնները։
Այն դարերուն երբ գրաբար հայերէնը դեռ կենդանի էր՝ Հայկական լեռնաշխարհի վրայ կը լսուէին «փոխարկումն ի մոխիր», «ի մոխիր եւ յաճիւն դարձուցանել», «ապաշխարել մոխրով» եւ «հուր ծածկեալ ընդ մոխրով» արտայայտութիւնները։
Նարեկացիէն հինգ հարիւր տարի ետք, նոյն լիճի ափերուն վրայ ապրեցաւ մէկ այլ բանաստեղծ՝ Նահապետ Քուչակը, ան, որ իր սրտի խօսքը կ՚ուղղէր դէպի իր լուսադէմ եարին։ Հողեղէն այդ գեղեցկուհիի սիրով այրած աշուղի համար, բնական է, որ մոխիրի արժէք ունենար պանդխտութեան խոստացած հարստութիւնը, եթէ հեռու պիտի մնար եարէն.
Ղարիպն ի յօտար երկիր՝
թէ ոսկի թաթաւ* գայ նորա,
Ի իւր սիրելեացն ի զատ
այն ոսկին մոխիր չարժենայ։
Շնորհիւ ժողովուրդի երեւակայութեան, նոր դարերուն ունեցանք մոխրոտ դարձուածքներ։ (Յարգելի ընթերցող, «մոխրոտ» ածականը պէտք չէ շփոթել նոյնանուն հեքիաթի հերոսուհիի հետ, որ բուխերիկի մօտ, մոխիրով լեցուած արկղի վրայ նստած կը հանգստանար ու այդ պատճառով ալ երկու խորթ քոյրերուն կողմէ անուանուած էր «Մոխրոտ»)։ Ահա քանի մը դարձուածք. «մոխիրս գլուխիդ», «մոխիր դառնալ», «մոխիրը քամիին տալ» եւ «մոխիրի վրայ նստիլ կամ՝ նստեցնել», այսինքն թշուառացնել եւ ոչնչացնել։ Բնական է, որ հայերէնը ունենար նաեւ մոխրաթաթախ բառեր, ինչպէս՝ մոխրաթաւալ, մոխրալից, մոխրամած, մոխրաջուր, մոխրաշունչ, մոխրանոց եւ մոխրատուն։ Հայկական մատենագրութեան էջերուն մէջ կան նաեւ «մոխրամորթ դեւեր», «մոխրաշունչ մոգեր» եւ «մոխրասէր մոլութիւններ»։ Ինչո՞ւ զարմանալ, որ մեր երկիրը ունենար նաեւ Մոխրաթաղ մը, Մոխրաբլուր մը, Մոխրաշէն մը, Մոխրաբերդ մը, ինչպէս նաեւ Վերին եւ Ներքին Մոխրակոյտեր։ Առաջինը գիւղ է Արցախի մէջ։ Մոխրաբլուրը հնավայր է Էջմիածնի մօտ, ուր կը շարունակեն պեղումներ կատարել։ Իսկ մնացածները, Պատմական Հայաստանի բնակավայրեր են եղած, որոնք հարիւր տարի առաջ մոխրացեր են, մնացեր է անոնց յիշատակը… Մոխրաշէնը 20 տուն գիւղ է եղած Կարնոյ մէջ, Ճորոխի աւազանին, Մոխրաշէն գետի ափին։ Զոյգ Մոխրակոյտերը Կարնոյ Կիսկիմ գաւառակի մէջ, Խոտորջուրի գիւղախումբին պատկանող գիւղեր էին։ 451 թուականին, Վարդանանց պատերազմի ժամանակ պարսիկները հասեր են այնտեղ, այրեր են գիւղը, որմէ յետոյ բնակավայրը կոչուեր է Մոխրակոյտ**։ Մոխրաբերդը 105 տուն գիւղ էր Վանայ լիճի հարաւային ափին (այժմ՝ թրք.՝ GՓrՖndՖ, քրտ.՝ Mɪrxapռt), Ախ Թամար կղզիի դիմաց, որ ունէր Մոխրաբերդի վանքը եւ Մոխրաբերդ բերդը։ Անոնց մէջէն հոսելով լիճ կը թափուէր Մոխրաբերդ գետակը։ Բոլորը այդպէս են անուանուած, քանզի, ըստ աւանդութեան, Սահակ Պարթեւի անէծքով աւերուած ու հրկիզուած ատրուշանի մոխիրներու վրայ կառուցուեր է։
1909 թուականին հայոց մայրենին ողբաձայն երգի մը ականջալուր եղաւ, թէ մէկ այլ բնակավայրը մոխիր դարձեր է. «Պարապ է աւաղ հարուստ Ատանան, մոխիր է դարձեր ամբողջ Կիլիկիան»։ Նոյն օրերուն Սիամանթոյին պիտի հասնէր գոյժ մը, թէ իր ծննդավայրը՝ Ակն քաղաքը մոխիր դարձեր է ու բանաստեղծը գրի պիտի առնէր «Ափ Մը Մոխիր Հայրենի Տուն» եղերերգութիւնը։ Իսկ Ռուբէն Սեւակը պիտի մոխրացած սրտի խօսքը երգէր. «Մոխրապատ դաշտի մէջ անթիւ ոսկրեր կը բարձրանային՝ դարերով դիզուած… Պատմութի՞ւնն իրենց։ Մոխրապատ վանքեր, աւերներ ճերմակ…»։ Այդ օրերուն հայ տպարանէն լոյս կը տեսնէին մոխրացած վերնագիրներով գիրքեր. «Մի կաթիլ արտօսր զոր կը հեղու հայ մոխիրին վերայ», Կ. Պոլիս, 1879, «Այրած քնար մը Բինկեանի մոխիրներուն վրայ», Կ. Պոլիս, 1909, «Մոխիրների տակից», Թիֆլիս, 1910։ Յիսուն տարի ետք Պարոյր Սեւակը «մոխիր» բառով պիտի պարփակէր հայոց ամբողջ պատմութիւնը. «Գիտենք մոխրանալ որպէս վառ կերոն»։ Սեւակը, հաւանաբար իր աչքերը մոխրամանի մը սեւեռած, պիտի շարունակէր գրել.
Եւ աջից նայում՝
Տեսնում եմ հրդեհ,
Ձախից եմ նայում՝
Տեսնում եմ մոխիր։
Բայց, յարգելի ընթերցող, օրեր եղան, եւ հայ ոգին, հրաշալիօրէն եւ շնորհիւ իր քնարերգակ զաւակներուն, ցոյց տուաւ, թէ իր մոխիրներէն կրնայ յարութիւն առնել։ Օրեր եղան որ, մահաշունչ այդ բառը դարձաւ բարի ու յաղթահարեց մահուան։ Գալ շաբաթ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՚ս Չարենցն ու Կոմիտաս վարդապետը, Դուրեանն ու Տէրեանը, եւ նոյնիսկ Պարոյր Սեւակը մեր մոխիրներու մէջ գտան յաւերժութիւնն եւ սէրը։
* Հազուագիւտ բառ- Տեղատարափ անձրեւ
** 1917 թուականին Նոր-Նախիջեւանի մէջ Սերովբէ Աւագեանի տպարանէն լոյս տեսաւ 13 էջնոց գրքոյկ մը- «Ծրագիր միութեան յօգուտ Խոտրջրոյ եւ Մոխրակոյտի աքսորեալներու ազատման»։
Պատմութիւնը կը շարունակէ մխալ…
Զգոյշ պէտք է քալել հայկական մոխիրներու վրայ… Անտեղի քրքրե՞լ զանոնք՝ սրբապղծութիւն է, քանզի դեռ կը մխայ այդ սպիտակ վերմակին տակ հանգչածներուն յիշատակը։ Հետեւեալը՝ «մոխիր» բառի դեռ մխացող պատմութիւնն է։
Յարգելի ընթերցող, 5-րդ դարէն մինչեւ Սիամանթօ եւ մինչեւ Պարոյր Սեւակ, հայ ողբերգակներ «մոխիր» բառով է, որ նկարագրեր էին հայոց դատարկ ու խաւար շէները, երբ մոխրադէմ ասպատակողներ, վայրենի աղաղակներով մեր լեռնաշխարհը կը դարձնէին, Յովհաննէս Թումանեանի խօսքով՝ «մշտական սեւ ու սուգի մի հովիտ» ու մեզի կը մնային «խեղճ ու լալկան երգեր»։ Այդ օրերուն Վահան Տէրեանը իր գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ առած պիտի հառաչէր. «… Մոխիր երկիրս»։ Հայրենիքի սրտաճմլիկ պատկերները նկարագրելու համար մեր գրիչներուն անշուշտ պէտք էին բազմապիսի ածականներ։ Ուստի «մոխիր» երկվանկը, գիտակցելով տեղի եւ ժամանակի անհրաժեշտութիւնը՝ դարձեր էր «մոխրապատ», «մոխրաթաթախ», «մոխրաթաղ», «մոխրատարած» եւ «մոխրամած»։ Բայց, օրեր եղան ու «մոխիր»ը որպէս սպեղանի՝ ծածկեց մեր վէրքերը, ապա հայ ժողովուրդը իր մոխիրներէն վերածնաւ ու դարձեալ երգեց իր ազատ երգը։ Այն ժամանակ քնարերգակներ մեր պատմութեան մոխիրներուն մէջ գտան յաւերժութիւն եւ սէր։ Կ՚ուզէ՞ք լսել, թէ ինչպէ՛ս կը հնչէր այդ երգերէն մէկը… Ականջ տուէք Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» բանաստեղծութեան ղօղանջին.
Թէ այրուեց էլ, ո՛չ, չի՜ կորչում…
… Ոգին մեր հայութեան
Աւելի ճիշտ՝ չի՜ մոխրանում…
Չի մոխրանում,
Այլ ճախր անում,
Սաւառնում է ոգին հայի։
Կ՚արժէ յիշել նաեւ, թէ նոյն բանաստեղծութեան մէջ ներկայ էր նաեւ Յովհաննէս Թումանեանը, ներկայացուած որպէս՝ «մոխրակալած հոգի»։
Երբ շատեր կը կարծէին, թէ հուր է պէտք մոխիր դառնալու համար եւ փայտն է որ միայն կ՚այրի, Թիֆլիսի մէջ այրեցաւ՝ սիրտ մը- Սայաթ-Նովան էր ան։ Եղիշէ Չարենցի «Երազ Տեսայ» բանաստեղծութեան մէջ Սայաթ Նովան, սազը ձեռին, կը մօտենայ Չարենցին ու կ՚ըսէ. «Սիրտս վառուեց, մոխիր դարձաւ»։ Մեր քնարերգութեան մէջ քիչ չեն այրած սիրտերը։ Այրեր է նաեւ Կովկասէն վեր, մոգական Ջաւախքի մէջ, Փարուանայ լիճի ափին ծնած Վահան Տէրեանի սիրտը։ Խաղաղ օրերուն, բանաստեղծի մտքէն բռնկած են թախծոտ տողիկներ. «Այրի՛ր սիրտս, թող լինի այնտեղ աւեր ու մոխիր», «Մոխիր է հիմա իմ հոգում անոյշ երազների տեղ»։ Երբ կարօտած սրտի մոխիրներ են ամէնուր, ինչպէ՞ս անտարբեր մնար կիւմրեցի աշուղ Ճիւանին.
Կռունկ, թէ դու գնաս դէպ մեր երկիրը,
Աստուած սիրես, իմ ծնողաց բարեւ տար.
Պաշտելի են նրա հողն ու մոխիրը։
Իսկ Պետրոս Դուրեանը Պոլսոյ գեղադալար բլրակէ մը Պոսֆորը դիտելով հեծեծեր է հիւծած երկու խօսք. «Երազներու մոխրակոյտ» եւ «Մոխիր դարձան երազներս»։ Քառորդ դար անց՝ Կոմիտաս վարդապետը, չես գիտեր հայրենի ո՛ր գիւղի մէջ, բայց անկասկած լուսնակ մէկ գիշեր ծիրանի ծառի մը ստուերի տակ նստած, պիտի դիտէր անցնող-գացող ամպերը ու պիտի ըսէր՝ «… մոխիր ամպեր ժիր եկան դալուկ-դալուկ»։ Մինչ թատրերգակ Լեւոն Շանթը, որուն կենսագրական քարտէզը կ՚ընդարձակուի Պոլիսէն Լայփցիկ եւ Էջմիածինէն Թիֆլիս, նոր դեր մը պիտի տար «մոխիր»ին ու 1911 թուականին բեմ պիտի հանէր զայն. «Հին Աստուածներ» թատերախաղն է։ Սեւանի վանքի վանահայրը երկընտրանքի մէջ է։ Անոր սիրտը այրեր է երկու Մարիամներէն- Մարիամ իշխանուհիէն եւ Մարիամ Աստուածածինէն։ Կը գերակշռէ հոգեւոր կոչումը ու վանահայրը հողեղէն Մարիամին ու աշխարհիկ բոլոր կայծերուն հրաժեշտ կու տայ, ըսելով՝ «Ի՞նչ միտք ունի այդ հին ու մարած մոխիրը խառնելը»։ Թատերական այս փորձառութենէն ետք, բառը ի՚նքը թատերախաղ դարձաւ։ 1936 թուկանին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Վահան Թոթովենցի «Մոխրակոյտ»ը։ Ասիկա այն 1936-ն էր, երբ Թոթովենցը եւ իր հայրենասէր գրչընկերները զոհ գացին ստալինեան հալածանքներուն, ապա մոխրացան կա՚մ հեռաւոր երկրամասերու եւ կամ՝ Երեւանի բանտին մէջ։
Բայց, բառը յամառօրէն ուզեց կեանք պարունակել իր մէջ ու չկորսնցնել աւիշը։ Ան յաջողեցաւ բուսաբանական բառարաններ մտնել որպէս հայրենի դաշտերը զարդարող երկու ծաղկանուն՝ «մոխրածաղիկ» եւ «մոխրամոլոր»։ Իսկ Սվետիոյ մէջ (Մուսա լեռ) «մոխիր» բառը դարձաւ ժողովրդական դարձուածք- «Սուրբ Սարգիսի մոխիր», որ կը նշանակէ «հազուագիւտ բան»։
Իսկ, յարգելի ընթերցող, դուք կրնայի՞ք երեւակայել, թէ օր մը մոխիրը կրնար ծննդաբերութեան օժանդակ միջոց եւ դեղ դառնալ։ Երուանդ Լալայեանի վկայութեամբ՝ այո։ Թիֆլիսահայ ազգագրագէտը ականատես եղեր է, թէ Գանձակի մէջ կը շինեն «մոխրաջուր»։ Մոխիրը ջուրի մէջ կը լուծեն ու կը խմցնեն ծննդկան կնոջ, որպէսզի ան հեշտութեամբ ազատուի, կու տան հիւանդին, որ առողջանայ եւ կու տան հաւերուն, որ յաճախ հաւկիթ ածեն։ Տարօնի ժողովուրդն ալ ունեցեր է մէկ այլ «մոխրածին» հաւատալիք՝ «Կաղ դեւը»… Ըստ աւանդութեան Գրիգոր Լուսաւորիչը ջորիի վրայ դրեր է Յովհաննէս Մկրտիչի մարմինը ու բերեր է Մշոյ դաշտի Քարկէ լեռը։ Այնտեղ, ուր ջորին նստեր է, Լուսաւորիչը սկսեր է վանքը կառուցել։ Բայց դեւերը ամէն գիշեր քանդեր են անոր շինածը։ Լուսաւորիչը դեւերը բռներ, դրեր է վանքի, «զնտանը»։ Դեւերէն կաղը սուրբէն ազատութիւն խնդրեր է, խոստանալով, մինչեւ աշխարհի վերջը վանքի կրակարաններուն մոխիրը մաքրել ու թափել Պաթման գետի կամուրջէն վար։ Ժողովուրդը կը պատմէ, թէ այդ մոխիրներէն գոյացեր է գետեզրի մոխրագոյն հողակոյտը։
Մէկ այլ այրած սիրտը Շիրազն էր։ Ըստ անոր կտակին, աճիւնները, եօթը բուռ մոխիր, պէտք էր տանիլ Հայաստանի եօթը անկիւնները։ «… Սրտիս մոխրի չորրորդ բուռը տարէ՛ք ծովակն իմ Վանայ… Վեցերորդ բուռն իմ մոխիրի, դուք շաղ տուէք հազարագանձ աւերակում Անիիս, որ մոխիրս շաղախ դառնայ… Եօթներորդ բուռն իմ մոխիրի… լցրէ՛ք աչքը կոյր մարդկութեան, որ իմ վիշտը չէր կիսում»։
Հիմա խաղաղ օրեր են։ Եւ գեղեցիկ է լսել, թէ հայրենի նոր ձայն մը, Լիլիթ Յովհաննիսեանը, «Ես եմ յօրինել» երգի մէջ «մոխիր»ը կը վերադարձնէ, հայկական երգարուեստին՝ իր աւանդական պատկերով։ Լսելով այդ երգը, բոլորս ալ մաղթենք, թէ բառը միշտ մնար երգերէն ներս.
Աչքերումս ծով արցունք ու ցաւ,
սէրը իմ մոխիր դարձաւ։
Իմ սէրը ես եմ, ես եմ յօրինել,
Դու ինձ երբեք էլ չես սիրել։


