
Գարուն է: Բնութիւնը կը զարթնի: Կը զարթնին նաեւ մարդոց զգացումները՝ միաձուլուելու համար բնութեան գեղեցկութեան հետ: Գարնան լաւագոյն պաստառը ծիածանն է: Ո՜վ չի հրճուիր ի տես անոր զարթնումին ու գեղեցկութեան, երբ թափթփող անձրեւներէն ետք՝ կու գայ կամրջելու երկինքն ու երկիրը: Գարունը բնութեան մէջ որքա՜ն գեղեցիկ է, նոյնքան եւ տպաւորիչ է, երբ զայն կ’ըմբոշխնես գեղարուեստական բարձրաճաշակ բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն: Բնութեան մասին երգած են մեծ թիւով բանաստեղծներ, որոնցմէ (արագ ակնարկով մը) կ’առանձնացնեմ Միսաք Մեծարենցի անունը, որ յայտնի է, առաւելաբար, որպէս բնութեան, սիրոյ, ցաւի եւ երազներու երգիչ: Բնութեան հանդէպ զօրաւոր սէր եւ կապուածութիւն ցուցաբերած բանաստեղծը այնքան մանրամասնօրէն կը մեկնէ գիշերը, արեւը, լուսինը, թուփը, ծաղիկը, որ բնութիւնը կը շնչաւորուի իր գրիչին տակ ու կ’ըլլայ անոր ապրումներուն արտայայտիչը:
Մեծարենցի «Ծիածան»ը կը կամրջէ բանաստեղծի հոգին ընթերցողի սրտին հետ եւ անկարելի կ’ըլլայ ընթերցել զայն առանց անոր ապրումներուն մասնակիցը դառնալու: Սոյն հատորը լոյս տեսած է 1907-ին Արամ Անտոնեանի յառաջաբանով, որուն մէջ Անտոնեան յիշատակած է. «Ահաւասիկ պատանի մը որ իր արփեգնաց էութեան խռովանքն ու ըղձանքները կ’երգէ բուռ մը տաղերու մէջ….. որ ինծի կը թուի, թէ գարնան աղուոր առտու մը արեւին զարթնումին հանդիսատեսը կ’ըլլամ…»: (Մ.Մ. Բանաստեղծութիւններ, Վենիտիկ, Ս. Ղազար 1959, էջ 15):
Մեծարենցին համար բնութեան մէջ զինք ներշնչողը ամէն բանէ աւելի իր հայրենի գիւղի գեղեցկութիւնն է: Ան ծնած է 1886ին Ակնայ գաւառի Բինկեան գիւղը: Թէեւ պայմաններու բերումով ընդամէնը ինը տարի միայն ծննդավայրին մէջ ապրած է, սակայն ան խորապէս տպաւորուած է անով ու՝ ներշնչուած: Մեծարենցի քրոջը ամուսնոյն ուղղուած իր նամակին մէջ կը կարդանք. «Գիւղին տեսարանները իմ մեծագոյն ներշնչարանս կը կազմեն…. Անշիջելի բաղձանքս եղած է վերստին տեսնել ու ապրիլ գիւղիս ծոցը՝ նորոգուիլ իր տեսարաններուն ու գեղեցկութիւններուն աւիշով…» (Կարինէ Առաքելեան, Միսաք Մեծարենց, Պէյրութ, 2008, էջ 19):
«Ծիածան»ին մէջ բնութիւնը գինովնալ ու տխրիլ գիտէ, ինչպէս նաեւ երազել ու տենչալ:
Ուռենինե՜ր, լացէ՜ք, լացէ՜ք անդադրում,
Արտասուքնիդ շիթ շիթ հոգիս կ’արծաթէ»:
(Ուռենիներու շուքին տակ)
Մեծարանցի «Ծիածան»ը կարդալով տպաւորուեցայ բանաստեղծին ստեղծած հակադրութիւններով: Հոն անընդհատ անցում կայ գիշերէ այգաբաց, խաւարէ լոյս, մթութենէ բացայայտում եւ յուսահատութենէ դէպի կայծկլտուն յոյս:
Ի՞նչ է գիշերը Մեծարենցի համար: Գիշերուան նկարագրութեան մէջ եւս բանաստեղծին հակասական ոճը առկայ է: Գիշերը մերթ սիրային ամէնէն նուրբ զգացումներու արտայայտիչն է, ուր բանաստեղծին «սէրը կը վերածաղկի»՝ «գիշերն անո՜ւշ է ու հեշտագին», ուստի դիմելով գիշերուան բանաստեղծը կը տենչայ. «Համբոյրիդ գիշե՜ր, պատուհանս է բաց, թո՛ղ որ լիառատ ծծեմ՝ հեշտագին»: Գիշերը մերթ կը կերպարանափոխուի ու կը դառնայ չիրականացած յուշերու մեկնաբան ու տխուր զգացումներով կը համակէ թոքախտաւոր բանաստեղծը: «Անուշ գիշեր»ը, այժմ, կը վերածուի խաւարի ու ան կրկին «ցաւոտ սիրոյ հարուածը» կ’ապրի, ուր կ’անհետի երազանքը եւ ան կը դադրի «սէրերու շուրջ թափառելէ»:
Մթութեան մէջ վհուկի մը պէս թախծադէմ,
Ցաւոտ Սիրոյ հարուածն է, որ կ’իջնէ կուրծքիս.
Ու տենչանքի ծիրանիէն հրաշէկ հոգիս
Դեռ կ’ընդգրկէ յիշատակներ՝ զորըս կ’ատեմ…»:
(Նոպաներ)
Կ’ուզեմ ընդգծել հոս ատել բայը, որ շատ սակաւաթիւ գործածուող բայ մըն է Մեծարենցին քով, ի դէմս իր բանաստեղծութիւններուն մէջ սէր արտայայտուող բազմատեսակ բառերուն: Ատելութիւնը կը ծնի բանաստեղծին մօտ սիրոյ ծայրայեղ զգացումին որպէս արդիւնք, որովհետեւ ան անհասանելիութենէն կը տառապի: Այնքան կը սիրէ՝ որ կ’ատէ, որովհետեւ հիւանդ բանաստեղծին համար «հոգին չի կրնար հուր տալ» պիտի ըսէր Մատթէոս Զարիֆեանը այս պարագային: Սէրն ու ատելութիւնը այնքան մօտ զգացումներ են, որ անցումը այդքան ալ դժուար չ’ըլլար բանաստեղծին համար ու ան կը տատանի մէկ այս մէկ այն զգացումով:
Այնուամենայնիւ, բանաստեղծը վստահ է, որ կու գան իր «անջրածին լուսամէջ» կոյսերը եւ սիրով կը պարուրեն զինք կրկին: Եւ գիշերը այս անգամ սիրոյ սպասումի լաւագոյն արտայայտիչը կը դառնայ. պիտի գան կոյսերը ու յաւէտ պիտի շողշողան տրոփումներովը բանաստեղծի սրտին: Սակայն երկա՜ր սպասումէ ետք, գիշերէն պարտասած բանաստեղծը իր յոյսը կը կապէ «լոյսի բիծեր»ուն, որոնք պիտի գան իր հոգւոյն խորքը գտնուող «հոլանի ծով»ը թրթռացնելու: Մեծարենցը կ’անսայ արեւին՝ ամոքիչ ուժ գտնելով անոր մէջ:
Զգացում մը բիւրեղէ
Ծիածանի երանգով
Ցաւոտ հոգւոյս մութին քով
Լոյս ակոսներ կը պեղէ
(Թրթռումներ)
Արեւը ժողովրդական հաւատալիքին մէջ կեանք է: «Արեւիդ մեռնիմ» կ’ըսէ ժողովուրդը: Արեւը խորհրդանիշն է բարութեան, սիրոյ, կենդանութեան, կրակի եւ ուժի: Եւ ահա խորհրդապաշտ բանաստեղծին համար կենսատու արեւը ողորմած է նաեւ, ուստի անձնաւորելով զայն կը դիմէ անոր.
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜արեւ, շողա՜, շողա՜…
Հոգիս թռչնիկ մըն է,
Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ…
(Արեւին)
Եթէ թոքախտաւոր Պետրոս Դուրեան իր բախտը կ’անիծէր մերթ պոռթկումով, մերթ զղջումով, մերթ կարեկցանքի ակնկալիքով, Մեծարենցի պարագային այդպէս չ’արտայայտուիր ցաւը: Բանաստեղծը իր մխիթարանքը բնութեան մէջ կը փնտռէ՝ ձգտելով նոյնիսկ անանձնական երջանկութեան:
Ես կը փնտռե՜մ
Հորիզոնին վրայ նսեմ,
Լոյսի շող մը, զոր կը մարեն անդուլ վարանքն ու կասկած.
Ես կը սպասեմ յորդ ու վճիտ լոյսերուն՝
Որոնց բոցը պիտի ցոլայ անծիր ցայգուն մէջ հոգւոյս:
(Երազի պահեր)
Լոյսը մաքուր է, նո՛ր սկիզբ ու փրկութիւն, ժողովուրդը կը հաւատայ անոր պարգեւած խաղաղութեան. թող «Լոյս իջնէ շիրիմին» կ’ըսեն՝ ննջեցեալ հոգիներուն խաղաղութեան համար իրենց արտասանած աղօթքին մէջ: Ու խաղաղութիւն խորհրդանշող այս լոյսը ապահովութիւն կը պարգեւէ նաեւ «արեւին բոցը ըմպող» բանաստեղծին:
Մեծարենցի այս տողերը թեւեր կու տան հոգւոյս, ու Նիկողոս Սարաֆեանի խօսքով՝ «յուսահատութիւնս կ’աճի մինչեւ յոյս եւ հպարտութիւն», որովհետեւ հոգւոյն գարունը մարել չուզող բանաստեղծը տեսնել կու տայ մեզի մեր շուրջի գեղեցկութիւնները, որպէսզի վայելենք զանոնք ու մեր սպասման երկարաձիգ ճիգին մէջ ծիածանենք մեր հոգիները ակնթարթի երջանկութեամբ: