«Միշտ Ալ Յայտարարած Ենք, Որ Կը Ձգտինք Խաղաղութիւնը Պահպանել…» Յայտնեց Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Օհանեան

0 0
Read Time:54 Second

p3 seyran

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնեց, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է, լարուածութեան աստիճանը նուազած է եւ հայկական զինուած ուժերը ատակ են ամբողջութեամբ վերահսկելու եւ պահպանելու երկրին անվտանգութիւնը: Նշենք թէ, Հայաստանի զինուած ուժերու սահմանապահ ստորաբաժանումները պատասխանած էին ազերի կրակոցներուն, միջպետական մայրուղիի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի հատուածին վրայ,Նոյեմբեր 5ի պատահարէն ետք, ուր զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք վնասուած է արտասահմանեան մեծ բեռնատար մը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ տեղին է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը անհասցէ գնահատականներ տայ սահմանային խախտումներուն վերաբերեալ` նախարար Օհանեան պատասխանեց.-
«Հայաստան լիովին կը վստահի համանախագահներուն եւ կը հաւատայ, որ առանց Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կատարած աշխատանքին, թէկուզ յարաբերական խաղաղութեան պայմաններուն մէջ, չէինք կարենար զինադադարի պահպանում իրականացնել: Բայց կը կարծեմ, որ կու գայ այն պահը, յատկապէս համանախագահներուն կողմէ թիրախաւորուած գնահատական կը տրուի այն կողմին, որ խախտում կատարած է: Մենք կը ձգտինք խաղաղութիւնը պահպանել եւ բազմիցս այդ մասին յայտարարած ենք: Նոյնիսկ միակողմանի վստահութեան մթնոլորտի մեքանիզմներու ներդրման ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք տարած ենք: Չկրակել, չպատասխանել, միակողմանի հետաքննութիւններ կը կատարենք, բայց… Տայ Աստուած, որ գայ այն պահը, երբ վստահութեան մեքանիզմները ձեւաւորուին երկխօսութեան եւ փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններու շնորհիւ»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles