Մեծ Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ Բանակումը

«Արարատի համար` կանգուն» մնալու հաստատակամութեամբ եւ չորս տարի ետք կրկին հանդիպելու խոստումով, շաբաթ, 1 օգոստոսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը իր աւարտին հասաւ փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որ վկան դարձաւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքին նոր յաջողութեան եւ յարատեւ կենսունակութեան:
1978-ին ճամբայ ելած համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու պատմութեան մէջ, անկասկած, 13-րդ բանակումը ունեցաւ իր յատուկ տեղը` լաւ կազմակերպուածութեամբ, նորարար յայտագիրներով եւ տեղեկատուական-քարոզչական մեծ արձագանգով:
Փակման Հանդիսութիւնը
Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ փակման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ շաբաթ, երեկոյեան ժամը 6:15-ին, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ մեծ թիւով ծնողներու:
Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն կատարումէն ետք, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն բանակումի աշխատանքներուն լաւագոյն մասնակցութիւնը ունեցած պատուիրակութիւններուն (ընկերային ցանցեր, ձեռային աշխատանքներ, զարգացման մրցում, ռալի մրցում, մշակութային օր, խարուկահանդէս) եւ սկաուտներուն (ընկերային ցանցերու լաւագոյն սկաուտ, տիպար սկաուտ):
Յաջորդեց յուշանուէրներու փոխանակումը պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն միջեւ: Յուշանուէրներ տրուեցան նաեւ բանակումին յաջողութեան նպաստած անձնակազմին (բժիշկներ, ընկերային ցանցերու խմբակ, նշանակի, երգի եւ յուշանուէրներու հեղինակներ, «Կինես» մրցանիշի արձանագրութեան վկաներ, դասախօսներ, արուեստի աշխատանք կատարողներ, Կեդրոնական վարչութեան գործավարութիւն, բանակումի օժանդակներ, գործադիր մարմինի անդամներ, հերթապահ եւ բանակումի խմբապետական կազմ):
Այնուհետեւ, հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ռուբէն Նալպանտեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեան:
Ռուբէն Նալպանտեան յայտնեց, որ բանակումին նպատակը 900 սկաուտներ քով-քովի բերել, իրարու ծանօթացնել եւ ՀՄԸՄ-ական կապերը ամրապնդել էր: Աւարտին, կարելի է հաստատել, որ բանակումը լիովին իրագործեց իր առաջադրած նպատակը եւ աւելին` աննախընթաց յաջողութիւն արձանագրեց Արագածի գագաթ մեծաթիւ այցելութեամբ եւ համաշխարհային սկաուտական մրցանիշի արձանագրութեամբ: Այս առիթով, ընդհանուր խմբապետը հաստատեց. «Մեր նպատակը միայն Արարատը չէ: Մեր նպատակը Եռագոյնը բարձրացնել է արեւելքէն արեւմուտք` Գանձասարէն մինչեւ Աղթամար կղզի, եւ վերականգնել մեր բոլոր իրաւունքները»:
Վահէ Թանաշեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումին յաջողութեան նպաստած խմբապետական կազմին եւ գործադիր մարմինի խմբապետներուն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին եւ օժանդակ կազմին, շրջաններու խմբապետներուն եւ բանակումին մասնակցած սկաուտներուն, որոնք ՀՄԸՄ-ականի վայել համագործակցութեան ոգիով աշխատեցան եւ ծառայեցին` իրենց բոլոր գիտելիքներն ու փորձառութիւնները ի սպաս դնելով համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին յաջողութեան:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը հիմնուած է երեք անսասան արժէքներու վրայ` ազգային ոգի, եղբայրասիրութիւն եւ կարգապահութիւն: Այս երեքը միայն գաղափարներ չեն, այլ նաեւ կեանքի ուղեցոյցներ են, որոնք պէտք է արտայայտուին միութենական կեանքին եւ առօրեային մէջ: Ապա, այդ արժէքներէն իւրաքանչիւրին մասին խօսելով, Թանաշեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այս բանակումին մենք բոլորս միայն յիշատակներ չկերտեցինք, այլեւ` բնաւորութիւն: Միայն բարեկամութիւններ չստեղծեցինք, այլեւ` եղբայրութիւն: Միայն փորձառութիւն չստացանք, այլեւ` նոր պատասխանատուութիւններ ստանձնեցինք:
«Հետեւաբար,- շարունակեց ան,- մեր շրջանները վերադառնալով` մեզմէ իւրաքանչիւրս թող այս բանակումին լոյսը տանի իր մասնաճիւղը: ՀՄԸՄ-ի իսկական արժէքը չի չափուիր միայն բանակումներու, մրցումներու կամ հանդիսութիւններու յաջողութեամբ, այլ այն ծառայութեամբ, զոր ՀՄԸՄ-ականը ամբողջ կեանքին ընթացքին կը մատուցէ իր ժողովուրդին: Ուրեմն, մեր ազգային ոգին թող վերածուի ծառայութեան, մեր եղբայրասիրութիւնը` միասնութեան, իսկ մեր կարգապահութիւնը` օրինակելի կեանքի: Միայն այդպէս պիտի արժեւորենք այս բանակումին բոլոր դասերը եւ պիտի շարունակենք կերտել աւելի հզօր ՀՄԸՄ եւ աւելի հզօր հայութիւն», շեշտեց ան:
Խօսքերէն ետք վար առնուեցան 9 օր բանակավայրին մէջ ծածանած դրօշները, եւ բանակումին դրօշը պաշտօնական արարողութեամբ մը յանձնուեցաւ բանակումի ընդհանուր խմբապետին:
Հանդիսութիւնն ու բանակումը փակուեցան բանակումի եւ ցտեսութեան երգերով` բոլորը միասնաբար մէկ մեծ շղթայ կազմած, ազգային միասնականութեան եւ ՀՄԸՄ-ական գօտեպնդումի գեղեցկագոյն պատկերով:
Փակման Խրախճանքը
Փակման հանդիսութեան յաջորդեց կիրակի, 2 օգոստոսին կազմակերպուած խրախճանքը` Երեւանի «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ, որ համախմբեց բանակող սկաուտներն ու ՀՄԸՄ-ի բարեկամները, աւելի քան 1000 մասնակիցներ: Երեկոն խանդավառեցին երգիչներ Աբօ Սահակեան եւ Եսայի Ալթունեան:
Խրախճանքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Վիգէն Աւագեան: Ան շնորհաւորեց ներկաները ՀՄԸՄ-ի նորագոյն յաջողութեան համար եւ նշեց, որ արձանագրուած յաջողութիւնը կը պարտաւորեցնէ, որ այսուհետեւ համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկները ըլլան նոյնքան եւ աւելի յաջող: «Մեր ժողովուրդը կարօտը ունի յաջողութիւններու, յաղթանակներու,- շեշտեց ան,- եւ ի զուր չէ, որ տագնապի պահերուն ՀՄԸՄ-ը, իբրեւ յոյսի փարոս, լաւատեսութիւն եւ հայրենասիրութիւն կը սփռէ իր շրջապատին: ՀՄԸՄ-ը կը հանդիսանայ ազգային վերականգնումի եւ հաւաքական ուժականութեան աղբիւր: ՀՄԸՄ-ը յաջողութիւններու բերկրանքը եւ յաղթանակներու հպարտութիւնը կու տայ իր ժողովուրդին: Այսօր, ընդհանուր յուսալքութեան, անտարբերութեան եւ ապազգայնացման պայմաններու մէջ, նման յաջողութեամբ եւ սքանչելի նման երիտասարդութեամբ, ՀՄԸՄ-ը անգամ մը եւս աշխարհին կը պատգամէ, որ հայութիւնը իր ճակատագիրին լքուած չէ, ընկրկումներու եւ պարտութիւններու հետ հաշտուած չէ, այնքան ատեն որ ան կը պատրաստէ «Արարատի համար` կանգուն» սերունդներ, ամբողջական հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին համար գործող միութենականներ, որոնք միշտ պատրաստ են իրենց առօրեայէն վեր բարձրանալու եւ իրենց հետ նաեւ իրենց ժողովուրդը բարձրացնելու ազգային ընդհանրական նպատակներու եւ հաւաքական տենչերու իրականացման պատուանդանին վրայ:
Բանակավայրէն Դուրս
Իննօրեայ բանակումը ունեցաւ ներքին ու արտաքին այլազան յայտագիրներ: Բացման հանդիսութեան յաջորդող օրը` 25 յուլիսին, մասնակիցները իրենց աւանդական տողանցքը կատարեցին Երեւանի մէջ: Նոյն օրը անոնք այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած մեր զոհերուն եւ Արցախեան պատերազմներու նահատակներուն:
Երկուշաբթի, 27 յուլիսին, բանակողները բարձրացան Արագած լեռ եւ գագաթի նուաճման ՀՄԸՄ-ական մրցանիշ մը հաստատեցին` 600 սկաուտներու լեռնագնացութեան մասնակցութեամբ: Նոյն օրը, այլ խումբ մը այցելեց Սաղմոսավանք եւ Ապարանի տառերու պուրակ:
29 եւ 30 յուլիսին բանակողները երկու մեծ խումբի բաժնուած` այցելեցին Գիւմրի եւ Սեւանայ լիճ: Գիւմրի այցելողները խաղացին քաղաքին ծանօթացման խաղը (City hunt), մինչ Սեւանայ լիճ մեկնողները ընկերային հաճելի պահեր անցուցին Սեւանի լճափը: Այցելեցին թերակղզի եւ ծանօթացան տեղւոյն դարաւոր եկեղեցւոյ եւ անոր պատմութեան:
Հինգշաբթի, 30 յուլիսին, բանակողներէն 350 հոգինոց պատուիրակութիւն մը այցելեց Սուրբ Էջմիածին, ուր դիմաւորուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ: Տեղի ունեցաւ խօսքերու փոխանակում: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան պատուիրակութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրը, որ իր կարգին օրհնութեան խօսք արտասանեց աշխարհի 26 երկիրներէն ժամանած սկաուտներուն:
Նոյն օրը, բանակողներու այլ խումբ մը Աշտարակի գիւղերուն մէջ կատարեց ռալի-արշաւ` մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով շրջանի բնակիչներուն մօտ:
Բանակավայրին Մէջ
Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը յատկանշուեցաւ սկաուտական եւ դաստիարակչական հարուստ յայտագիրներով: Երեկոներուն մասնակից պատուիրակութիւններուն կողմէ կազմակերպուած խարուկահանդէսները ստեղծեցին ընկերային յիշատակելի պահեեր: Երկուշաբթի, 27 յուլիսի երեկոյեան բանակողները յատուկ ձեռնարկով մը նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ: Խմբապետական կազմին խօսքը արտասանեց բանակումի փոխընդհանուր խմբապետ Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան, իսկ բանակողներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մուրատ Թոփալեան: Յայտագիրին յաջորդեց ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյ` երգիչ Սուրէն Աճէմեանի կատարողութեամբ:
Բանակումին երրորդ օրը` կիրակի, 26 յուլիսին, յատկացուեցաւ սկաուտական խաղերու (Camp olympics) եւ զարգացման մրցումի: Հինգերորդ օրը` 28 յուլիսին, տեղի ունեցաւ պատմական իրագործումը` սկաուտներով աշխարհի մեծագոյն Շուշանածաղիկի կազմութիւնը, ինչ որ հաստատեց համաշխարհային նոր մրցանիշ եւ մուտք գործեց մրցանիշներու «Կինես» գիրք: Նոյն օրը յետմիջօրէին կազմակերպուեցաւ բազմամշակութային օր, ուր պատուիրակութիւններ յատուկ տաղաւարներով ներկայացուցին իրենց երկիրներու մշակոյթը, տարազն ու ուտելիքները: Բազմամշակութային օրուան մասնակցեցան յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» պատանիներն ու երիտասարդները:
Եօթներորդ օրը տրամադրուեցաւ հայկական արուեստներու: ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամներ բանակողներուն ներկայացուցին հայկական ասեղնագործութիւնը, մաքրամէն, ուտեստը (Արցախի «ժենկալով հացը» եւ աւանդական լաւաշը), կարպետագործութիւնը, թռչնագիր անուանատառեր գրելու արուեստը եւ ընկոյզի վրայ սարդակար (Սիւնիք-Արցախի յատուկ չարխափան) պատրաստելու վարժութիւնը: Հիւր մասնագէտներ սորվեցուցին նաեւ քանդակագործութիւն, պար եւ ժողովրդային նուագարաններու գործածութիւն:
Բանակողները լսեցին նաեւ դասախօսութիւններ` «Սկաուտութիւնը եւ թուային աշխարհը», «Կեանքի հմտութիւններ» եւ Արցախի հարցին մասին:
Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով: Սկաուտներու յատուկ խմբակ մը ինը օր շարունակ նորութիւններով ողողեց հայ թէ օտար լրատուադաշտը, որ մեծապէս արձագանգեց համաշխարհային մրցանիշի արձանագրութեան, Երեւանի տողանցքին, Արագածի գագաթին մեծաթիւ սկաուտներու նուաճման եւ Ծիծեռնակաբերդ ու Եռաբլուր այցելութիւններուն:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը «Արարատի համար` կանգուն» նշանաբանով անգամ մը եւս հաստատեց, որ 108-ամեայ ՀՄԸՄ-ը կը մնայ սերնդափոխութեան աւանդով տեւաբար ինքզինք վերանորոգող, առողջ ու նորարար միութիւն, որ գիտէ ժամանակին հետ քայլ պահել եւ միութիւնն ու հայութիւնը յաջողութենէ յաջողութիւն եւ մինչեւ… համաշխարհային իրագործում առաջնորդել:

