ՃՇԴՈՒՄ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ՝ «ԱԲԵՂԱՅ» ՕՓԵՐԱՅԻ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան

Հոկտեմբեր 16, 2017ին, ժամը 8:00-ին, Պրուքլինի՝ Պրայթըն Պիիչ շրջանի Մասթըր Թիըթըր արհեստավարժ թատրոնին մէջ, ներկայացուեցաւ Կանաչեանի` «Աբեղայ» օփերան կազմակերպութեամբ՝ «Առաջին անգամ համաշխարհային բեմում» նախագծի համահեղինակ, «Աբեղան» օփերայի գլխաւոր բեմադրիչ, գեղարուսետական ղեկավար՝ Գոշ Սարգսեանի եւ նոյն ծրագրի համահեղինակ, «Աստղիկ» վոկալ երգչախմբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար Մարիա Սահակեանի: Օփերայի երաժշտական ղեկավարն եւ մաէսթրօն էր Քնարիկ Վարդանեան: Պարային բաժինը ստանձնած էր Շուշի պարախումբի հիմնադիր եւ պարուսոյց Սեդա Փասքալեան-Գազանճեան: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Այս գրութիւնը թատերական վերլուծական ակնարկ չէ, ոչ ալ քննարկում: Գրութիւնը կը միտի ճշդում մը կատարել յայտագրին մէջ՝ քանի մը անգամ կրկնուած հետեւեալ սխալ արտայայտութեան՝ «Պրիմիըր Նիւ Եորքի մէջ, առաջին անգամ աշխարհի բեմին վրայ»:
Ըսենք անմիջապէս, որ այս ընդգծուած տողն է սխալը: Կանաչեանի՝ «Աբեղայ» երաժշտական կտորը, համերգային ձեւով եւ ամբողջութեամբ ներկայացուած է Նիւ Եորք քաղաքի նշանաւոր «Թաուն Հօլ» սրահին մէջ, 1948-ին ղեկավարութեամբ Կոմիտասի հոգեւոր սաներէն, Կանաչեանի ընկեր, Հայ Ազգային Երգչախումբի ղեկավար, հայկական երգերու հաւաքող՝ Միհրան Թումաճեանի: Ի դէպ, ձեռնարկը ձայնագրուած է «Թաուն Հօլ»ի անձնակազմին կողմէ:
Տարբերութիւնը 1948-ի եւ 2017 Հոկտեմբեր 17-ի միջեւ այն էր, որ առաջինը համերգային ելոյթ էր, իսկ երկրորդը՝ թատերական բեմադրութիւն: Անկախ այս նշումէն, պէտք է խորապէս գնահատել գլխաւոր բեմադրիչ Գոշ Սարգսեանը, որ փոշիներու տակէն վերականգնեց Կանաչեանի «Աբեղայ» օփերան, որուն մասնակցեցան «Շուշի» Պարախումբի հեզաճկուն պարուհիները, պարուսոյց Սեդա Փասքալեան-Գազանճեանի ցուցմունքներով: Հոգեպարար երեւոյթ էր նաեւ Պրուքլինի Հայկական Վարժարանի 24 աշակերտներու մասնակցութիւնը Մարիա Սահակեանի ղեկավարութեամբ:
Ծրագրողներուն եւ մասնակցողներուն վարձքը կատար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles