Հ.Օ.Մ.-Ը ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ “ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ“ԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

Պոսթըն.- Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ միութեան համահայկական կառոյցի եւ բոլոր միաւորներու ներդրումով, 100,000 ամերիկեան տոլար գոյացուցած է “Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ“ին համար: Յառաջիկայ օրերուն, այս գումարէն մաս մը պիտի փոխանցուի Սուրիահայ Օգնութեան խաչին եւ յետագային մաս առ մաս պիտի կատարուին այլ նիւթական փոխանցումներ:

Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը կը յայտնէ` “Հ.Օ.Մ.-ը առաջին կազմակերպութիւնը եղաւ, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան դիմեց հիմնելով “Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ“ը. օրին յայտարարեցինք, որ գումարը պիտի յատկացուի աշակերտներու կրթաթոշակներու: Հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին ու տարբեր երկիրներու դիմագրաւած ծանր խնդիրներուն, հպարտ ենք որ մեր ընկերուհիները ճիգ թափեցին եւ այս նպատակին համար պատկառելի գումար մը մէջտեղ բերին: Այս առթիւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ միութեան անդամներուն, պատասխանատու մարմիններուն ու բոլոր ազգայիններուն, որոնք ընդառաջեցին Հ.Օ.Մ.-ի կոչին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանգանակութեան“:

Հ.Օ.Մ.-ի համահայկական ընտանիքի ճիգերով գոյացած այս յատկացման տնօրինումը պիտի կատարէ Սուրիահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը` Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, գործակցելով հայ առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութիւններուն հետ:

“Տարբեր առիթներով հարցում ստացանք` ինչո՞ւ յատկապէս դպրոցներուն երբ կասկածելի է անոնց վերաբացումը եւ սուրիահայութիւնը ներկայիս ընկերային այլ կարիքներ կը դիմագրաւէ: Կեդրոնական վարչութիւնը տեղեակ է, որ ի գին որոշ յետաձգումի, դպրոցներու վերաբացման նախապատրաստութիւնները սկսած են եւ անհրաժեշտ քայլերը կ՛առնուին յարմարելու ստեղծուած ցաւալի պայմաններուն: Այս կացութեան մէջ, “Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ“ի նախաձեռնութեամբ Հ.Օ.Մ.-ը միաժամանակ երկու նպատակ կը հետապնդէ.- թէ՛ ծնողներու նիւթական բեռը կը թեթեւցէ, անոնց ուսերէն պատասխանատուութիւն մը վերցնելով, թէ՛ կը սատարէ հայեցի կրթութեան օճախներու պահպանումին, որոնք առանց անհրաժեշտ նիւթական միջոցներուն դժուար թէ իրենց կանոնաւոր գործունէութիւնը շարունակեն“,-կը բացատրէ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ Նայիրի Շահինեանը:

Նկատի ունենալով, որ անցնող օրերուն հիմը դրուեցաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան, որուն մէջ ներառուած են հայկական կրօնական եւ աշխարհիկ բազմաթիւ կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, յետայսու Հ.Օ.Մ.-ը սուրիահայութեան օժանդակութեան իր աշխատանքները պիտի շարունակէ համահայկական այդ նախաձեռնութեան ընդմէջէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles