Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Երիտասարդական Միութեան Անդամները Կ՛այցելեն Արցախ

0 0
Read Time:52 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ֆրանսայի Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ այցելեցին Արցախ, նպատակ ունենալով 2016-ի Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն այցելել եւ նեցուկ կանգնիլ:
Նիւթական օժանդակութեան կողքին, ֆրանսահայ երիտասարդները, ընտանիքներուն փոխանցած են Ալֆորվիլ շրջանի «Սողոմոն Թեհլիրեան» Պատանեկան Միութեան անդամներուն զօրակցութեան նամակը: «Սուրբ նահատակները անձնազոհութեան եւ ազգասիրութեան տիպար են, որոնց պարտական ենք այսօրուայ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան համար», կը նշուի նամակին մէջ: «Նոր Սերունդ» միութեան երիտասարդները նաեւ այցելեցին սահմանը հսկող զինուորներուն: Միութիւնը կազմակերպած է համերգներու շարք մը Փարիզի, Մարսէյի եւ Վալանսի մէջ, եւ հասոյթը տրամադրած Արցախին:
Վարչութեան անդամ Ցոլին Ճինեան կը շեշտէ թէ.- «Ինչ որ կը կատարենք չնչին տոկոսն է հերոսներու կատարածին: Այսպէս, կ՛ուզենք յայտնել թէ, սփիւռքահայը անտարբեր չէ Արցախի մէջ կատարուած դէպքերու նկատմամբ եւ միշտ ալ հայրենիքի կողքին է»:
Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, եւ Արցախի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը ողջունելով Ֆրանսայի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութիւնը, նշեց, որ Արցախը միշտ ալ կը զգայ եւ կը գնահատէ Սփիւռքի աջակցութիւնը: Ֆրանսայի երիտասարդական միութեան անդամները առաջարկեցին աւելի խոր կապեր հաստատել Արցախի հետ` նորանոր ծրագրեր, համատեղ միջոցառումներ իրականացնելու միջոցով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles