
Եւրոպական Ընկերվարվարական Կուսակցութեան (Party of European Socialists, PES) Խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 1-2-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ։ Հ.Յ.Դ. Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ ժողովին մասնակցեցան շուրջ հինգ հարիւր մասնակիցներ՝ պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ եւ գործիչներ։ Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ Խորհուրդի ժողովին մասնակցեցաւ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը։
Ժողովի բնաբանն էր «Յառաջդիմական Եւրոպա՝ վերանորոգում»։ Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի ապագայի, եւ 2019-ին, եւրոպական ընտրութիւններուն համար միասնական թեկնածու ընտրելու միջոցով՝ եւրոպական ժողովրդավարութիւնը զօրացնելու վերաբերեալ հարցեր, առաւ որոշումներ։
Ժողովը նաեւ հաստատեց Եւրոպական Ընկերվարվարական Կուսակցութեան բանաձեւը Թուրքիոյ մասին, ուր կոչ կը կատարուի իշխանութիւններուն ազատ արձակել Եւրոպական Ընկերվարվարական Կուսակցութեան անդամ երկու կուսակցութիւններու (CHP եւ HDP) խորհրդարանի ձերբակալուած պատգամաւորները։
Փակման ելոյթները ունեցան Եւրոպական Ընկերվարվարական Կուսակցութեան նախագահ Սերգէյ Սթանիշեւ (Պուլկարիա, եւրոերեսփոխան) եւ Փորթուկալի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, երկրի վարչապետ Անթոնիօ Քոսթան։ Անոնք անդրադարձան Փորթուկալի ընկերվարական կուսակցութեան սերտ յարաբերութիւններուն՝ Եւրոպայի առաջադիմական կուսակցութիւններրուն հետ եւ ընկերվարականներուն ու ընկերվար-ժողովրդավարներուն վճռակամութեան՝ Եւրոպայի ժողովուրդին համերաշխութիւն եւ ընկերային արդարութիւն տրամադրելու։
1992-ին հիմնուած Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութիւնը կը համախմբէ Եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ։ Եւրոմիութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ։ Եւրոպական Ընկերվարվարական Կուսակցութեան լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական Յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ՝ Յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան և անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոքերինին: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Եւրոպական Ընկերվարվարական Կուսակցութիւնը միակն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր՝ 28 պետութիւններէն ընտրուած պատգամաւորներ, ընդհանուր՝ 190 պատգամաւոր, կազմելով Եւրոպական Խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինքը, որու հետ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը 2016-ի Յուլիսին համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է։
Հ.Յ.Դ0 Երիտասարդականը լիիրաւ անդամ է PES-ի երիտասարդական կազմակերպութեան՝ Երիտասարդ Եվրոպական Ընկերվարականներուն (Young European Socialist, YES)։