
Օգոստոս 4-ին, Երեւանի մէջ, ազդանշանը տրուեցաւ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համահայկական 11րդ բանակումին: Այս հաւաքը տեւեց մինչեւ Օգոստոս 11, որուն ընթացքին տասը երկիրներէ ժամանած երիտասարդական միութիւններու 110 երիտասարդները, չորս օր մնացին Աղուերանի, եւ չորս օր ալ` Արցախի մէջ:
“Այս տարի բանակումին կը մասնակցեն 110 ուսանողներ եւ երիտասարդներ` Գանատայից, Լիբանանից, Սիրիայից եւ աշխարհի այլ երկրներից: Միջոցառման շրջանակներում նրանք չորս օր կ՛անցկացնեն Հայաստանում եւ նոյնքան էլ Արցախում“, յայտնեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան: Բանակումի առաջին օրը երիտասարդական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Աղուերան, ուր մասնակցեցաւ տարբեր սեմինարներու, դասախօսութիւններու, մրցոյթներու եւ խաղերու:
“Մենք ծրագրում ենք նմանատիպ երիտասարդական բանակումներ անցկացնել երկու տարին մէկ անգամ, իսկ այդ ընթացքում սփիւռքահայ երեխաների համար հայրենիքում լինելու հնարաւորութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի վաղ տարիքից նրանց հաղորդակից դարձնենք իրենց հայրենիքի մշակոյթին“, յայտնեց Մկրտչեան:
Տեղին է նշել, որ նման բանակումներ կ՛իրականացուին 80-ականներէն ի վեր: Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, բանակումներ տեղի ունեցած են արտասահմանի մէջ (երեք անգամ), եւ ապա` Հայաստանի մէջ:
Բացման արարողութիւնը սկսաւ Հ.Հ. եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան քայլերգներով:
Ներկայացնելով բանակումին նպատակը` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. “Այս բանակումի հիմնական նպատակն այն է, որ առանձին միաւորների ներկայացուցիչները կարողանան այնքան ճանաչել մէկը միւսին, որ այն դառնայ յաւերժութիւն տանող ընկերութեան սկիզբ: Իւրաքանչիւր ընկերութեան հիմքը` միացնող բարոյական արժէքախումբն է, իսկ այս դէպքում` դա Հայաստանն է եւ հայ ժողովուրդը“:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան, իր կարգին խօսք առնելով նշեց, որ տասնամեայ պատմութիւն ունեցող բանակումները լաւ առիթ են քննարկումներ կազմակերպելու, իրարու հետ շփուելու եւ ապագայի ծրագիրներ կազմելու համար: “Գիտելիք, հաւատ, կամք. սա է յաջողութեան հասնելու գրաւականը“, նշեց ան եւ աւելցուց թէ իբրեւ ազգ կայանալու համար, նախ պէտք է կայունացնել մարդկային դրամագլուխը:
Մասնակցողներ փոխանցեցին իրենց կարծիքը: “Ես շատ ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունիմ հայրենիք գալու եւ իմ հայրենակիցներուն հետ շփուելու“, նշեց Եւրոպայէն ժամանած երիտասարդական միութեան անդամ մը: Ըստ անոր, ասիկա շատ լաւ առիթ է, որ հայ երիտասարդները ծանօթանան իրարու հետ եւ համախմբուին:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համահայկական 11րդ բանակումի մասնակիցները, նաեւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ծաղկեպսակ դնելէ ետք, անոնք նաեւ այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան:
Այս առթիւ, “Երկիր Մետիա“ յատուկ յայտագիր մը պատրաստելով, հանդիպումներ ու զրոյցներ ունեցած է բանակողներուն հետ: Այսպէս բանակումի մասնակցողներէն Սաթօ Ղազարեան ըսած էր “Ամէն անգամ, երբ տեսնում եմ փաստերը, նկարները, ուղղակի զգում եմ, որ չպէտք է ձեռքներս ծալած նստենք: Էսքան փաստ, էսքան տեղեկութիւն ու էսքան աշխատանք կայ, որ մենք դեռ պէտք է կատարենք“: Իսկ Անի Քարամեան ըսած էր.-
“Մտածում եմ, թէ ինչո՞վ կարող եմ օգնել եւ Հայ Դատի լուծման ճանապարհին փոքր դեր ունենալ, կարողանալ օգնել: Մտածում եմ` 1.5 միլիոն հայ մահացան յանուն ինչի՞: Պէտք է իրենց յուշը միշտ սրտումս վառ պահեմ, յիշատակը յարգեմ“: