
Օգոստոս 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ Լիբանանահայութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ։
Կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին Հ․Հ․ նախագահը եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձան պայթիւնի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան կրած վնասներուն։
Նախագահ Սարգսեանն ու Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը մտքեր փոխանակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ լիբանանահայ համայնքի համար նախատեսուող օգնութեան վերաբերեալ։
Զրուցակիցները կարեւորեցին լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը, եւ խօսեցան այն հիմնական կարիքների մասին, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է լիբանանահայ համայնքը։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Հ․Հ․ նախագահին, որ Լիբանանին պատուհասած աղէտի այս բարդ պայմաններուն եւ դժուարին օրերուն, Հայաստանը օգնութեան ձեռք երկարած էլ Լիբանանի հայրենակիցներուն։