Հ.Հ. ՆԱԽ­ԿԻՆ ԱՐ­ՏԱ­ՔԻՆ ԳՈՐ­ԾՈՑ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ ԵՒ ՍԻ­ՎԻ­ԼԻ­ԹԱՍ ՀԻՄ­ՆԱՐ­ԿԻ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ ՎԱՐ­ԴԱՆ ՕՍ­ԿԱՆ­ԵԱՆ Կ’ԱՄ­ԲԱՍ­ՏԱՆ­ՈՒԻ

0 0
Read Time:6 Minute, 10 Second

 Ըստ երե­ւոյ­թին, Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քը հետզ­հե­տէ աւե­լի “անշն­չե­լի“ մի­ջա­վայր մը կը ստեղ­ծէ: Այս­պէ­ս, քա­ղա­քա­կան մութ հա­շիւ­նե­րու լոյ­սին տակ, վեր­ջերս Հ.Հ. նախ­կին Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար եւ անոր “Սի­վի­լի­թաս“ հիմ­նադ­րա­մի հիմ­նա­դիր Վար­դան Օս­կան­եա­նի դէմ յա­րուց­ուած է քրէ­ա­կան դատ:

Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան Ծա­ռա­յու­թիւնը, յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը, տա­րա­ծած է այս ցնցիչ եւ մտա­հո­գիչ լու­րը: “Սի­վի­լի­թաս“ հիմ­նար­կը, իր կար­գին հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը լոյս ըն­ծա­յե­լով, տե­ղե­կա­ցուց թէ այս ամէ­նը կը մի­տի Խո­չըն­դո­տել “Սի­վի­լի­թաս“ի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ՛ըս­ուի, որ “Սի­վի­լի­թաս“-ի նա­խա­ձեռ­նած ծրա­գիր­նե­րը այս չորս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին իրա­կա­նաց­ուած են եւ կ՛ի­րա­կա­նաց­ուին հիմ­նադ­րա­մի կա­նո­նադ­րու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի օրէնք­նե­րու պա­հանջ­նե­րուն խստա­գոյն կատարումով:

 

“ԴՐԱՄ ԼՈՒԱ­ԼՈՒ ՀԱ­ՄԱՐ ՆԱԽ ԴՐԱ­ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵՂ­ՏՈՏ ԸԼ­ԼԱՅ“ ԿԸ ԲԱ­ՑԱ­ՅԱՅ­ՏԷ ՕՍ­ԿԱՆ­ԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի նախ­կին Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար, “Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան“ Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Վար­դան Օս­կան­եան, կա­տա­րեց յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որուն մէջ ար­ձա­գան­գեց Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան աւե­լի կա­նուխ հրա­պա­րա­կած յայ­տա­րա­րու­թեան: Օս­կան­եան շեշ­տեց, որ միայն քա­ղա­քա­կան նպա­տակ հե­տապն­դո­ղը կրնայ բա­րի մար­դու բա­րի գոր­ծը վե­րա­ծել քա­ղա­քա­կան ման­րադ­րա­մի:

Ան նշեց, որ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւնը տա­րա­ծեց յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որով փորձ կը կա­տար­ուի ցոյց տալ, որ յա­րուց­ուած քրէ­ա­կան գոր­ծը քա­ղա­քա­կան պատ­ուէր չէ: Կը կրկնեմ` ատի­կա մի­ան­շա­նակ քա­ղա­քա­կան պատ­ուէր է եւ կ՛ու­զեմ ըսել հե­տեւ­եա­լը` “դրամ­ներ լուալՕս­կան­եանՀանթս­մանբա­ռե­րը մէկ նա­խա­դա­սու­թեան մէջ չեն կրնար ըլ­լալ: Դրամ լուա­լու հա­մար նախ դրա­մը պէտք է կեղ­տոտ ըլ­լայ: Այս պա­րա­գա­յին դրա­մի աղ­բիւր­նե­րը յայտ­նի են, գնոր­դը յայտ­նի է, դրա­մի փո­խան­ցու­մը ին­ծի եւ Սի­վի­լի­թա­սին նուի­րատ­ուի ցան­կու­թեամբ եղած է թա­փան­ցիկ եւ դրա­մա­տան մի­ջո­ցով, ընդգ­ծեց Վար­դան Օս­կան­եան:

Օս­կան­եան յայտ­նեց, որ ըստ իրա­ւա­բան­նե­րուն, որե­ւէ հար­կա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն չէ յա­ռա­ջա­ցած: Իսկ, ըստ հա­մա­ձայ­նա­գի­րին, ստա­ցո­ղին փո­խանց­ուե­լիք գու­մար­նե­րը կը դի­տարկ­ուին իբ­րեւ նուէր, զոր ստա­ցո­ղը իրա­ւունք ու­նի օգ­տա­գոր­ծել իր հա­յե­ցո­ղու­թեամբ եւ իր կա­նո­նադ­րա­կան նպա­տակ­նե­րուն իրա­կա­նաց­ման հա­մար“:

 

“ԱՆԸՆ­ԴՈՒ­ՆԵ­ԼԻ Է, ԵՐԲ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ՀԵ­ՏԱՊՆ­ԴՈՒ­ՄԸ  ԿԸ ՔՈ­ՂԱՐԿ­ՈՒԻ ՔՐԷ­Ա­ԿԱՆ ՄԵ­ՂԱԴ­ՐԱՆՔ­ՆԵ­ՐՈՎ“ԿԸ ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐԷ ՎԱ­ՀԱՆ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԻՍ­ԵԱՆ

 

Մէկ բան գի­տեմ, որ եթէ քրէ­ա­կան մե­ղադ­րանք­նե­րով կը քո­ղարկ­ուի քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դու­մը, ասի­կա ին­ծի եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­թոյ­լատ­րե­լի եւ անըն­դու­նե­լի է, մենք միշտ այս­պի­սի երե­ւոյթ­նե­րուն դէմ եղած ենք եւ պի­տի ըլ­լանք: Բայց յստակ իրա­ւա­կան բնոյ­թի քննար­կում ես չեմ կրնար ընել, որով­հե­տեւ բա­ցար­ձա­կա­պէս ծա­նօթ չեմ մե­ղադ­րան­քի բնոյ­թին: Կը կաս­կա­ծիմ, սա­կայն, որ այս­պի­սի մե­ղադ­րանք­ներ կրնան իս­կա­պէս Օս­կան­եա­նին վե­րա­բե­րիլ, ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր Վա­հան Յով­հան­նիս­եան: Այս­պ­էս, ան չբա­ցա­ռեց, որ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար, Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Վար­դան Օս­կան­եա­նի դէմ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ քրէ­ա­կան գործ յա­րու­ցե­լու փաս­տը կրնայ կապ­ուած ըլ­լալ անոր քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան աշ­խու­ժաց­ման հետ:

Ան աւել­ցուց, թէ այս պա­հու ընտ­րու­թիւնը կրնայ որոշ կաս­կած­ներ յա­ռա­ջաց­նել:

Վա­հան Յով­հան­նիս­եան կրկին շե­շեց, որ Վար­դան Օս­կան­եա­նը եւ անոր ըն­տա­նի­քը ան­ձամբ ճանչ­նա­լով, խիստ կը կաս­կա­ծի, որ ան կրնար ներգ­րաւ­ուած ըլ­լալ այս­պի­սի ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թեան մէջ, բայց քա­նի որ ծա­նօթ չէ գոր­ծի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, չի գի­տեր, թէ ի՛նչ փաս­տարկ­նե­րու կամ ապա­ցոյց­նե­րու վրայ հիմն­ուած են այդ մե­ղադ­րանք­նե­րը, ապա իրա­ւա­կան գնա­հա­տա­կան­ներ չի կրնար տալ:

 

“ՍԻ­ՎԻ­ԼԻ­ԹԱ­ՍԸ ԿԱ­ՐԵ­ՒՈՐ Է ՄԵ­ԶԻ ՀԱ­ՄԱՐ“ ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ Ա.Մ.Ն.-Ի ԴԵՍ­ՊԱՆ ՃՈՆ ՀԵ­ՖԸՐՆ
“Ազա­տու­թիւն“ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին տրուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին,  Հա­յաս­տա­նի մէջ Ամերիկայի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Հե­ֆըրն` պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի գնա­հա­տէր Արտաքին Գործոց Նախարար Վար­դան Օս­կան­եա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւնը, թէ Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան յա­րուց­ուած գոր­ծի ետին յստակ քա­ղա­քա­կան պատ­ուէր կայ, ըսաւ.– “Այն փաս­տը, որ Սի­վի­լի­թաս հիմ­նադ­րա­մի դէմ քրէ­ա­կան գործ կը յա­րուց­ուի քա­ղա­քա­կան այս ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծին մէջ, ան­հանգս­տաց­նող է: Սի­վի­լի­թա­սը կա­րե­ւոր է մե­զի հա­մար, եւ մենք շատ հե­տաքրքր­ուած ենք այս գոր­ծով:

Նշենք թէ Հե­ֆըրն այ­ցե­լեց “Սի­վի­լի­թաս“ հիմ­նադ­րամ` տե­ղե­կա­նա­լու հա­մար խնդի­րի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles