Լրահոս

Հ․Յ․Դ․ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Էջմիածին

Փետրուար 20-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Արմեն Ռուստամեանի։

Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն, քաջալերելով շարունակել աշխատանքը հայրենիքի հզօրացման, ազգային համերաշխութեան եւ ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման ուղղութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ազգային-եկեղեցական կեանքին առնչուող հարցեր, ներառեալ իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող հակաեկեղեցական քայլերը, որոնք կը խաթարեն եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքը։

Advertisement Subscribe Today

Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ բոլոր դժուարութիւններուն հակառակ՝ Եկեղեցին պիտի շարունակէ իր հոգեւոր եւ ազգապահպան առաքելութիւնը՝ ի շահ հայ ժողովուրդի բարօրութեան։

Պատուիրակութեան անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Մայր Աթոռին եւ Վեհափառ Հայրապետին՝ ընդգծելով Հայոց Եկեղեցւոյ դերը ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան ամրապնդման մէջ։

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button