
ԵՐԵՒԱՆ․- Օգոստոս 27-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմին եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաք, որուն ընթացքին խօսք առին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան։
Վարչապետ Փաշինեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքներուն, այնտեղ տարուելիք աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններուն։ Ան յատկապէս կարեւոր նկատեց Արցախեան տագնապի ծագումին եւ պատճառներուն վերաբերեալ հիմնական տեղեկատուութեան մնայուն թարմացում կատարելը, որովհետեւ միշտ ալ ճիշդ չէ այն ենթադրութիւնը, որ արտաքին մակարդակի վրայ այս հարցին մասին ամէն մարդ ամէն բան գիտէ:
«Մեր արտաքին քաղաքական բարդութիւններից ու բարդոյթների ամենաառանցքայինը փոքր ազգի, փոքր պետութեան ընկալումն է: Ընդ որում, այս բարդոյթը յաճախ արտայայտութիւն է գտնում մեր հանրային, պետական կեանքի բոլոր մակարդակներում, ամէնօրեայ կենցաղից մինչեւ արտաքին քաղաքականութիւն: Հետեւաբար, փոքրի բարդոյթը յաղթահարելը կենսական նշանակութիւն ունի մեզ համար, եւ սրա գործնական լուծումն իմ պատկերացմամբ հետեւեալն է՝ Հայաստանի դեսպաններն իրենց հաւատարմագրուած երկրներում պէտք է ներկայանան ոչ թէ որպէս փոքր քաղաքական խմբակի կամ իշխող ընտրանիի կամ, նոյնիսկ, անգամ, փոքր պետութեան, այլ, որպէս համահայկական ներկայացուցիչ, համայն հայութեան ներկայացուցիչ: Սրա համար այսօր կան բոլոր պայմաններն ու նախադրեալները, որովհետեւ Հ․Հ․ կառավարութիւնն ունի ժողովրդական աջակցութեան նոյնպիսի մակարդակ Հայաստանում ու Սփիւռքում, եւ քանի որ պայմանաւորուեցինք, որ Հայաստանում ժողովրդավարութիւնն անշրջելի է, ու քանի որ բազմիցս ենք յայտարարել, որ մեր կառավարութեան նպատակը Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ սահմանները ջնջելն ու վերացնելն է, հասկանալ է, որ այսպիսի իրավիճակը պէտք է յարատեւ լինի: Համահայկականութեան տրամաբանութիւնը պէտք է նոր կշիռ տայ Հայաստանի Հանրապետութեանը, նրա խօսքին ու դիրքորոշմանը, իսկ այսպիսի խնդիր լուծելու համար Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները հայկական համայնք ունեցող բոլոր երկրներում պէտք է լինեն ողջ հայութեանը համախմբող գործօն, եւ դադարեն Սփիւռքի մեր հայրենակիցներին ծուլութեամբ բաժանել ընդդիմադիրների եւ իշխանամէտների, հների եւ նորերի։ Այսպիսով, ձեւակերպւում է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան խնդիրը. այն է՝ բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնը միջազգային յարաբերութիւններում, բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնը միջազգային յարաբերութիւններում: Արդեօք մենք սրա համար ունե՞նք նախադրեալներ եւ հնարաւորութիւններ: Այո՛, միանշանակ, եւ թոյլ տուէք ասել, որ այս խնդրի լուծման կարեւորագոյն փաստերից մէկը 2018թ. Հայաստանում տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնն է, որը դարձաւ բառիս բուն իմաստով համաշխարհային իրադարձութիւն, եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները պէտք է, որ այդ փաստն օգտագործէին աշխարհում Հայաստանի ճանաչելիութիւնն ու հեղինակութիւնը բարձրացնելու համար: 2018-ի հայկական յեղափոխութիւնն անձի, քաղաքական թիմի կամ խմբի մասին չէ, այն երկրի, պետութեան ու ժողովրդի մասին է, ժողովրդի ու պետութեան աստիճանի ու կարողականութեան մասին է, եւ այն պէտք է պատշաճ ձեւով ներկայացուի ողջ աշխարհին, այս անգամ արդէն ոչ թէ որպէս լրատուական անցողիկ թողարկման նիւթ, այլ որպէս երկիրը բնորոշող տեղեկատուութիւն: Այս տեղեկատուութիւնն, իմ խորին համոզմամբ, Հայաստանն աշխարհի համար հետաքրքիր դարձնելու անփոխարինելի միջոց է, մանաւանդ ժամանակակից աշխարհում, որտեղ բոլորը եւ ամէնուր խօսում են ժողովրդավարութեան ճգնաժամի մասին: Ժողովրդավարութիւնը պէտք է դառնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան թիւ մէկ այցեքարտը, եւ մեր խնդիրն է աշխարհին ցոյց տալ, որ Հայաստանում ժողովրդավարութիւնն անշրջելի է, որովհետեւ այն հիմնուած եւ յենուած է ոչ թէ անձի, ոչ թէ յստակ քաղաքական շրջանակի, այլ ժողովրդի գիտակցութեան, կամքի եւ ձգտումների վրայ», շեշտեց Փաշինեան:
Ապա Փաշինեան խօսեցաւ Հայաստանի արտաքին մարտահրաւէրներուն մասին՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակը Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելն է, ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան մակարդակը հետեւողականօրէն բարձրացնելը, Հայաստանի ու անոր քաղաքացիներու անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան համար առաւել նպաստաւոր արտաքին միջավայր ձեւաւորելը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ ժողովին նպատակին՝ յստակացնել տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն ետք հայկական դիւանագիտութեան առաջնահերթութիւնները եւ անոնց իրականացման առաւել արդիւնաւէտ ուղիները՝ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին համաձայն, նաեւ վերլուծել պետութեան դիմաց ծառացած ազգային անվտանգութեան հիմնարար մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, քննարկել արդի աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային գործընթացները, որոնք կրնան ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան իրականացման ընթացքին վրայ, ինչպէս նաեւ կանխատեսել ոչ-ցանկալի զարգացումները եւ, ըստ կարելւոյն, մշակել անոնց չէզոքացման համար քայլեր։
Նախարարը նշեց, որ ներկայիս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ունի հիմնական երեք սկզբունքներ, որոնք հիմք եւ ուղենիշ պիտի ըլլան դիւանագիտական գործունէութեան համար: Անոնք են՝ ինքնիշխանութիւնը, համահայկականութիւնը եւ փոխգործակցութիւնը, որոնք պիտի ապահովեն մեր դիւանագիտութեան յարատեւ եւ շարունակական ընթացքը, որովհետեւ բացառիկ առաւելութիւն են աշխարհին հետ կապ հաստատելու եւ ամուր արժէքային հիման վրայ յարատեւ ու կայուն յարաբերութիւններ կառուցելու։ Խօսելով Ղարաբաղի տագնապին մասին՝ Մնացականեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք ցարդ կը դրսեւորուին նաեւ ուժի կիրառումով, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են:
Մնացականեան յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք մինչեւ օրս արտայայտուած են նաեւ ուժի կիրարկումով, շրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են` ընդգծելով, որ «Հայաստանը հանդէս է գալիս Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման դիրքերից, սակայն չի կարող ընդունել Ատրպէյճանի կողմից բացայայտ կամ քօղարկուած ուժի կիրառման սպառնալիքները, եւ հրադադարի ռեժիմը պայմանական դարձնելու որեւէ նկրտում: Լարուածութեան պայմաններում բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի ջանքերը խոչընդոտում են խաղաղութեանը նպաստող միջավայրի ձեւաւորմանը, եւ, ըստ այդմ, չեն նպաստում հիմնախնդրի տեւական եւ համապարփակ կարգաւորմանը: Ատրպէյճանն իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ շարունակում է մնալ Արցախի ժողովրդի գոյութեան սպառնալիքը: Խաղաղութիւնն այլընտրանք չունի, եւ Հայաստանն ու Արցախն ունեն բաւարար ուժ՝ խաղաղութեան ապահովման համար։
Ըստ անոր՝ ասոր համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ձայնը, դիրքորոշումները, մօտեցումներն ու նպատակները աշխարհին համար ըլլան աւելի տեսանելի, լսելի եւ ընդունելի:
Նախարարը նշեց, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին նկատմամբ ցուցաբերուած անվերապահ ու բացայայտ աջակցութիւնը Հայաստանի համար անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք կը ստեղծէ։ Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի անվտանգութեան խաթարման ուղղուած կարգ մը այլ քայլերու:
«Թուրքիոյ կողմից Հայաստանի հետ յարաբերութիւնների հաստատման մերժումը, Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը, Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումը, իսկ վերջին շրջանում արդէն ցեղասպան գործողութիւնների արդարացումը, Ադրբեջանին Ղարաբաղեան հակամարտութեան շրջանակում անվերապահ եւ բացայայտ աջակցութիւնը ստեղծում են Հայաստանի համար անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք, որին շարունակաբար դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորում է տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանմանն ուղղուած Հայաստանի քաղաքականութիւնը՝ այդ թւում արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնների մասով։ Այս ասպարէզում մենք դարձել ենք առաւել քան ճանաչելի: Հայաստանի շնորհիւ մարդու իրաւունքների զանգուածային խախտումների կանխարգելման դրոյթը ստացել է կոնկրետ դրսեւորում: Մենք կը շարունակենք ամրապնդել ցեղասպանութիւնների կանխարգելման օրինաչափ հիմքը, պաշտպանութեան միջազգային, տարածաշրջանային եւ ազգային մեքենակառոյցները, ինչպէս նաեւ ի դէմս ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան համահաւաքի համագործակցութեան հարթակ կը տրամադրենք այս ոլորտում աշխոյժ քաղաքական գործիչների, փորձագէտների, գիտնականների եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանների համար», յայտնեց Մնացականեան:
Մնացականեան հաստատեց, որ Հայաստան եւ Ռուսիա կը շարունակեն մնալ վստահելի ռազմավարական դաշնակիցներ։ «Մեզ Ռուսաստանի ժողովրդի հետ միաւորում է ընդհանուր պատմութիւնը, մշակութային եւ մարդկային սերտ կապերը: Հայաստանի եւ Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան դաշնակցային օրակարգը ծաւալուն է: Այն ներառում է ռազմաքաղաքական անվտանգութեան, ուժանիւթ եւ ենթակառուցուածքների զարգացման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, կրթական եւ մշակութային փոխանակումների ծրագրեր», շեշտեց ան։
Նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան եւ Եւրոպական Միութեան, անոր անդամ երկիրներու, Եւրոպական ցամաքամասի բոլոր երկիրներուն հետ համագործակցութեան։
«Եւրամիութեան հետ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան համաձայնագրի հիմքով զարգացող փոխգործակցութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի քաղաքական երկխօսութիւնը, Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներին եւ պետական կառոյցներին տրամադրուող աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ոլորտային համագործակցութիւնը: Կարեւորում ենք Եւրամիութեան դերակատարումը տարածաշրջանային համագործակցութեան ծրագրերում: Մեծապէս արժեւորում ենք մեր համագործակցութեան յարաճուն զարգացումը Եւրոմիութեան անդամ երկրների հետ: Այս տեսակէտից կ՛առանձնացնէի Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւնների ծաւալը», եզրակացուց Մնացականեան։

