ՀԱՐՑ ՄԸ ՈՐ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՆՏԵՍԵՆՔ (ԹԱՔՆՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑԸ)

0 0
Read Time:13 Minute, 45 Second

ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ

 

 

Ալ­լա­հու աք­պար, կ՛ըսեմ, բայց Քրիս­տո­սին կը դի­մեմ: Աստ­ուած կը լսէ աղօթք­ներս: Այս կու գայ իմ ամե­նա­խո­րունկ էու­թե­նէս: Այս աղօթք­նե­րը իմ գաղտ­նիքն են“:

Այս խօս­քե­րով կը պա­տաս­խա­նէ Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող եւ իր հայ­կա­կան ծա­գու­մը թաքց­նող կի­նը, France 24 հե­ռա­տե­սի­լա­կա­յա­նի թղթա­կի­ցին այն հար­ցու­մին, թէ ինչ­պէ՞ս ան իր հա­ւատ­քը կ՛ար­տա­յայ­տէ:

Ինչ­քան յու­զիչ եւ տպա­ւո­րիչ են այս խօս­քե­րը, որոնք ան­գամ մը եւս ցոյց կու տան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը մէկ կող­մէն, իսկ միւս կող­մէն մեր ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան ոյ­ժը, ինք­նա­գի­տակ­ցում մը որ մի­ա­ձուլ­ուած է քրիս­տո­նէ­ու­թեան հետ եւ կրնայ նոյ­նիսկ նման պայ­ման­նե­րու մէջ գո­յա­տե­ւել եւ երբ պէտք է ինք­զին­քը ար­տա­յայ­տել: Ցե­ղին յա­ռա­ջան­քը կայ մէկ կող­մէն այս խօս­քե­րուն մէջ, իսկ միւս կող­մէն ալ դի­մադ­րե­լու անոր անն­կուն կամ­քը:

Անց­եալ­նե­րը երբ հայ մը այ­ցե­լած է Կար­սի Սբ. Առա­քե­լոց եկե­ղե­ցին, հոն մէ­կու մը հան­դի­պած է, որ նախ եւ առաջ. Մենք լաւ իս­լամ­ներ ենք ըսել է ետք պատ­մած է, թէ ինչ­պէս վեր­ջերս իր հայ­րը մա­հա­ցած ժա­մա­նակ մեր­ժած է որ շէյ­խը իր վրան աղօ­թէ, այլ պար­զա­պէս եւ ի զար­մանս իր ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն, խա­չակն­քած է ու այդ­պէս իր հո­գին աւան­դած, միայն այն ժա­մա­նակ բա­ցա­յայ­տե­լով իր հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնը:

Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող թաքն­ուած հա­յե­րուն նիւ­թը, առաջ եկած է մա­նա­ւանդ վեր­ջին մէկ-եր­կու տա­րի­նե­րուն: Ըստ Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատր­ի­ար­քու­թեան` անոնց թիւը մօ­տա­ւոր­պէս եօ­թը հա­րիւր հա­զա­րի կը հաս­նի, ըստ Հրանդ Տին­քին` մէկ միլի­ո­նի, իսկ ըստ Ան­գա­րա­յի հա­մալ­սա­րա­նի քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու առար­կա­յի փրո­ֆէ­սօր` Պաս­քին Օրա­նին, Թուրք­իոյ մէջ Ան­գա­րա­յէն սկսեալ եւ դէ­պի արե­ւելք ըն­տա­նիք մը չկայ որուն մէջ հայ­կա­կան արիւն չի հո­սիր:

Թաքն­ուած հա­յե­րը կրնան շատ կա­րե­ւոր դեր խա­ղալ ապա­գա­յին, որով­հետեւ անոնք կրնան կա­րե­ւոր լծակ հան­դի­սա­նալ, երբ պատ­մա­կան պա­հը գայ մեր ազ­գա­յին երազ­նե­րուն իրա­կա­նաց­ման: Մեր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ամե­նէն ժխտա­կան հե­տե­ւան­քը, բա­ցի մարդ­կա­յին զո­հե­րէն, հո­ղի կո­րուստն է: Մինչ օրի­նակ հրեա­նե­րուն Հո­լո­քոս­թը իրենց պատ­մա­կան հո­ղե­րուն վրայ տե­ղի չէ ու­նե­ցած, մեր պա­րա­գա­յին մենք կորսն­ցու­ցինք մեր հո­ղե­րը: Մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րը որոշ չա­փով ար­դէն վե­րա­կանգ­նած ենք, հո­ղի կո­րուստն է որ շատ աւե­լի դժուար է ետ առ­նել: Իրա­կա­նին մէջ այս մէկ կէ­տը կրնայ աւե­լի կա­րե­ւոր գոր­ծօն ըլ­լալ, եթէ այ­սօր հիմ­քեր ու­զենք ստեղ­ծել ապա­գա­յին աւե­լի հիմ­նա­ւոր­ուած ձե­ւով փաս­տար­կե­լու հա­մար մեր իրա­ւունք­նե­րը եւ փոխ­հա­տու­ցու­մը: Մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան թոյլ կող­մը այն է, որ մին­չեւ վեր­ջերս կը կար­ծէ­ինք թէ ներ­կա­յու­թիւն չու­նինք մեր հո­ղե­րուն վրայ, ահա այս պատ­ճա­ռով կա­րե­ւոր է, որ առի­թը չկորսնց­նենք եւ աշ­խա­տինք կա­րելի­ին չափ թաքն­ուած հա­յե­րը եւ անոնց ըն­տա­նիք­նե­րը բա­ցա­յայտ­ուած հա­յեր դարձ­նե­լու հա­մար:

Այ­սօր, մարդ­կա­յին միտ­քը դեռ կը պայ­քա­րի հա­ւա­սա­րակշ­ռել զի­րար հա­կա­սող` սահ­ման­նե­րու ան­ձեռմ­խե­լիու­թեան եւ ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւունք­նե­րու սկզբունք­նե­րը: Այս վի­ճա­կը այս­պէս չի կրնար շա­րու­նակ­ուիլ:  Աշ­խար­հը կը փոխ­ուի, պատ­մու­թիւնը իր անակն­կալ­նե­րը ու­նի: Ո՞վ կրնար գու­շա­կել աս­կէ քսան­հինգ տա­րի­ներ առաջ, որ Խորհր­դա­յին Միու­թիւնը պի­տի փլուզ­ուէր: Ո՞վ կրնար աս­կէ դեռ տա­րի մը առաջ գու­շա­կել, թէ արա­բա­կան աշ­խար­հը նման փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կրնար են­թարկ­ուէր:Մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան միտ­քը դէ­պի այն ուղ­ղու­թիւնը կ՛եր­թայ, երբ կա­նուխ թէ ուշ, մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րը լու­ծե­լու որ­պէս սկզբունք, ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քը առաջ­նա­յին պի­տի դառ­նայ: Օրի­նակ` Մ.Ա.Կ.-ի կող­մէն պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցած Քո­սո­վո­յի եւ Հա­րա­ւա­յին Սու­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը, Աբ­խազ­իա­յի, Հա­րա­ւա­յին Օսեթ­իոյ եւ Ար­ցա­խի փաս­տա­ցի ան­կա­խու­թիւնը ու մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րու կող­մէն լռել­եան հա­մա­ձայ­նու­թիւնը: Միւս կող­մէն հե­ռու չէ այն օրը երբ արեւմտ­եան աշ­խար­հին հա­ւա­սար ոյժ մը պի­տի ձե­ւա­որ­ուի ու այ­լեւս աշ­խար­հը պի­տի չըլ­լայ մի­ա­կեդ­րոն: Ասոր կա­րե­ւոր մէկ նա­խան­շա­նը տե­սանք վեր­ջերս, երբ Մ.Ա.Կ.-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին մէջ, Սուր­իոյ դէմ որո­շում մը ըն­դու­նե­լու Արեւ­մուտ­քի նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը չյա­ջո­ղե­ցաւ` Ռուս­իոյ, Չի­նաս­տա­նի, Հնդկաս­տա­նի եւ Պրա­զիլ­իոյ դի­մադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով:

Այն օրը պի­տի գայ, երբ Թուրք­ի­ան ալ ցնցում­նե­րու պի­տի են­թարկ­ուի, մա­նա­ւանդ քիւր­տե­րու հար­ցին պատ­ճա­ռով, որոնք շատ աւե­լի ազ­դե­ցիկ ու իրենց հե­տե­ւանք­նե­րով շատ աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի ըլ­լան քան մին­չեւ այ­սօր եղած­նե­րը:

Ահա այդ օր­ուան մենք պատ­րաստ պէտք է ըլ­լանք, եւ պատ­րաստ ըլ­լա­լու ամե­նէն կա­րե­ւոր ձե­ւե­րէն մէ­կը կրնայ ըլ­լալ, Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան մաս­սա­յա­կան ներ­կա­յու­թեան մը ապա­հո­վու­մը:

Ասոր հա­մար կա­րե­ւոր է, որ այ­սօր ապա­գա­յի տե­սիլ­քը ու­նե­նա­լով չան­տե­սենք այս հար­ցը: Ասոր հա­մար լաւ ու­սում­նա­սիր­ուած, լաւ ծրագր­ուած, լաւ ֆի­նան­սա­ւոր­ուած աշ­խա­տան­քի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը կայ, աշ­խա­տանք մը որ պէտք է տար­ուի կա­րե­լի եղա­ծին չափ առանց աղ­մու­կի: Այս աշ­խա­տան­քը դժուար կրնայ ըլ­լալ, այս աշ­խա­տան­քը վտան­գա­ւոր կրնայ ըլ­լալ, բայց զայն պէտք է իրա­գոր­ծել, ինչ­պէս որ կ՛իրա­գոր­ծած ենք մեր ու­րիշ ազ­գա­յին կեն­սա­կան ծրա­գիր­նե­րը: Բնա­կան է, որ Թուրք­ի­ան պի­տի փոր­ձէ խան­գա­րել նման աշ­խա­տանք մը, բայց պէտք է նկա­տի առ­նել, որ անոր խան­գա­րե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը աւե­լի սահ­ման­փակ են ներ­կա­յիս քան առաջ, նկա­տի առ­նե­լով ժա­մա­նա­կա­կից կա­պի եւ լրատ­ուա­կան մի­ջոց­նե­րուն լայն տա­րա­ծու­մը եւ Թուրք­իոյ աւե­լի թա­փան­ցիկ ու ժո­ո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­կիր մը ըլ­լա­լու ճի­գը:

Միւս կող­մէն, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ան­տար­բել մնալ թաքն­ուած հա­յե­րուն հո­գու կան­չին, ինչ­քա­նո՞վ ճիշտ պի­տի ըլ­լար ան­տե­սել եւ չօ­ժան­դա­կել հետզ­հե­տէ անոնց աւե­լի հա­մար­ձակ փա­փա­քը իրենց հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար:

Յստակ է, որ նման ծրա­գիր մը մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րու կրնայ հան­դի­պիլ, ոչ միայն ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ, այլ նաեւ` ներ­քին: Տե­սա­կա­նօ­րէն կա­րե­լի է երա­զել իտ­եա­լա­կան  վի­ճա­կի մը մա­սին, երբ բո­լոր թաքն­ուած հա­յե­րը պի­տի ու­զեն դար­ձի գալ, այ­սինքն` իս­լա­մու­թե­նէն հրա­ժա­րիլ եւ քրիս­տոն­եայ դառ­նալ: Կը կար­ծեմ կա­րե­ւոր մէկ մա­սը այդ մէ­կը պի­տի ու­զէ ընել, բայց կա­րե­լիու­թիւնը կայ, որ ու­րիշ մաս մը պի­տի ու­զէ հայ կոչ­ուե­լով հան­դերձ իս­լամ մնալ: Ահա այս հար­ցը մեր ներ­քին կեան­քին մէջ կրնայ տագ­նապ ստեղ­ծել: Նման հարց մը առա­ւել զգա­յուն եւ փա­փուկ է նաեւ անձ­նա­պէս ին­ծի հա­մար, որ­պէս հայ քրիս­տոն­եայ հո­գե­ւո­րա­կան:

Հար­ցին մա­կե­րե­սա­յին նա­յե­լով եւ արագ պա­տաս­խան մը տա­լէ ան­դին անց­նե­լով, պէտք է զայն ու­սում­նա­սի­րել, խո­րա­նալ, ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը նկա­տի առ­նել եւ մի­ա­ժա­ման ապա­գա­յի ճիշդ տե­սիլք ու­նե­նա­լով, որո­շել մեր առաջ­նա­յի­նու­թիւն­նե­րը:

Ի՞նչ կա­ցու­թիւն կրնայ ստեղ­ծել հայ իս­լամ­նե­րու գո­յու­թիւնը: Հայ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը խո­րունկ ձե­ւով մը մի­ա­ձուլ­ուած է քրիս­տո­նէ­ու­թեան հետ, չնա­յած ու­րիշ հարց է, թէ ինչ­քա­նով իս­կա­կան քրիս­տոն­եա­ներ ենք, բայց այս մէ­կը հե­ռու է այս յօդ­ուա­ծի նիւ­թէն: Նոյ­նիսկ կա­թո­ղի­կէու­թիւնն ու բո­ղո­քա­կա­նու­թիւնը մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րով մեր մէջ մտած են եւ հաս­տատ­ուած, ալ ուր մնաց հայ­կա­կան իս­լա­մու­թիւն մը:

 

Հոս ար­ժէ նշել քա­նի մը կէ­տեր.-

1.- Նկա­տի պէտք է ու­նե­նալ, որ ամե­նա­լաւ պա­րա­գա­յին թաքն­ուած հա­յե­րուն թիւը հա­ւա­նա­բար  մէկ միլի­ո­նի կրնայ հաս­նիլ, որոնց­մէ կա­րե­ւոր մէկ մա­սը կրնայ դար­ձի ու­զել գալ: Ասոր հա­մար նախ եւ առաջ պէտք է ամէն ճիգ թա­փել բո­լոր թաքն­ուած հա­յե­րը դար­ձի բե­րե­լու հա­մար, եւ եթէ լուրջ դի­մադ­րու­թիւն ըլ­լայ այն ատեն միայն մտա­ծել հայ իս­լամ­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մա­սին: Յօդ­ուա­ծին սկիզ­բը յի­շա­տակ­ուած եր­կու օրի­նակ­նե­րը ցոյց կու տան, որ թաքն­ուած հա­յե­րուն մէջ զօ­րա­ւոր է քրիս­տո­նէ­ու­թիւնն ու հա­յու­թիւնը որ­պէս ան­բա­ժա­նե­լի իրո­ղու­թիւն­ներ տես­նե­լու հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը:

2.- Միշտ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, առ այժմ դար­ձի գա­լու  մեր­ժող­նե­րուն, ապա­գա­յին այդ մէ­կը ընե­լու կա­րե­լիու­թիւնը: Այս մէ­կը աւե­լի արագ կրնայ ըլ­լալ, եթէ լուրջ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք տար­ուի, նաեւ` եթէ համ­բե­րու­թիւն եւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րենք անոնց հան­դէպ, քրիս­տո­նէ­ա­բար վե­րա­բե­րինք ու վե­րէն չնա­յինք անոնց:

3.- Իս­լամ հա­յե­րը հա­ւա­նա­բար աւե­լի արագ պի­տի աճին, իրենց կրօ­նա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով:

4.- Թուրք­ի­ան իս­լամ հա­յե­րուն որ­պէս հայ պի­տի չըն­դու­նի, պատր­ուակ ու­նե­նա­լով Օս­ման­եան օրե­րէն եկած Էր­մէ­նի միլ­լեթ-ի օրէն­քը, ուր պե­տու­թեան կող­մէն հա­յու­թեան ճա­նա­չու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­մայնք­նե­րու հի­ման վրայ: Ասոր դի­մաց` իս­լամ հա­յե­րը աւե­լի քիչ դի­մադ­րու­թիւն կրնան յա­ռա­ջաց­նել քան քրիս­տոն­եայ հա­յե­րը, հե­տե­ւա­բար աւե­լի դիւ­րին կրնար ըլ­լալ այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տի­լը:

5.-Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը հա­ւա­նա­բար պի­տի չ՛ու­զէ մաս­նակ­ցիլ նման ծրա­գի­րի մը, եւ այդ մէ­կը իրա­կա­նաց­ման պա­րա­գա­յին Սփիւռքն է որ զայն պի­տի իրա­գոր­ծէ:

6.- Հայ իս­լամ­ներ կան, ու­զենք թէ չու­զենք եւ մենք չենք կրնար այդ մէ­կը ար­գի­լել:

 

Ասոնք հար­ցեր են, որոնք առն­չու­թիւն ու­նին հայ իս­լամ­նե­րու նիւ­թին հետ, բայց միւս կող­մէն նկա­տի ու­նե­նա­լով վե­րը նշուած պատ­մա­կան պա­հի առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ պէտք եղած պա­հին մեր պատ­րաստ ըլ­լա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, կը կար­ծեմ որ այս հար­ցը պէտք է լրջօ­րէն ու­սում­նա­սիր­ուի եւ յար­մար ու իմաս­տուն ձեւ մը գտնուի հնա­րա­ւոր հայ իս­լամ հա­մայն­քի մը գո­յու­թեան կա­րե­լիու­թեան հա­մար:

Ոչ թէ որով­հե­տեւ քրիս­տոն­եայ հո­գե­ւո­րա­կան եմ, այլ ամ­բողջ էու­թեամբս կը հա­ւա­տամ թէ ամե­նա­կա­տար­եալ կրօն­քը քրիս­տո­նէ­ու­թիւնն է, պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ ան ի տար­բե­րու­թիւն միւս կրօնք­նե­րուն հիմն­ուած է ուղ­ղակի­օ­րէն Աս­տու­ծոյ կող­մէն` Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցաւ:

Միւս կող­մէն կը հաս­կա­նամ սա­կայն, թէ կեան­քին մէջ շատ  յա­ճախ, մեր ցան­կու­թիւն­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը իրա­րու չեն հա­մա­պա­տաս­կա­ներ: Իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը յա­ճախ ու­րիշ են քան մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը: Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը` որոշ նպա­տակ­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար, կա­րե­լի մի­ջոց­ներ գտնե­լու ար­ուեստն է: Իս­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը ար­դա­րու­թեան կը ձգտի, որ իր կար­գին կը նպաս­տէ Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թեան հաս­տատ­ման երկ­րին վրայ: Տե­սիլք ու­նե­նա­լը, ապա­գա­յին պատ­րաստ ըլ­լա­լը, կա­րե­ւոր պայ­ման­ներ են ազ­գի մը գո­յու­թեան եւ բար­գա­վաճ­ման: Այն ազ­գը, որ այս որա­կը ցու­ցա­բե­րած է յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած է, իսկ այն  ազ­գը որ մեր­ժած է այդ, ձա­խո­ղու­թիւն­ներ: Մենք եր­կու պա­րա­գայ ալ ու­նե­ցած ենք: Լաւ պի­տի ըլ­լար, որ այ­սօր ճիշդ կողմ­նո­րոշ­ուինք եւ պատ­րաստ­ուինք պատ­մա­կան պա­հին, որ կրնայ գալ մէկ ան­գամ եւ որուն փախց­նե­լը կրնայ ու­նե­նալ շատ ժխտա­կան հե­տե­ւանք­ներ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles