
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի Յունուար 18-ի նիստին կուսակցութեան կողմէ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան, որ 2013-էն ի վեր Մեծն Բրիտանիոյ մօտ, Հայաստանի դեսպանի պաշտօնե ստանձնած է:
Ան ծնած է Յունիս 23, 1953ին, Երեւան: Ամուսնացած է, ունի երկու զաըակ: Ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան բաժանմունքին մէջ: 1976-1984 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Դասաւանդած է նաեւ Քեյմպրիճի եւ Լոնտոնի համալսարաններուն մէջ: 1996-1997ին ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը: Ան երրորդ անգամն ըլլալով ստանձնած է Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:
Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեանին եւ Հանրապետական կուսակցութեան այս բարձր վստահութեան համար: Ապա ան ըսաւ. «Ինչպէս դուք ըսիք, շատ կարեւոր է, որ որոշում ընդունելէ առաջ ես նոյնպէս առիթ ունենամ հանդիպելու քաղաքական տարբեր ուժերուն՝ ե՛ւ Ազգային ժողովի մէջ, ե՛ւ Ազգային ժողովէն դուրս: Շատ կ՛ուզէի հանդիպիլ նաեւ հանրութեան լայն շրջանակները ներկայացնող գիտական, մտաւորական, հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւններուն, գործարար շրջանակներուն, աշխատաւորական շրջանակներուն: Անշուշտ, անպայման կ՛ուզէի հանդիպիլ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, եւ անշուշտ, հանդիպիլ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն կամ անհատներուն եւ անկէ ետք իմ որոշումը կայացնել: Բոլոր պարագաներուն, ինծի համար մեծ պատիւ է ձեր առաջարկը, պարո՛ն նախագահ:
Դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վստահութեան համար: Եւ եթէ այս բոլոր հանդիպումներէն ետք որոշումս կայացնեմ, կը փորձեմ պատիւով կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւնները եւ արդարացնել այն վստահութիւնը, զոր լսեցի ձեզմէ, ձեր կուսակից ընկերներուն կողմէ եւ յուսամ նաեւ կը լսեմ մեր միւս քաղաքացիներէն եւ մեր հայազգի որդիներէն: Եթէ թոյլ տաք, ինծի որոշ ժամանակ պէտք է վերջնական որոշում ընդունելու համար»:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, այս գծով յայտնած էր.- «Կը կարծեմ, որ Հայաստանի չորրորդ նախագահը պէտք է ըլլայ կայացած եւ վառ անձնաւորութիւն, քաղաքականապէս պատրաստուած եւ կոփուած պէտք է ըլլայ, բայց ոչ քաղաքականացուած: Ան պէտք է կարենայ կազմակերպել երկխօսութիւն քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան տարբեր խաւերու միջեւ լարուածութիւնը թուլացնել, եթէ այդպիսի անհրաժեշտութիւն ըլլայ: Պէտք է կարենայ պատուով ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտերկրի մէջ, ճանչնայ Սփիւռքը եւ ունակութիւն ունենայ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Երէկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինին մէջ մենք անդրադարձանք այս հարցին, եւ ես, նկատի ունենալով ձեր ունակութիւնները, ձեր որակական յատկանիշները, առաջարկած եմ իմ գործընկերներուն՝ առաջադրել ձեզ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի թեկնածու: Դուք կայացած գիտնական էք, վարած էք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, ունիք դիւանագիտական մեծ փորձ, եւ սա է պատճառը, որ մենք լրջօրէն քննարկած ենք ձեր թեկնածութիւնը: Շատ ցանկալի է, որ չորրորդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանական լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ: Նկատի ունենալով մեր այս փափաքը՝ կը կարծեմ, որ ձեր մտորումներու ժամանակ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ հանդիպիք մեր համախոհ գործընկերոջ՝ Դաշնակցութեան, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն՝ «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւններուն եւ տեսանելի ապագային որոշում կայացնէք, որովհետեւ այդ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան Մարտի սկիզբը: Մեր փափաքն է, որ այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան մէկ փուլով, եւ Մարտի սկիզբը մենք արդէն ունենանք չորրորդ նախագահ»:
Արմէն Սարգսեան պարգեւատրուած է «Սուրբ Գրիգոր Մեծ» պարգեւով Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապէն, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-էն: Նշենք, որ Ազգային ժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը պիտի ընտրէ Մարտ 2-ին: