
Պոսթընի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացաւ հանրածանօթ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեանը(ծնեալ՝1941):
Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի գրադարանի աւագ պատասխանատու, ապա Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Դարուհի Յակոբեան – Յովակիմեան» երկրորդական վարժարանի տնօրէն, ան վերջին տարիներուն ստանձնած էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական գրասենեակի վարիչի պաշտօնը, նաեւ հայ լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդելով Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ։
Հայ մամուլի մասնագէտներէն էր Ժիրայր Դանիէլեանը, որ մինչեւ վերջերս, իր սեփական «Կամար» գրական հանդէսը կը հրատարակէր:
1980-էն մինչեւ այսօր Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները. «Հայ մամուլի հաւաքածոյ» (Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն` 1981), «Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982), «Նահանջ առանց երգի»-ն իբրեւ վկայութիւն» (Պէյրութ, 1983), «Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984), «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986), «Բանասիրական որոնումներ» (Պէյրութ, 1997), «Լիբանանահայ դպրոցը. թիւեր եւ մտորումներ» (Պէյրութ, 2002), «Գրական որոնումներ» (Պէյրութ, 2007), «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» (Երեւան, 2011):
Ան վերջին տարիներուն մեծ ներդրում ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական բնօրաններու յուշամատեաններու խմբագրութեան եւ վերահրատարակութեան աշխատանքին մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ:
Ժիրայր Դանիէլեան գրական լայն հորիզոնով եզակի հետազօտող մըն էր, որ իր ինքնատիպ վերլուծումները կը կատարէր, նաեւ` բանասիրական բնագաւառի մէջ անխոնջ պեղումներով նորութիւններ յայտնաբերել, սխալներ մատնանշել, բաղդատականները հիմնաւորել փաստական տուեալներով, իսկ բանավիճային բնոյթի գրութիւններուն տալ առարկայականութիւն, սկզբունքայնութիւն եւ տրամաբանական եզրակացութիւն:
Դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան 1980 թուականէն ի վեր, շուրջ երեսուն տարի, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկան կը հանդիսանային մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւնը:
2011-ին, իր ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50-ամեակներու առիթով Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Ան ստացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան շքանշանները:
21 Յունիս 2017-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին որոշուեցաւ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհել ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար:
14 Յուլիս 2017-ին Լիբանանի Հայաստանի դեսպանատան մէջ այդ դոկտորականը Ժիրայր Դանիէլեանին յանձնեց եւ անոր վաստակաշատ ուղիին մասին խօսեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ դրուատեց անոր ունեցած ներդրումը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պատահած ահաւոր պայթումին պատճառով իր աչքերէն վիրաւորուած է: Ան իր մէկ աչքը գրեթէ կորսնցուցած է, միւս աչքն ալ` լրջօրէն վնասուած: