Լրահոս

Վե­նե­տի­կ – Հայ Լե­զո­ւի Եւ Մշա­կոյ­թի ­Ա­մառ­նա­յին Խտա­ցեալ Դա­սըն­թաց­քի 40-ամեակ

Հայ լեզուի եւ մշակոյթի Վենետիկեան ամառնային խտացեալ դասընթացքի 40-րդ շրջանը տեղի ունեցաւ 3-19 Օգոստոս թուականներուն, կազմակերպութեամբ «­Պո-Արաքս» Մշակութային միութեան եւ համագործակցութեամբ Վենետիկի «Studium Generale Marcianum» հիմնարկին։ 1986-ին սկսած դասընթացքը, մէկ տարի միայն տեղի չունեցաւ, 2020-ին, պսակաժահրի բերմամբ։ Այս տարի մասնակցեցան 28 ուսանողներ, տասնչորս երկիրներէ։ Երեք հոգիէ բաղկացած քարտուղարական կազմ մը կ՛օժանդակէր վարչութեան՝ զոր կը գլխաւորէր դասընթացքի վարիչ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Դասերը տեղի ունեցան Վենետիկի Պատրիարքական ճեմարանի՝ Լա Սալուտէի պատմական պալատին մէջ, իսկ ուսանողներու եւ ուսուցիչներու կեցութիւնը ապահովուեցաւ Կա Ֆոսկարի համալսարանի՝ CAMPLUS-ի հանրակացարանին մէջ։ Դասախօս փրոֆեսորներն էին` Ճեսի Սիրական Արլէն (Ա.Մ.Ն.), Արծուի Բախչինեան (Հայաստան), Աւետիս Ճենանեան (Իտալիա), Թամար Մանկա-
սարեան (Թուրքիա), Սօսի Սուսանեան (Հունգարիա), Թէօ Վան Լինթ (Անգլիա)։ Երկու շաբթուան տեւողութեամբ Վիեննայէն յատուկ ժամանած Մաէստրօ Արամ Իփէքճեան աւանդեց փափաքողներուն՝ տուտուկի դասեր, իսկ հայկական պարերու դասեր աւանդեց արտալսարանային հանգամանքով Արծուի Բախչինեան։
Բարձրագոյն մակարդակի ծրագիրը կը պարունակէր ժամանակակից սփիւռքահայ գրականութեան, հայ արուեստի, հայոց լեզուի պատմութեան եւ լեզուաուսուցման մեթոտաբանութեան, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութեան, եւ գրաբարի դասեր: Այսպէս, դասընթացքի բարձրագոյն մակարդակը կը միտի լայն պատկերացում մը տալ ինչպէս դասական՝ նոյնպէս ժամանակակից հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին։
Առաւել՝ այս մակարդակին վրայ կը մշակուի եռամեայ ընդհանուր ծրագիր մը, հայ մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ամբողջական գիտելիքներու պաշար մը ընձեռելու անոնց, որոնք մինչեւ երեք տարուան տեւողութեամբ կը հետեւին դասընթացքի այս բարձրագոյն մակարդակին: Ուստի այս մակարդակը կը ծառայէ նաեւ ապագայ ուսու­ցիչներ պատրաստելու եւ արդէն գործող ուսուցիչներուն իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնը բարելաւելու նուիրական եւ հարկադրիչ նպատակին: Այս մակարդակը կը հանդիսանայ, բառին բուն իմաստով, ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ վերապատրաստութեան կրթարան-ուսուցչարան մը։

Այս տարուան ուսանողները եկած էին հետեւեալ երկիրներէն՝ Ա.Մ.Ն., Պելճիքա, Պուլկարիա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Իսրայէլ, Իտալիա, Հայաստան, Հունգարիա, Ճափոն, Մեծն Բրիտանիա, Փորթուկալ, Ռումանիա, Ֆրանսա: Այս տարի կարեւոր թիւ մը կազմեցին՝ յատկապէս իրենց արեւմտահայ արմատներուն վերադարձ տենչացող միջին տարիքի անձեր։ Դասընթացքին ազատօրէն հետե-
ւեցան նաեւ, քննութեան լաւ արդիւնքներով, տուտուկահար Արամ Իփէքճեանի պատանիները Վիեննայէն։
«­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմնարկը, ըստ իր վաղեմի սովորութեան, օժանդակեց բազմաթիւ կրթաթոշակներով եւ նպաստով։

Տիրամօր Վերափոխման 16 Օգոստոսի Կիրակի օրը բոլոր մասնակցողները ներկայ եղան Սուրբ Ղազարու Մայրավանքին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։ Իսկ Կիրակի 9 Օգոստոսին, Տ. Լեւոն Արք. պատարագեց՝ Վենետիկի պատմական Հայոց Սուրբ Խաչ եկեղեցին, մասնակցութեամբ դասընթացքի ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն՝ որոնցմէ բաղկացող դպրաց դասը կատարեց երգեցողութիւնը։
Դասընթացքի մասնակիցները նաեւ հնարաւորութիւնն ունեցան 5 Օգոստոսին այցելելու Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան մայրավանքն ու թանգարանը։ Իսկ 12 Օգոստոսին այցելեցին Վենետիկի հին հայկական յուշավայրերը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button