Լրահոս

Եռաբլուրի Մէջ Նշուեցաւ Արցախի Անկախութեան Օրը

 


Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-ամեակին առիթով, բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ, Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն` ծաղիկներ խոնարհելով «Արցախի կանչը» յուշակոթողին:

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Արցախը հայկական է, եւ Նիկոլ Փաշինեանը այս իմաստով այն մարդը չէ, որ պէտք է որոշէ` Արցախը հայկակա՞ն է, թէ՞ հայկական չէ: Բնականաբար, ան կը շարունակէ սպասարկել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնն ու անոնց շահերը Հայաստանի մէջ, բայց, միեւնոյնն է, ըսած եմ եւ կը շարունակեմ պնդել, որ Արցախը հայկական է»:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց լրագրողներուն յայտնեց, որ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ ու լսումներ կազմակերպուած են: «Կը փորձենք բոլոր այն ուժերուն հետ համատեղ, որոնք մտահոգուած են թէ՛ Արցախի ճակատագիրով, թէ՛ անմիջապէս արցախահայութեան խնդիրներով, մշակել քաղաքականութիւն, որ թոյլ չի տար մոռացութեան տալ Արցախը», նշեց ան:

«Ցաւօք սրտի մեր պատմութեան ամէնէն յիշարժան, ամէնէն երեւելի, ամէնէն արժանապատիւ օրերէն մէկը այսօր մթագնած է: Մթագնած է օրուան քաղաքական իշխանութեան վարած անհաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութեան եւ նոյնքան անհաւասարակշիռ ներքին քաղաքականութեան հետեւանքով: Բայց, այնուամենայնիւ, ես կ՛ուզեմ լաւատես ըլլալ, ու պատահական չէ, որ մենք, հակառակ այս մեծ անարդարութեան, այսօր ալ կը գտնուինք Եռաբլուրի մէջ, ուր կը հանգչին արցախեան ազատամարտի եւ մեր բոլորի հաւաքական արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու պայքարին համար նահատակուած մեր հերոսները», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Մենք կը պայքարինք Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար: Արցախահայերը պէտք է կարելիութիւն ունենան վերադառնալու հայրենի օճախներ»:

Advertisement Donate Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button