
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ, բռնօրէն կը դատապարտէ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան համանախագահներուն եւ պատգամաւորներուն ձերբակալութիւնը:
«Խստօրէն կը դատապարտենք Էրտողանն եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը` Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան համանախագահներ Տէմիրթաշի եւ Ուքսէթտաղի, ինչպէս նաեւ ինը պատգամաւորներու ապօրինի ձերբակալութեան համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակն է խստօրէն կը դատապարտէ այս ձերբակալութիւնները, եւ կոչ կ՛ուղղէ այս հարցով, անյապաղ դիմել Արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերիին: