Գլխաւոր
Հայ Դատը Կը Դատապարտէ Պաքուի Դէմ Պատժամիջոցները Շրջանցելու Թրամփի Վարչակազմին Մտադրութիւնը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց Թրամփի վարչակազմին կողմէ տրուած ազդանշանը՝ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ հաստատող որոշումը շրջանցելու կապակցութեամբ, որ ճամբայ պիտի հարթէ Պաքուին ամերիկեան օժանդակութեանց շարունակութեան:«Նախագահ Թրամփ կը շարունակէ անտեսել Նախ Ամերիկան (America First) խոստումը՝ կանաչ լոյս վառելով Ատրպէյճանին տրամադրուող արտաքին օժանդակութեանց առջեւ եւ ամերիկացի տուրք վճարողներուն դրամները նուիրելով քարիւղով հարուստ ցեղասպան բռնապետութեան մը: Վարչակարգ մը, որ հայ պատանդներ կը պահէ, հայկական տարածքներ կը գրաւէ, քրիստոնէական եկեղեցիներ կը քանդէ եւ կ՛արգիլէ գաղթականներու Արցախ վերադարձը», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:Հայ Դատը կը զօրակցի ARMENIA Security Partnership Act (H.R. 6840) բանաձեւին, որ ներկայացուած է քոնկրէսականներ Կաս Պիլիրաքիսի (Հանրապետական, Ֆլորիտա) եւ Ֆրենք Փալոնի (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) կողմէ: Անիկա կ՛արգիլէ նախագահին շրջանցել նշեալ պատժամիջոցները մինչեւ այն ատեն, որ Ատրպէյճան դուրս չէ բերած իր ուժերը հայկական տարածքներէն, ազատ չէ արձակած բոլոր հայ պատանդները, դադրեցուցած չէ Հայաստանի նկատմամբ թշնամանքը եւ չէ ճանչցած Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը:
«Ատրպէյճանի իշխող Ալիեւ ընտանիքը, որուն հարստութիւնը տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու կը հասնի, ո՛չ պէտք ունի, ո՛չ ալ արժանի է ամերիկացի ժողովուրդի առատաձեռնութեան», եզրակացուց Համբարեան:

