
Լուսանկարներ` Արոն Ափակնոլոյի եւ Զօհրապ Թազեանի
Շաբաթ Ապրիլ 5, 2014-ի երեկոյեան Նիւ Ճըրզիի մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ
“Հայրենիք“ի 115-ամեակի դրամահաւաքի ձեռնարկը, Վահէ եւ Շաքէ Նահապետեաններու բնակարանէն ներս:
Ներկայ էին աւելի քան 150 ներկաներ, որոնց կարգին շրջանի հովիւ Տէր Յովնան Պօզոյեան, որ աղօթքով մը օրհնեց օրուան սեղանը:
Ներկայ էին Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի շրջանէն հայորդիներ, նաեւ Հ.Յ.Դ.-ի Գանատայի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջանի անդամներ:
Օրուան հանդիսավարն էր, դասախօս եւ հեղինակ տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, որ հին պատառիկներ եւ դրուագներ տեղեկացնելով, մեծ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեց: Ան յայտնեց թէ այսօր երեք տարեդարձներ կը նշուին` “Հայրենիք“ի անգլերէն բաժնի.- “Արմինիըն Ուիքլի“ի 80-ամեակը, “Հայրենիք“ թերթի եւ վերջապէս հրատարակչատան 115-ամեակները:
Այս առթիւ, յաջորդաբար խօսք առին Խաչիկ Մուրատեան (“Արմինիըն Ուիքլի“ի խմբագիր), Զաւէն Թորիկեան (“Հայրենիք“ի խմբագիր) եւ Անդրանիկ Գասպարեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի անդամ):
Օրուան բանախօսն էր գրագէտ Քրիս Պոհճալեան, որ անգամ մը եւս անդրադարձաւ իր գիրքին` “Sandcastle Girls“ի մասին, որուն պատրաստութեան ընդմէջէն, ան շատ աւելի մօտիկ եղած է Հայոց Պատմութեան: Նաեւ, ան խօսեցաւ Արեւմտահայաստան կատարած, իր այցելութեան գծով, “Արմինիըն Ուիքլի“ի անձնակազմին հետ:
Ձեռնարկի աւարտին, Խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց “Հայրենիք“ն ու իր ընտանիքը:
Կատարուեցան նուրատուութիւններ: Ընդամէնը կարելի եղաւ ապահովել 45 հազար տոլարի շուրջ գումար մը, որուն տաս հազարը` իշխանական նուիրատուութիւն մը, կատարուած Տէր եւ Տիկին Նազար Նազարեանի կողմէ:
Հանդիսավար տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, շնորհակալութիւն մաղթեց ներկաներուն եւ յատկապէս հիւրընկալ Նահապետեաններու կատարած նահապետական հիւրասիրութեան:
Թղթակից