Գլխաւոր

Հանրապետութեան Անկախութեան Օրը՝ Սարդարապատի Մէջ

Մայիս 28-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարեդարձին առիթով, Սարդարապատ այցելեցին «Հայաստան» դաշինքի անդամները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ եւ դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ։

Միջոցառումը սկսաւ տէրունական աղօթքով, ապա Արթիւր Խաչենցի կատարմամբ հնչեց «Գինի Լից» երգը։

Ելոյթ ունեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ֆրանսահայ հասարակական գործիչ Մելիք Գարագաւորեան, Աննա Յարութիւնեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշչան Սաղաթէլեանեւ դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան։

Ռուստամեան Դաշնակցութեան անունով շնորհաւորեց ներկաները Մայիս 28-ի՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան առիթով։

«Այս օրը մեզի համար միշտ եղած է սրբազան։ Անիկա մեծ խորհուրդ ունի, որ առաջին հերթին կապուած է մեր ինքնութիւնը, անկախութիւնն ու պետականութիւնը որքան կարեւոր նկատելու հետ», ըսաւ ան՝ մէջբերելով մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի խօսքը․ «Սերունդներ, ձեզ ճանչցէ՛ք Սարդարապատէն»։

Ան յիշեցուց, թէ 1918-ին հայ ժողովուրդը պետութիւն չունէր, բայց ունէր համախմբուածութիւն եւ ինքնութիւնը պահպանելու կամք։ Այդ հաւաքական ուժը, առանց պետականութեան, կրցաւ երեք ճակատներու վրայ կանգնեցնել թշնամին՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց, թէ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ թշնամին կարելի է կանգնեցնել նոյնիսկ դատարկ ձեռքերով, եթէ գոյութիւն ունի պայքարի ոգի եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն։ Ան նաեւ քննադատեց ներկայ իշխանութիւնները՝ նշելով, թէ Արցախի հայաթափումն ու Հայաստանի տարածքային կորուստները հետեւանք են ազգային արժէքներէն եւ ուժի աղբիւրներէն հեռանալու։

«Հայ» եւ «յաղթանակ» բառերը ներկայ իշխանութիւններուն համար դարձած են մերժելի», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ ժողովուրդին կը փորձեն համոզել, որ պարտութիւնը յաջողութիւն է։

Ֆրանսահայ գործիչ Մելիք Գարագաւորեան իր կարգին յայտարարեց․ «Սփիւռքը պիտի միանայ այս համաժողովրդական պայքարին՝ ամէն գնով հեռացնելու թրքամէտ վարչախումբը։ Սփիւռքը Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակութիւնն է եւ հայութեան անբաժանելի մասը»։

Սաղաթէլեան իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ պետութեան հիմքը թշնամիին երաշխիքները կամ ողորմութիւնը չեն, այլ սեփական ուժն ու արժանապատուութիւնը։ Ան յիշեցուց հայոց պատմութեան փառաւոր յաղթանակները, երբ հայ ժողովուրդը միայնակ մնացած էր իրեն ոչնչացնել ցանկացող թշնամիին դէմ, սակայն ունեցած էր յաղթելու անկոտրում կամք։

«Այսօր մեզ կը փորձեն համոզել, թէ միակ ճանապարհը զիջիլն ու ծնրադրութիւնն է, եւ թէ թշնամիին ցանկութիւնները բաւարարելով կարելի է խաղաղ ապրիլ», ըսաւ ան։

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Քոչարեան։ Ան ըսաւ, թէ Սարդարապատը միայն հերոսական էջ մը չէ, այլ յիշեցում՝ թէ ինչ կրնայ ընել հայ ժողովուրդը, երբ վտանգուած է պետականութիւնը եւ ժողովուրդը միացեալ է։

«108 տարի առաջ մեր ժողովուրդը կանգնած էր ընտրութեան առջեւ եւ ընտրեց պետութիւնն ու պայքարը։ Այսօր իրավիճակը տարբեր է, բայց վտանգը նոյնքան իրական է», նշեց ան։

Ան ընդգծեց, թէ վերջին տարիներուն Հայաստանը տկարացած է, ժողովուրդը յոգնած է սուտերէն, ատելութենէն, անպատասխանատուութենէն, պարտութիւններէն եւ քաոսէն։

«Պետութիւնը ինքնաբերաբար չի պահպանուիր։ Պետութիւնը կը պահպանեն մարդիկ՝ իրենց կամքով, պատասխանատուութեամբ եւ որոշումով», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով մօտալուտ ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը։

Վերջաւորութեան, Քոչարեան շեշտեց․ «Մեր ժողովուրդը 108 տարի առաջ ապացուցեց, որ կրնայ փրկել եւ պահպանել պետականութիւնը։ Վստահ եմ՝ այսօր եւս պիտի կարենայ»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button