Լրահոս

Ա․Մ․Ն․-ի 250-ամեակին Նուիրուած «Պոսթըն Փոփս»-ի Հայկական Յիշատակելի Երեկոն

 

Այս տարուայ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society) կազմակերպած 74-րդ տարեկան հայկական յատուկ համերգը՝ «Armenian Night at the Pops», որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Մայիսին, Պոսթընի ծանօթ «Սիմֆընի Հոլ»-ի մէջ, նուիրուած էր Ա․Մ․Ն․-ի 250-ամեակին եւ այդ առթիւ բազմաթիւ յայտագիրներ կը կրեն «E Pluribus Unum» (Բազմութենէն՝ մէկ) անունը։

«Պոսթըն Փոփս»-ի նուագախումբին ղեկավար՝ Քիթ Լոքըրթի, յատուկ եւ մանրամասն պրպտումներ կատարելէ եւ հիմնարկի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, մտայղացումը ունեցած էր, այս առթիւ նկատի ունենալ հանրածանօթ  ամերիկահայ Ալըն Յովհաննէսի (1911-2000) հազուադէպ գործերէն՝ «Ode to Freedom»-ը («Գեղօն՝ ազատութեան)։

Հոս, տեղին է նշել, թէ Յովհաննէս զաւակն է Ատանա ծնած եւ ապա Կիպրոս եւ ի վերջոյ Միացեալ Նահանգներ գաղթած՝ Յարութիւն Չաքմաքճեանի (1879-1973), որ 1908-էն 1918 ստանձնած է «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը եւ հեղինակն է Հայոց Պատմութեան լայնածաւալ հատորի մը եւ նոյնքան ծանօթ անգլերէն-հայերէն բառարանի մը։

Ներկաներու շարքին էին կառավարիչ Մօրա Հիլին եւ Յովհաննէսի կողակից Հինաքօ Ֆուճիհարա-Յովհաննէսի զաւակը՝ Ուիլիըմ Հոլսթ (այս առթիւ, յատուկ ժամանած՝ Սիէթըլէն)։

Իւրայատուկ առոգանութեամբ «Բարի երեկոյ» մը ըսելէ ետք, Լոքըրթ յայտնեց, թէ Ալըն Յովհաննէսը 20-րդ դարու ամերիկեան ամենածանօթ երգահաններէն մէկն է, որ ծնած է Սամըրվիլ (Մասաչուսէց) եւ երկար տարիներ բնակած է մօտակայ Արլինկթըն շրջանը, ուր աւարտած է տեղւոյն դպրոցին մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Լոքըրթ մանրամասնօրէն նկարագրեց, թէ ինչպէս կարելի եղած էր ձեռք ձգել այս գործը, որ ծագումով ռուս մաէսթրօ Անտրէ Քոսթելանեցի պատուէրով՝ Ա․Մ․Ն․-ի անկախութեան հռչակագրի 200-ամեակին առիթով, յօրինած է Յովհաննէս։ Այս գործը առաջին անգամ ներկայացուած է ջութակահար Եհուտի Մենուհինի կողմէ՝ Վըրճինիա նահանգի մէջ, 3 Յուլիս, 1976-ին, նոյնինքն Քոսթելանեցի ղեկավարութեամբ։ Իսկ, գործին վերաբերրեալ մանրամասնութիւնները, կարելի եղած է ձեռք ձգել Լոնտոնի «Եհուտի Մենուհին» հիմնարկէն։

Այս առթիւ, Երեւանէն հրաւիրուած էր 27 գարուններ բոլորած երիտասարդ ջութակահար Սոֆիա Վարդանեանը, որ ամէնայն հմտութեամբ, «Պոսթըն Փոփս»-ի նուագախումբին եւ անոր փորձառու մաէսթրօ Լոքըրթի կախարդական ճպոտին ցուցմունքներով ներկայացուց այս եզակի եւ ի յիշատակ հայկական ժառանգութեան նուիրուած յօրինումը, որ կը միաձուլէր արեւելեան եւ արեւմտեան երաժշտական կշռոյթներ, ստեղծելով վերացական եւ խորհրդաւոր աշխարհ մը, ուր ունկնդիրին համար կը հնչէին հայկական հոգեւոր երաժշտութիւն, կովկասեան երանգներ։

Նախքան այս գործը, ըստ սովորութեան Սոֆիա, նուագախումբին հետ նուագեց «Հայր Մեր»-ը։

Եօթը տարեկանին սկսած է ջութակ նուագել Սոֆիա Վարդանեանը, որ մասնակցած է վարպետութեան դասընթացքներու, որոնք վարած են հանրածանօթ երաժիշտներ՝ Քիմ Քաշքաշեան, Ժոզէֆ Ռիսին, Տայշին Քաշիմոթօ, Պորիս Պրովցին, Աքիքօ Սուվանայ, Փաւել Վերնիքով, Անի եւ Իտա Քաֆաֆեաններ, Ֆրանք Փեթըր Ցիմըրման եւ ուրիշներ։

Ան ուսանած է Երեւանի «Չայքովսկի»-ի անուան շնորհալի երեխաներու երաժշտական դպրոցին մէջ՝ փրոֆ. Ալեքսանտր Քոսեմեանի մօտ (2007–2014), ապա փրոֆ. Արտաշէս Մկրտչեանի  (2014–2017) ղեկավարութեամբ։ Սոֆիա Երեւանի տարբեր համերգասրահներու մէջ ամէն տարի մասնակցած է մենահամերգներու։ 2012 թուականին ան մասնակցած է Երիտասարդ երաժիշտներու եւ կատարողներու 2-րդ միջազգային «Նոր Անուններ» փառատօնին՝ ելոյթ ունենալով Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին եւ Հայաստանի Պետական Քամերային Նուագախումբին հետ։ 2015-ին ան մասնակցած է քամերային համերգի մը՝ Երեւանի 9-րդ Միջազգային Երաժշտական Փառատօնի ծիրին մէջ, համագործակցելով նշանաւոր ջութակահարներ Իտա Քաֆաֆեանին եւ Լեւոն Չիլինկիրեանին հետ։

2022-ի Սեպտեմբերէն սկսեալ Սոֆիա Վարդանեան կը շարունակէ իր ուսումը Վիեննայի Musik und Kunst Privatuniversität (MUK) համալսարանին մէջ՝ ERASMUS ծրագրով։

Ապա, յայտագրի երկրորդ բաժինով, ելոյթ ունեցաւ Փորթլընտի (Օրեկըն) հանրածանօթ «Փինք Մարթինի» խումբը, որ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, մանաւանդ երբ ներկայացուց, իր երգացանկին վրայ յաճախ մաս կազմող «Ով սիրուն, սիրուն» երգը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button