ԱմերիկահայԼրահոս

ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

 


Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը։

Պատարագեց ու քարոզեց Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք): Արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, որուն յաջորդեց քայլարշաւը դէպի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դեսպանատուներ, կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մուշ», «Հայորդիք» եւ «Արսէն» մասնաճիւղերուն:

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button