ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ…ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ԶԱՆԱԶԱՆ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐԷ ՆԵՐՍ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

ՇԻՔԱԿՈՅի (Իլինոյ) մէջ, Ուրբաթ Ապրիլ 23ին տեղի ունեցաւ ցոյց՝ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ: Աւելի քան 150 ցուցարարներ բերին իրենց մասնակցութիւնը: Ապա, յաջորդ օրը, կազմակերպութեամբ, տեղւոյն Հայ Դատի գրասենեակին: Կլենվիուի Հայ Կեդրոնին մէջ կատարուած այս ձեռնարկին, խօսք առաւ փաստաբանիրաւաբան Մարք Կիրակոս, որ դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը ուրացող կամ անոր ճանաչման իմաստով զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերող ամէն անձ, պետութիւն կամ կազմակերպութիւն: Ան անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն, որոնք մերժելի են իրենց բովանդակած նախապայմաններուն պատճառով՝ աւելցնելով, որ յիշատակելի է Հայաստանի նախագահին կողմէ անոնց սառեցումը՝ փակուղի հասնելէ ետք: Ան նշեց թէ Հայ դատը սակարկութեան կամ առուծախի առարկայ չի կրնար դառնալ:
Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Հրակ Առաքելեան, որ անգամ մը եւս հաստատեց թէ «ճանապարհային քարտէս»ը կը մնայ անհիմն գաղափար, այնքան ատեն որ Ցեղասպանութեան ճանաչում չէ կատարուած: Ապա Ալին ԱլեքսանեանՊարսումեան կարդաց Իլինոյի կառավարիչ Փէթ Քուինի մէկ նամակը, որ խոր ցաւով կը նշէր Ցեղասպանութեան 95ամեակը: Ապա, շրջանի Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արի Քիլեան փոխանցեց նախագահ Օպամայի օրուան յայտարարութիւնը, որուն մէջ, անգամ մը եւս ան խուսափած էր «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ: Ան նշեց, որ հայ նոր սերունդը պայքարի ջահը վառ պիտի պահէ, մինչեւ պահանջներու եւ արդարութեան ամբողջական իրականացում:
Ապա Իլինոյի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Նայիրի Յակոբեան խօսք առնելով, անդրադարձաւ հայասպանութեան փաստին ու Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւ յայտնեց, որ ժամանակը չի տկարացներ հայութեան պայքարը եւ ուշ կամ կանուխ հայ ժողովուրդը պիտի վերատիրանայ իր ամբողջական իրաւունքներուն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հրաշքով ու պայքարով հայութեան գոյատեւումը երաշխաւորածներուն,հաստատելով, որ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ երթը՝ առանց թիզ մը հող իսկ զիջելու:
Ապրիլ 25ին, աւելի քան երեք հարիւր ներկաներ ժամանեցին Կլենվիուի Ամէնայն Սրբոց եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ապա «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Խօսք առաւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն Մարալ ՎարդանեանԱբրահամեան, որ իր կարգին յայտնեց թէ հայ ժողովուրդը իր ազատ ու անկախ Հայաստանով, ազատագրուած Արցախով, գիտակից Սփիւռքով եւ իրաւունքի տէր յանձնառու երիտասարդութեամբ կոչ կþուղղէ թրքական պետականութեան եւ թուրք ժողովուրդին ճանչնալու եւ ընդունելու իր նախահայրերուն գործած աններելի եւ ահաւոր ոճիրը: Այս առթիւ խօսք առաւ, նաեւ շրջանի քոնկրէսական ներկայացուցիչ Պոպ Տոլտ (Հանրապետական) եւ յայտնեց թէ ինք լաւապէս կը հասկնայ 1915ի Ցեղասպանութիւնն ու անոր ստեղծած սարսափելի կացութիւնը: Ապա խօսք առաւ, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ ընկ. Վազգէն Այվազեան, որ նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն 95 տարիներ ետք հայութիւնը այսօր տարագիր չէ, այլ՝ միակամ կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ յանուն ազգային սրբազան պահանջատիրութեան: Ան աւելցուց թէ, հայութիւնը համոզուած է Հայ Դատի անժամանցելիութեան, վճռած է շարունակել պայքարը, եւ այս շրջագիծին մէջ հայութեան միասնականութիւնը աւելի քան երբեք խիստ հրամայական է: Գեղարուեստական յայտագրով հարուստ, այս ձեռնարկին մասնակցեցան «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները: Նշենք թէ շրջանի Հ.Օ.Մ.ի «Զապէլ» մասնաճիւղը այս առթիւ կատարեց արիւնարշաւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles