Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկի (NAASR) Բողոք-Նամակը՝ Վարչապետ Փաշինեանին

ՊԵԼՄՈՆԹ (Մասաչուսէց)․- Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկը (NAASR) յղոած է բողոք-նամակ մը Հ․Հ․ վարչապետ Փաշինեանին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Էտիթա Գզոյեանի անարդարացուցիչ կերպով պաշտօնանկութեան կապակցութեամբ։
Նամակին մէջ կը նշուի․-
Որպէս կազմակերպութիւն, մենք ունեցած ենք արդիւնաւէտ համագործակցութիւն դոկտ. Գզոյեանի, ինչպէս նաեւ՝ անոր նախորդներուն հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի այլ յայտնի հաստատութիւններու հետ, որոնց հետ կը մշակենք խոր կապեր։ Նման ակադեմական համագործակցութիւնները կը հիմնուին վստահութեան վրայ, որ կը ձեւաւորուի ակադեմական անկախութեան փոխադարձ ըմբռնումով։ Այնպիսի կարեւոր հաստատութիւն մը, ինչպիսին է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, որուն կենսական առաքելութիւնն է փաստագրել, յիշատակել եւ տեղեկացնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին—յատկապէս անշեղ ժխտողականութեան պայմաններուն մէջ—պէտք է կարենայ իր աշխատանքը կատարել առանց քաղաքական նպատակահարմարութեան ճնշման տակ զիջումներ ընելու, այլապէս պիտի կորսնցնէ իր առաքելութիւնը։
Ըստ վարչապետին՝ ան պահանջած է Դոկտ. Գզոյանի հրաժարականը, քանի որ ան «սադրիչ» քայլ մը կատարած է՝ ԱՄՆ փոխնախագահ Ջ. Դ. Վենսին «Արցախի հարցին մասին գիրք մը» նուիրելով Վենսի Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցելութեան ընթացքին, ինչ որ, ըստ անոր, զայն դրած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հակադրութեան մէջ։ «Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր պետական պաշտօնեայ, որ կը կատարէ յայտարարութիւն մը, որ կը հակասէ կառավարութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան, պէտք է ազատուի իր պաշտօնէն», ըսած է Փաշինեան։
Ի՞նչ էր Գզոյեանի մեղքը։ Ան փոխնախագահ Վենսին ներկայացուցած է չորս հատոր՝ իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին․-
The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath: As Reported in the U.S. Press. The New York Times, Volume 1 (1890-1914) & Volume II (1915-1922), compiled and edited by Rev. Vahan Ohanian and Ara Ketibian (2018); Ravished Armenia: The Story of Aurora Mardiganian (2020); Documenting the Crime: The Armenian Genocide in Words and Images (2024); and Azeri Aggression against Armenians in Transcaucasia (1905-1921): Reports from the U.S. Press, edited by Ara Ketibian (2023).
Այստեղ Արցախի հարցին առնչութեամբ գիրք մը չկայ։ Ուստի կրնանք եզրակացնել, թէ խնդրոյ առարկայ գիրքը կը վերաբերի Azeri Aggression against Armenians in Transcaucasia (1905–1921): Reports from the U.S. Press հատորին, որ, իր վերնագրին համաձայն, ամերիկեան մամուլի յօդուածներու ժողովածու մըն է քսաներորդ դարու սկզբնական շրջանին։ Հաւանաբար արժէ նշել, որ խմբագրական նախաբանը կը պարունակէ ուժեղ ձեւակերպումներ, սակայն ոչ սխալ նկարագրութիւններ՝ 2020-էն մինչեւ 2023 Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներուն մասին։
Դոկտ. Գզոյեանը լայնօրէն յարգուած է իբրեւ գիտաշխատող եւ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն։ Ան փոխնախագահ Վենսին ներկայացուցած է նիւթեր, որոնք կը տրամադրեն փաստագրական պատմական տեղեկութիւններ։ Չնայած վարչապետ Փաշինեանի հակառակ պնդումներուն, անոր քայլերը կրնան արտաքին քաղաքականութեան հակադրուող համարուիլ միայն այն պարագային, երբ այդ քաղաքականութիւնը կը հակասէ պատմական փաստերուն։ Եթէ այդպէս է, ապա խնդիրը ոչ թէ պատմական արձանագրութեան մէջ է, այլ քաղաքականութեան եւ անոր նկատմամբ ունեցած յարաբերութեան մէջ։
Մենք կոչ կ՛ընենք Հայաստանի կառավարութեան՝ դադրեցնել այս վնասակար յարձակումը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի վստահելիութեան դէմ։ Կոչ կ՛ընենք վարչապետին՝ վերստին պաշտօնի կանչել դոկտ. Գզոյեան, որպէսզի կատարէ իր գիտական առաքելութիւնը՝ ազատ արտաքին միջամտութենէ։ Ոչ մէկ պարագայի քաղաքականութեան եւ փաստի ենթադրեալ անհամապատասխանութիւնը պէտք է յանգեցնէ պատմական արձանագրութեան ճնշման կամ անոնց դէմ պատժական գործողութիւններու, որոնք պատասխանատու են զայն պահպանելու եւ պաշտպանելու համար։

