
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Բերիոյ Թեմի մէջ աւելի քան մէկ դար կեանք ունին բարեսիրական գործունէութիւնները, որոնք նախ սկսած են Հալէպի մէջ, եւ ապա ծաւալած են միւս շրջանները: Օրինակ, 1879-1880 թուականներուն, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի յատուկ շրջաբերականով, Հալէպի մէջ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ կազմուած է Սովելոց Յանձնախումբ, Թուրքիոյ սովի մատնուած հայկական գաւառներու հայ ազգաբնակչութեան օժանդակելու միտումով:
1 յունուար 1882-ին, Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ Հալէպի մէջ յառաջացած է Աղքատաց Հոգաբարձութիւն, որ հաւանաբար, նախադրեալը կը կազմէ ներկայիս եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու հովանաւորութեամբ գործող Աղքատաց Մարմիններուն:
1908-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ կեանքի կոչուած է Տիկնաց յանձնախումբ, դարձեալ սովահար գաւառահայերուն օժանդակելու համար:
13 յունուար 1911-ին, Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ կազմուած է Այրիախնամ յանձնախումբ:
1915 թուականին, Հալէպի մէջ գործած է Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի կողմէ կազմուած Գաղթականաց Օգնութեան յանձնախումբ: Նոյն նպատակով, 23 հոկտեմբեր 1915 թուականին, Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ կազմուած է Տիկնանց Օժանդակ յանձնախումբ: Սահակ Բ. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, Գաղթականաց Օգնութեան յանձնախումբը 19 դեկտեմբեր 1918 թուականին կապուած է Նորին Սրբութեան հրաւէրով Հալէպի մէջ հիմնուած Հայ Ազգ. Միութեան կամ Հայ Ազգ. Խորհուրդին (ունեցած է միջ-համայնքային բնոյթ եւ վաւերացուած է տեղական ու դաշնակից ուժերու կողմէ), որ դադրած է 30 մայիս 1925 թուականի:
1935 թուականին, Հալէպի մէջ հիմնուած է Ազգ. Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցը՝ արդեամբ՝ ազգային բարերար Ներսէս Կիւլպէնկեանի (հետագային մայրանոց-հիւանդանոց): Մայրանոցը, իր հիւանդանոցի բաժինով երախտարժան գործունէութիւն ունեցած է Հայ համայնքի կեանքէն ներս: 2012 թուականէ առաջ զանազան պատճառներով մայրանոց-հիւանդանոցի դռները փակուած էին, սակայն Հալէպի Պուսթան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Հայ Ծերանոցը, որ յանկարծ յայտնուեցաւ պատերազմական վտանգաւոր կացութեան մէջ եւ Հայ Ծերանոցի շէնքը բախումներու պատճառով վնասուեցաւ եւ անվտանգութեան նկատառումներով հայ ծերեր աւելի ապահով վայր փոխադրելու համար նկատի առնուեցաւ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը, առ այդ մայրանոցը կրկին դռները բացաւ 8 հոկտեմբեր 2012 թուականին, այս անգամ ծեր-պատսպարեալներուն համար, ուր մինչեւ օրս ներկայ են:
Անցեալին, եւ յատկապէս Մեծ եղեռնի յաջորդող տարիներուն, Հալէպի մէջ գործած են որբանոցներ (յատկանշական եղած է Հայ Որբանոցը), այրիանոցներ, եւ գթութեան յարկեր, ուր նշանակալից դեր ունեցած են էսթոնացի Միս Պիւլ մայրիկ, դանիացի հայասէր օրդ. Քարէն Եփփէ եւ այլք:
Նկատի առնելով, որ Հալէպը Սուրիոյ հայահոծ շրջանն է, եւ հայկական զանազան կազմակերպութիւններու, միութիւններու կեդրոնը, արդարեւ Սուրիոյ տարածքին կը գործեն նաեւ տուեալ կազմակերպութիւններու մասնաճիւղերը:
Այսպէս, ներկայիս Հալէպի մէջ կը գործեն ստորեւ յիշուած բարեսիրական հաստատութիւնները եւ միութիւնները:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն (ՀԲԸՄ)
21 մարտ 1910 թուականին, հիմնուած է ՀԲԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղը, նախաձեռնութեամբ՝ Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեանի, որ յատկապէս իրերայաջորդ քանի մը Կիրակիներ եկեղեցւոյ բեմէն դիմած է ժողովուրդին բացատրելով Միութեան նպատակը, գործունէութեան մեծ դաշտն ու մանաւանդ Հայկական Կիլիկիոյ աղէտին հետեւանքները դարմանելու նախանձախնդրութիւնը:
1914-ին, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին պատճառով, Սուրիոյ մէջ մինչ այդ կազմուած երեք մասնաճիւղերը դադրած են:
1918-ի նոյեմբերին, վերակազմուած է Հալէպի Մասնաժողովը: 1945 թուականին, Սուրիա օժտուած է Շրջանակային յանձնաժողովով:
ՀԲԸՄ-ի տեղական Մասնաճիւղը կազմութեան սկզբնական շրջաններուն առաւելաբար օգտակար դարձած է Մեծ եղեռնի օրերուն Հալէպ ապաստանած հայ տարագրեալներուն, մեծապէս սատարած է որբահաւաքի աշխատանքներուն եւ կազմակերպած է ապաստանարան-աշխատանոց՝ հայ կարիքաւոր արհեստաւորներն ու հողագործները ինքնաբաւ դարձնելու մտահոգութեամբ: 1920 թուականին, երբ հայկական Կիլիկիա ապրած է իր օրհասը, Հալէպի Մասնաճիւղը նիւթական եւ սննդամթերքի օժանդակութիւններ հասցուցած է աղէտահար շրջաններու հայ ազգաբնակչութեան: Այդ օրերուն եւ մինչեւ 1931 թուական իբրեւ նպաստաբաշխ մարմին, 1921 թուականին ստանձնած է Հալէպի ընչազուրկ հայ կիներու եւ տղոց ապուրի բաշխման գործը: 1922 թուականին, Հալէպի մէջ հիմնած է Կիլիկեան որբանոց-արհեստանոցը, որ մեծ ծառայութիւններ մատուցած է եւ գոյատեւած մինչեւ 1928: 1928 թուականի դեկտեմբերին, Հալէպի մէջ հիմնած է Մանչերու Կայանը՝ պատսպարելու համար արաբացած հայ տղաքը, եւ զանոնք վերադարձնելու հայութեան գիրկը:
ՀԲԸՄ-ի զանազան գործունէութիւնները առաւել ընդարձակուած են 1940-ական թուականներուն, եւ մինչեւ այսօր Սուրիոյ Շրջանակային յանձնաժողովի հովանաւորութեամբ կը շարունակուին բարեսիրական, խնամատարական, առողջապահական, կրթական, մշակութային, հրատարակչական մարզերէ ներս: 1964 թուականին օժտուածէ սեփական ակումբ-ընտանեկան պարտէզով:
ՀԲԸՄ-ի կրթական գործունէութիւնը սկսած է 1930-ական թուականներուն եւ կը շարունակուի Միութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող սեփական եւ նպաստընկալ հայ վարժարաններու միջոցաւ: 1960 թուականէն ի վեր հաստատած է հայ համալսարանական սաներու կրթանպաստի դրութիւնը:
Առողջապահական գործունէութիւնները նախապէս կեդրոնացած են «Ներսէս Կիւլպէնկեան» դարմանատան մէջ (1949-1978): Այժմ կ’ընթանան 1968 թուականին Քեսապի մէջ կառուցուած Կազդուրման Կայանի սննդակարօտ փոքրիկներուն մատուցած ծառայութեամբ եւ խնամատարական շրջագիծէն ներս, ուր 1947 թուականէն ի վեր կը շարունակուի նաեւ «տաք շոր»ի մատակարարումը: Ծրագրուած է դարմանատունը վերակենդանացնել ՀԲԸՄ-ի նորակառոյց «Անդրանիկ» շէնքին մէջ:
Մշակութային մարզի պարագային, խիստ յատկանշական գործունէութիւններ ունին Միութեան «Գէորգ Նազարեան» շքեղ հանդիսասրահը (1958) եւ 1955 թուականին հիմնուած «Մարտիրոս Սարեան» նկարչական ակադեմիան, որ կեանքի կոչուած է ճարտարապետ-արուեստագէտ Զարեհ Գաբլանի եւ հանրայայտ ակնաբոյժ ու մտաւորական բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեանի կողմէ: Ան կերպարուեստի աշխատանոց սրահ է, որտեղ կը հաւաքուին կերպարուեստով հետաքրքրուող երիտասարդները: Անոնք այստեղ կը ցուցադրեն իրենց աշխատանքները:
Հայ երաժշտական մշակոյթի զարգացման ու տարածման սատար հանդիսացած է Ասլամազեանի անուան լարային քառեակը:
1967 թուականին, կազմուած է իր տեսակին մէջ եզակի Մատենագիտական յանձնախումբը եւ նուիրուած է մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքները կորուստէ փրկելու երախտաշատ գործին: 13 յուլիս 1971 թուականին, բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ օժանդակութեամբ, հաստատուած է «Վիոլէթ Ճէպէճեան» գրադարանը: Վերջին շրջաններուն ծաւալած են հրատարակչական աշխատանքներ, որոնցմէ յիշարժան է «Գեղարդ» տարեգիրքը: Մինչեւ 1969 թուական հովանաւորած է 1930-ական թուականներուն հիմնուած «Սունդուկեան», եւ ապա՝ 1961-ին Պետրոս Ադամեանի անուամբ վերամկրտուած, թատերախումբը, որուն անգնահատելի դերակատարութիւնը անխափան կը շարունակուի:
1910-1967 տարիներուն, ՀԲԸՄ Սուրիոյ տարածքին ունեցած է 40 Մասնաճիւղեր՝ ներառեալ Ալէքսանտրէթի Սանճաքը: 1939 թուականին, երբ Սանճաքը Թուրքիոյ կցուած է եւ 1946-1947 թուականի ներգաղթի կամ այլ պատճառներով կարգ մը շրջաններ հայութենէ պարպուած են, շարք մը Մասնաճիւղեր դադրած են աշխատանքէ:
Ներկայիս, Սուրիոյ տարածքին կը գործեն Հալէպի, Դամասկոսի (1913), Լաթաքիոյ (1927), Եագուպիէի (1929), Գամիշլիի (1932) եւ Գարատուրանի (վերակազմուած՝ 1994 թուականին) մասնաճիւղերը, որոնք ընդհանրապէս ունին կեդրոնատեղիներ, իսկ Գամիշլիի մասնաճիւղը, 22 ապրիլ 2001 թուականին, օժտուած է նորակառոյց ակումբ-կեդրոնատեղիով:
ՀԲԸՄ անվարան ընդառաջած է Լիբանանի քաղաքացիական պատրազմին պատճառով Հալէպ ապաստանած աղէտեալներուն եւ 1988 թուականի Հայաստանի ծանր երկրաշարժէն տուժած հայրենակիցներուն: ՀԲԸՄ կը շարունակէ բարեսիրական իւրայատուկ երեւոյթ մը մնալ թեմական կեանքէն ներս:
Ծրագրուած է հիմնովին վերակառուցել ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ակումբը: «Գ.Կիւլպենկեան» Կեդրոնի հիմնարկէքը կատարուած է 5 օգոստոս 2001 թուականին, Թեմի Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթերոյեանի կողմէ (բարերարութեամբ՝ Գ.Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան):
ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ կը գործեն՝ Սուրիոյ տարածքին գտնուող մասնաճիւղերու Տեղական մասնաժողովները, ինչպէս նաեւ Կրթական, Առողջապահական եւ Կալուածոց յանձնախումբերը:
Վերջերս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի տարածքին տեղի ունեցած տագնապին հարցով ՀԲԸՄ բարեսիրական մեծ աշխատանք ծաւալեց:
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ (ՍՕԽ)
1919-ին, խումբ մը սրտցաւ հալէպահայեր, Մեծ եղեռնի արհաւիրքներէն ճողոպրած գաղթականներուն օգնելու առաջադրանքով, Հալէպի մէջ հիմնած են Հայ Կարմիր Խաչը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի նախադրեալը՝ իբրեւ հարազատ մէկ շառաւիղը Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ): 1920-1924 տարիներուն, Հայ Կարմիր Խաչը Նոր Գիւղի մէջ ունեցած է 23 անկողիներով հիւանդանոց մը:
1928-ին, Օրիորդաց Պսակ Միութիւնը միացած է ՀԿԽաչին, եւ ուրեմն Ազգ. Պատսպարանի խնամատարութիւնը փոխանցուած է անոր, յետագային՝ ՍՕԽ-ին:
1929-ին, Հայ Կարմիր Խաչը դարձած էՀհայ Գթութեան Խաչ, իսկ 1930 թուականին ծնունդ առած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, որ 1931 թուականին վերածուած է պաշտօնական միութեան մը եւ իրաւունք ստացած գործելու Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ: Մինչ այդ, Հայ Կարմիր Խաչի գործունէութիւնները ընդգրկած են կրթական, առողջապահական, խնամատարական, որբահաւաքի եւ այլ մարզեր: 1920-ին, հայ տարագիրներու վրանաբնակ 8 շրջաններու մէջ հիմնած է դարմանատուներ եւ ընձեռնած առողջապահական հոգատարութիւն: 1922-ին, հայ գաղթականներուն օգնելու համար հիմնած է աշխատանոցներ, լուացարան, արդուկի եւ գուլպայ հիւսելու կեդրոններ: 1926 թուականին, սուրիական անապատներէն եւ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէն հաւաքած է բազմաթիւ չափահաս հայ որբ-որբուհիներ:
1931-1933 տարիներուն, ՍՕԽ-ի կողմէ Նոր Գիւղի մէջ հիմնուած է Չափահաս Որբերու Կայանը, որ ծառայած է իբրեւ ակումբ-լսարան, պատսպարան եւ դպրոց: 1935 թուականին, հիմնած է արծուիկներու առաջին խումբը եւ անապատներէն աւելի քան 225 հայ որբ-որբուհիներ հաւաքելով փոխադրած է Հալէպ:
1939-ին, կազմուած է Սուրիոյ Կեդրոնական Վարչութիւնը:
1941-ին, Ղընեմիէի մէջ, հիմնուած է ՍՕԽ վարժարանը: Նոյն տարին Կեդրոնական Վարչութիւնը դարձած է Շրջանային Վարչութիւն:
1946-ին, հրատարակած է Արմէն Մարաշլեանի (Արմէն Անուշ) «Հայոց պատմութիւն» դասագիրքերու շարքը: 1947 թուականին, Նոր Գիւղի մէջ հիմնած է սեփական ու մնայուն դարմանատուն: 1952 թուականին, Նոր Գիւղի մէջ հիմնած է ուսանողական տուն մը՝ ուր 1957 թուականին փոխադրուած է դարմանատունը, եւ որուն տեղ այսօր բարձրացած է ՍՕԽ-ի Ընկերա-Բժշկական Կեդրոնի շէնքը:
1961-ին, Քէսապի մէջ կառուցած է սեփական կազդուրման կայանը՝ հոգատարութիւն տարածելով սննդակարօտ փոքրիկներուն:
Կանացի այս իւրայատուկ կազմակերպութեան նուիրումին պսակը կը կազմէ Ընկերա-Բժշկական Կեդրոնը:
ՍՕԽաչի Ընկերա-Բժշկական Կեդրոն: 170 մեթր քառակուսի տարածութիւն ունեցող հողաշերտին հիմնարկէքը կատարուած է 1984 թուականին, օրուան Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ: Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1985-ին (նախագիծ եւ իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարագէտներ Համբարձում Գրքեարեանի եւ Կարպիս Թովմասեանի): Կեդրոնին շէնքը կ’ընդգրկէ ներքնայարկ, գետնայարկ, երկու յարկեր եւ երեք յաւելուածներ (ընդամէնը եօթը յարկ):
Պաշտօնական բացումը կատարուած է 16 փետրուար 1987 թուականին՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Արդիական սարքաւորումներով օժտուած Կեդրոնի տարբեր յարկերու մէջ տեղադրուած են՝ աշխատանոց, վաճառատուներ, մարմնամարզի սրահ, չորս մասնագիտական դարմանատուներ, տարրալուծարան, մանկամսուր, ձեռագործի-ձեռարուեստի-ձեւագիտութեան բաժիններ, հայկական խոհանոց «Փեթակ» տնային ճաշեր մատուցող խոհանոց-վաճառատունը, գրադարան, սրահ, վարչական բաժանմունք եւ սրահ:
ՍՕԽաչը Ընկերա-Բժշկական Կեդրոնով ծաւալած է ազգային, բարեսիրական, դաստիարակչական, կրթական, մշակութային-ազգագրական, առողջապահական, խնամատարական գործունէութիւնը, ըստ կարելւոյն կարիքները բաւարարելու կողքին՝ ջանալով զարգացնել հայ կինն ու հայ մայրը, պահպանել հայ իգական սեռի կերպարը, խաչուհիները պատրաստել հաւաքական-կազմակերպչական կեանքի եւ միազանգել բարեսիրական բնագաւառէն ներս ծառայող հայ իգական տարրը:
Հալէպի մէջ ՍՕԽաչը այժմ ունի երեք մասնաճիւղեր՝ «Նայիրի» (նախապէս Նոր Գիւղի՝ Մէյտան) մասնաճիւղ, «Անի» (նախապէս քաղաքի մասնաճիւղ) եւ «Սեւան»:
Ազգային Պատսպարան
Հալէպի Ազգ. Պատսպարանը հիմնուած է 1919-ին՝ տաքուկ երդիք ապահովելու համար Մեծ եղեռնէն ճողոպրած որբ-որբուհիներուն: Այդ օրերուն ղեկավարուած է Օրիորդաց Պսակ Միութեան կողմէ (նոյն տարին կազմուած Ազգ. Ներսէսեան վարժարանի աշակերտուհիներէն՝ վարժարանի որբուհիներուն օժանդակելու նպատակով):
Ապա, Միութիւնը անցած է Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ, եւ շրջան մըն ալ մատակարարելէ յետոյ Ազգ. Պատսպարանը՝ 1928 թուականին միացած է Հայ Կարմիր Խաչին: Ազգ. Պատսպարանի խնամատարութիւնն ալ փոխանցուած է այս վերջնին, իսկ յետագային՝ ՍՕԽաչի:
Ազգային Պատսպարանը իր սրբազան առաքելութեամբ յատուկ տեղը գրաւած է բոլոր մակարդակներու վրայ, որուն խօսուն մէկ փաստը եղած է Կիրակի, 12 Ապրիլ 2009 թուականը՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան Տօն-Զատիկին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա ալ-Ասատի անակնկալ այցելութիւնը Ազգ. Պատսպարան:
Ազգային Պատսպարանը 1966-էն մինչեւ 2012 կը գտնուէր Ճիտէյտիէ թաղամասի արաբական ոճի ճարտարապետութեամբ կառուցուած գեղեցիկ տան մը մէջ, ուր կ’ապրէին 4-էն 24 տարեկան հայ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ:
2012 թուականին Ազգային Պատսպարանը կը տեղափոխուէր Նոր Գիւղի ազգապատկան Սիս համալիրի մէջ տեղակայուած նոր կեդրոնը:
Հալէպի մէջ ծանր մարտերու ընթացքին, յատկապէս Նոր Գիւղի ահազանգային օրուան պատճառով Ազգ. Պատսպարանը բախումերու կիզակիտային վայր դարձած էր:
Սաները ապրեցան Սուրիոյ արիւնոտ կռիւներուն ամբողջ դառնութիւնը եւ միայն հինգ ամիսներ վայելելէ ետք նոր կեդրոնը, իրենց ետին ձգեցին չարդուփուշուր, պատուհաններով ու դռներով սրտաճմլիկ պատկեր ներկայացնող շքեղ տունը, եւ ապաստանեցան Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան (ԱՄԺՏ) «Լեւոն Շանթ» սրահ:
Ազգային Պատսպարանի առաքելութիւնը՝ Մեծ եղեռնէն ճողոպրած որբ-որբուհիներուն ապաստան եղող երդիքը, ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան պիտի ենթարկուէր, հասնելով մեր օրերու անտէր անտիրական մանուկներու իբրեւ երդիք, ապա վերջին շրջանին պատսպարանէն ներս օրական դրութեամբ կը հիւրընկալուին Սուրիոյ պատերազմին նաեւ սուրիահայ նահատակներու զաւակներ, եւ Պատսպարանի Յանձնախումբը սնունդին, առողջութեան եւ խնամքին կողքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ անոնց ուսումնական գործընթացին: Ան, այս ծիրէն ներս կ’ապահովէ սաներու եւ նահատակներու զաւակներուն առօրեայ դասերուն հսկող յատուկ ուսուցիչներ:
12 դեկտեմբեր 2016 թուականի Հալէպ քաղաքի ազատագրումէն ետք արդէն Պատսպարանի սաները աւելի ապահով վիճակի մէջ են, իսկ քանդուած բաժինները նորոգումները կը կատարուին:
Միւս կողմէ, 2017 թուականի վերջաւորութեան ՍՕԽաչի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ Ազգ. Պատսպարանի տարածքէն ներս, փորձառու խնամատարներու հսկողութեամբ սկսաւ գործել «Կակաչ» մանկամսուրը: Յայտնենք, թէ մանկամսուրը նախապէս կը գործէր ՍՕԽաչի ընկերա-բժշկական կեդրոնէն ներս:
Հայ Ծերանոց (Հանգստեան Տուն)
Հայ Ծերանոցը շարունակութիւնն է Մարաշի Ծերանոցին, որ Ռիլիֆի միջոցաւ փոխադրուած է Հալէպ:
1923-ին, հեռատես ու ազգանուէր երեք հոգեւորականներու՝ Վեր. Ահարոն Շիրաճեանի, Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Չալըգեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Ներսէս քահանայ Պապայեանի բարեգութ տնօրինութեամբ՝ Հալէպի Նոր Գիւղ հայաւանին մէջ հիմնուած է Ազգ. Ծերանոց-Անկելանոցը, միակ թիթեղածածկ տաղաւարի մը տակ համախմբելով տարագրեալ ժողովուրդին անոքները:
1953-ին Հալէպի Պոսթան փաշա թաղամասէն ներս գնուած 2000 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հողաշերտի վրայ 1958 թուականին կառուցուած է Հայ Ծերանոցի եռայարկ արդիական շէնքը (արդեամբ՝ տեղական եւ սփիւռքիահայ բարերարութիւններու. ինչպէս՝ Լէյլա Գարակէօզեան, Գէորգ Պագըրճեան, Անանուն Բարերար), պատսպարելով շուրջ 75 անօգնական ծերունիներ: Շէնքը կ’ընդգրկէ ներքնայարկ, գետնայարկ, առաջին յարկ: Գետնայրկի վրայ կը գտնուի սրահ-մատուռ, իսկ այլ բաժիններու մէջ՝ անկարներու յատուկ բաժին, սառնարան սենեակներ, մեծ ելեկտրածին, ջրհորէն ջուր քաշելիք մեծ սարք: Ինչպէս նաեւ ունի պուրակ մը եւ ջուրի աղբիւր:
Միջ-յարանուանական Հայ Ծերանոցը կը վայելէ Հալէպի հայ երեք Համայնքապետերու հովանաւորութիւնը. հոգատարութիւնը կը վարեն միջ-համայնքային խնամակալական կազմը, տիկնանց եւ երիտասարդաց օժանդակ (անցեալին) յանձնախումբերը, տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը:
1952-էն ի վեր լոյս կը տեսնէ Ծերանոցի տեղեկատու «Հայ Ծերանոց» պարբերականը (պատերազմի ժամանակաշրջանին չէ հրատարակուած):
1963-ին Ծերանոցի տարեց բնակչութեան թիւը կը հասնի 118-ի:
Այս մեծ հաստատութիւնը ունի տնօրէն, պաշտօնէութիւն, հայ երեք յարանուանութիւններէ՝ 11 անդամներէ բաղկացած խնամակալական մարմին: Հայ Ծերանոցի եկամտաբեր աղբիւրներն են հաստատութեան կտակ ձգուած կալուածները, ու յատկապէս Հալէպի հայ երեք յարանուանութիւններու, բարեսիրական հիմնարկներու, մարզական, մշակութային միութիւններու, եւ այլ հաստատութիւններու հոգածութիւնն ու նիւթական նուիրատուութիւնները: Միւս կողմէ, կարեւոր ներդրում կը կատարէ նաեւ համայն հայ ժողովուրդի բարերարներու նուիրական նուիրատուութիւնները:
2011-ով սկիզբ առած Սուրիոյ տագնապին ու պատերազմին, Պուսթան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Հայ Ծերանոցը, որ բարձրորակ կառոյց մըն էր, ուր պատսպարեալներ հանգիստ ու ապահով կեանքի վերջալոյս մը կ’ապրէին, յանկարծ յայտնուեցան Հալէպի պատերազմական վտանգաւոր կացութեան մէջ: Հայ Ծերանոցի շէնքը բախումներու պատճառով վնասուեցաւ եւ անվտանգութեան նկատառումներով Ծերանոցի բնակիչները աւելի ապահով վայր մը փոխադրուեցան 8 հոկտեմբեր 2012 թուականին եւ անմիջապէս ետք Նոր Գիւղ շրջանի «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցի շէնքը: Տարեցները, մինչեւ օրս կը գոյատեւէն այդ շէնքին մէջ:
Արդարեւ, գաղթակայան՝ «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցը ենթարկուած է բազմաթիւ ուղղակի եւ անուղղակի հրթիրակոծումներու:
Արդարեւ, 26 եւ 27 Մայիս 2016 թուականին իրերայաջորդ ուղղակի հրթիրակոծումներու պայթումի պատճառով զոհուած է մէկ պաշտօնեայ, եւ վիրաւորուած քանի մը հոգի:
Անշուշտ շէնքի եւ անոր սարքաւորումներու վնասուածքներու եւ քանդումներու եւ վախի տարողութիւնը հոս չենք նշէր:
Հալէպի ազատագրումէ ետք Պուսթան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Հայ Ծերանոցի շէքը թէեւ ոչ ամբողջական, սակայն մեծաւ մասամբ քանդուած, կողոպտուած, աւերուած իսկ մատուռն ալ սրբապղծուած վիճակի մէջ է:
Այդտեղ մինչեւ օրս կը գտնուին քրտական ջոկատներ:
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւնը, 20-րդ դարու 1940ական թուականներէն ի վեր, Սուրիոյ Տարածքին հանդիսացած է տիպար օրինակը գործող բարեսիրական հաստատութիւններուն, որ մինչեւ այսօր անսակարկ նուիրումով եւ ուսումնասիրուած ծրագիրներով, նախախնամական դեր կը կատարէ Սուրիոյ Հայ համայնքներէն ներս:
Սուրիոյ տարածքին, 1941-էն սկսեալ հաստատութեան սկզբնական շրջանի գործունէութիւնը կը սահմանուի գաղթական ու սննդակարօտ հայ աշակերտներուն ճաշի մատակարարումով, առանց համայնքային խտրութեան:
1948 թուականին, ընդառաջելով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեանի առաջարկին, հասատութիւնը 1 Մարտ 1949 թուականին կը ստանձնէ 1944-1948 տարիներուն Հալէպի մէջ գործող Հայկ Թիւֆէնքճեան Ազգային Մանկանց Դարմանատունը, որ պիտի փակուէր բարերարին նպաստին դադրելով, զայն վերանուանուելով Հաուըրտ Գարակէօզեան դարմանատուն:
Մինչ այդ, ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի դասաւորումով եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան նախաձեռնութեամբ, Հալէպի մէջ, 21 յուլիս 1947 թուականին, հիմնուած է «Անանուն Բարերարի Ձեռնարկ»ը, բարերարութեամբ՝ ազգային բարերար Վարդան Ճինիշեանի, որուն յանձանձումը ստանձնած է Հաստատութիւնը:
1982-ին, դարմանատունն ու Հաստատութեան կեդրոնատեղին Րամատանիյէի շրջանէն փոխադրուած են Սիւլէյմանիէ թաղամասի Հայ Աւետարանական Քրիստոսի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս (նախկին Միս Պիւլի Դարմանատան շէնքը), ուր կը գործէ մինչեւ այսօր, եւ առանց համայնքային խտրութեան կ’ընձեռէ հետեւեալ ծառայութիւնները.- «Անանուն Բարերարի Ձեռնարկ»ի յանձանձում, մինչեւ 14 տարեկան փոքրիկներու առողջապահական լիարժէք խնամատարութիւն, հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց առողջապահական լիարժէք խնամատարութիւն, 1982 թուականին Հաստատութեան կողմէ հիմնուած Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնի գործունէութիւններ (դասընթացքներ, դասախօսական շարքեր, եւ այլն), Հալէպի վերաբնակեցման ծրագիր (1984-1990 տարիներուն, աւելի քան 85 հայ ընչազուրկ ընտանիքներու արդիական բնակարաններ տրամադրուած են):
Մարդասիրական ինքնատիպ, ազգօգուտ այս հաստատութեան հիմնական նպատակը եղած է հայ մանուկներու հոգածութիւնը նորածինէն մինչեւ 14 տարեկան հասակը, որոնց համար սահմանած է ամէն տեսակի խնամք, զանոնք ենթարկելով բժշկական քննութիւններու, ակնաբուժական, ատամնաբուժական եւ վիրաբուժական բոլոր տեսակի գործողութիւններուն:
Հաստատութիւնը ընդհանրապէս կը հետապնդէ եւ կը գործադրէ համայնքի պահանջքին համաձայն ծրագիրներ՝ առողջապահական, դպրոցական օժանդակութիւններ, «Անանուն բարերար» (տկար եւ կարօտեալ ընտանիքներու որդեգրում), վերաբնակեցման եւ ընկերային զանազան գործունէութիւններ: Հաստատութիւնը տասնամեակներ շարունակ հետեւողականօրէն յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է դպրոցական աշակերտներու առողջութեան, կանխարգիլելու համար փոխանցիկ հիւանդութիւնները:
Տեղին է նշել, որ հաստատութեան կատարած աշխատանքը յատկապէս Սուրիոյ մէջ ծայր առած տարիներու երկարող պատերազմին կը նկատուի գերգնահատելի, առ այդ հաստատութեան զանազան ծրագիրները կը շարունակուին եւ աւելիով: Այդ ծրագիրներէն է Հայ Ծերանոցին ճաշի ծրագիրը, շաբաթական դրութեամբ, ըստ հնարաւորին եւ զանազան անմիջական կարիքներու հայթայթում: Վարժարաններէն ներս մանկապարտէզի աշակերտութեան կը տրամադրուի կաթ եւ հրուշակեղէն ամէնօրեայ դրութեամբ, ինչպէս նաեւ առիթներով՝ պտուղ: Ասոր կողքին կը հետապնդէ դպրոցներուն առողջապահական վիճակը, յատուկ օժանդակութիւններ տրամադրելով՝ օճառ, հականեխիչ, լծոյթ, թուղթէ թաշկինակ, առաժին օգնութեան դեղօրայք:
Այսօր, շրջանի տիրած ծանր պայմաններուն մէջ անգամ նոյն մտահոգութեամբ եւ առաջադրանքով է, որ հաստատութիւնը ձեռնարկած է դպրոցական առողջապահութեան, նպաստելու մեր մատղաշ սերունդի առողջ դաստիարակութեան:
Վերջապէս, հաստատութիւնը քաջ գիտակցելով, որ կատարած մարդասիրական մեծ աշխատանքներուն կողքին դաստիարակութիւնը առաջին եւ հիմնական քայլն է սերունդներու պատրաստութեան մէջ, հետեւաբար Ընկերային Կեդրոնը Յուլիս 2016-էն շաբաթական դրութեամբ կը կազմակերպէ բժշկական, հոգեբանական, մանկավարժական, կրթական, դաստիարակչական դասախօսութիւններ:
Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ
Հիմնուած է 196-ին ամերիկահայ գործատէր՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ զաւակ Վարդան Ճինիշեանի յետ մահու կտակած հիմնադրամով, որ սահմանուած է յաւերժացնելու յիշատակը կտակարարի ծնողներուն՝ Վեր. եւ Տիկ. Յարութիւն ու Կատարինէ Ճինիշեաններու: Նշենք, թէ Վարդան Ճինիշեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եղած է անանուն բարերար:
Սոյն հիմնադրամը կը մատակարարուի Մ. Նահանգներու Երիցական եկեղեցւոյ կողմէ:
Կտակին հիմնական նպատակը կ’ըլլայ օգնել տարբեր հողամասերու վրայ ապրող կարիքաւոր հայորդիներու, առանց համայնքային կամ գաղափարական խտրութեան, հաստատութեան նշանաբանն է «Սատարել ծանր պայմաներու մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն առաջնորդելով զիրենք չքաւորութենէ եւ յուսալքումէ դէպի ինքնաբաւ եւ յուսալից կեանք նիւթական նպաստի, բարոյական օժանդակութեան, բարգաւաճման ու հոգեւոր վերելքի ծրագիրներու միջոցաւ»:
Սուրիոյ գլխաւոր գրասենեակը կը հիմնուի Հալէպ 1966-ին, ուր կը գտնուի Սուրիոյ Տնօրէնութիւնը, որուն խնամատարական սկզբնական նախաձեռնութիւններէն կ’ըլլան մանկամսուրի մը հաստատումն (1961-1971) ու հայկական վարժարանի աշակերտութեանց տաք ճաշի մատակարարումը (1967-1973):
Հաստատութեան ընդհանուր կեդրոնը կը գտնուի Նիւ-Եորք, որուն կից կը գործէ Խորհրդատու Մարմին մը, միջ-համայնքային Խ. մարմիններ կան բոլոր մասնաճիւղերու մէջ:
Նախապէս Սուրիա եւ Լիբանան կը կազմէին մէկ մասնաճիւղ, որուն տնօրէնը եղած է Ընկերային Ծառայող երջանկայիշատակ Հայկ Թիլպեան: 2000-ին Սուրիան կը դառնայ առանցին մասնաճիւղ: ՃՅՁ-ի Հալէպի կեդրոնատեղին կը գտնուի Հայ Աւետարանական Քրիստոսի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, ունի իր տնօրէն ու անձնակազմը եւ կը գործէ հսկողութեամբ միջ-համայնքային խորհրդատու մարմնի մը: Հիմնարկը Սուրիոյ մէջ միշտ վայելած է հովանաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը երեք համայնքապետերուն:
Ճ.Յ.Ձեռնարկը կը համագործակցի քոյր միութիւններու եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններու հետ, երբեմն նոյնիսկ իր նիւթական օժանդակութիւնը բերելով անոնց, ինչպէս՝ Հայ Ծերանոցին, Ազգ. Պատսպարանին, «Արեւիկ» թերաճներու կեդրոնին:
«Տուր ինձ Տէր ուրախութիւնն անանձնական» կարգախօսով կը գործէ Ճ.Յ.Ձեռնարկի անձնակազմը: Այս կարգախօսը ամենօրեայ նշանաբանն է Ճ.Յ.Ձեռնարկի բոլոր պաշտօնեաներուն: Անոնք անձնուէր, լուռ ու բծախնդիր կ’աշխատին քաջ գիտակցելով, որ իրենց ներդրումը Համայնքէն ներս շատ կարեւոր է: Ճ.Յ.Ձեռնարկի անձնակազմը կը հաւատայ խմբային աշխատանքի: Ճ.Յ.Ձեռնարկի անձնակազմը միշտ մասնակցած է դասընթացքներու ծանօթանալու ժամանակակից գործելաձեւին:
Ճ.Յ.Ձեռնարկը Սուրիոյ մէջ յատուկ ծրագիրներով ունեցած է անձնուէր եւ եռուն գործունէութիւն: Ինչպէս՝ առողջապահական, խնամատարական, դաստիարակչական, փոխատուութեան, շտապ օգնութեան, նիւթական օժանդակութեան, բարգաւաճման, եւ ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:
Հիմնարկը հաստատուած օրէն սկսեալ ունեցած է հետեւեալ ծրագիրները.-
Առողջապահական: Տաուտիէի դարմանատուն:
Խնամատրական: ա) Հայ վարժարաններու աշակերտներուն տաք ճաշի մատակարարում: բ) Մանկամսուր աշխատող կանանց զաւակներուն համար: գ) 1971 թուականին Կիւրինի քէմբի հրդեհին օժանդակութիւն: դ) Լիբանանաի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Հալէպ ապաստանած ազգայիններուն:
Բարգաւաճման Ծրագիրներ: ա) Փոխատուութիւն ընտանիքներու: բ) Անկախ ընտանիքներու տրուած փոխատուութիւններէն եղած են նաեւ փոխատուութիւններ: գ) Ազգ. Առաջնորդարանի «Կիլիկիա» շէնքին: դ) Քրիստոսի եկեղեցւոյ շէնքի ծրագիրներուն:
Բնակարանային Ծրագիր: ՃՅՁեռնարկը 1990 թուականին մշակեց իր բնակարանային Ա ծրագիրը եւ յաջողեցաւ հայ ընտանիքներ դուրս հանել իրենց բնակած անյարմար վայրերէն ու փոխադրել զանոնք հայահոծ շրջաններ, 42 ընտանիքներ պատսպարուեցան հաստատութեան կողմէ իրենց տրամադրուած բնակարաններու մէջ:
Խոհանոցի Ծրագիր:
Դաստիարակչական ծրագիրներ: Ամառնային կազդուրման կայան:
Ճ.Յ.Ձեռնարկի ներկայի ծրագիրներն են.-
Մնայուն շարունակական ծրագիրներ:
ա) Առողջապահական ընկերային ծառայութիւն: Տարիներ շարունակ մեր գործունէութեան գլխաւոր ծիրը եղած է ամէն տեսակի բժշկական օգնութիւն ինչպէս դեղագիրներու, հիւանդանոցէն ներս դարմանումի, վիրահատման, ախտաճանչումի եւ այլ անհրաժեշտ բուժումներու ծախսերու համար: Պաշօնէութիւնս կ՝այցելէ գրասենեակ դիմող կարգ մը հիւանդները, հիւանդանոց կամ տուները: Միայն Հալէպի մէջ պատերազմէն առաջ ամսական դրութեամբ դեղագիրներ ստացողներու թիւը 300 հիւանդ եղած է ներկայիս այս թիւը հասած է 1800 հիւանդի որոնց վրայ կաւելնան ամէն ամիս 60-80 այլ առողջապահական օգնութեան կարիք ունեցողներ:
բ) Ընտանեկան օժանդակութիւն: Ճ.Յ.Ձեռնարկը մշտապէս նեցուկկանգնած է հայ կարօտեալ ընտանիքներուն, առաւել եւս ներկայ պայմաններուն մեր կարելին կ՛ընենք թեթեւցնելու օրէ օր ծանրացող մեր հայրենակիցներուն բեռը, հիմնարկը իրեն դիմող ընտանիքներու վիճակը հետապնդելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք կուտայ իր նիւթական նպաստը միշտ հետեւելով անոնց կեանքի գործընթացին, խրախուսական եւ դաստիարակչական թելադրանքներ ընելով բրկելով անոնց հոգեվիճակը եւ գօտեպնդելու զանոնք կեանքի դժուարութիւններու դէմ:
«Ընտանեկան օգնութիւն» անուան տակ ՃՅՁեռնարկը ունի բազմաճիւղ եւ այլաբնոյթ նիւթական օգնութիւններ: ա) տան վարձքի, բ) դրամատնային մասնավճարներու, գ) ընթացիկ անհրաժեշտ ծախսերու, դ) անգործութենէ եւ հիւանդութենէ ծագած պարտքերու մարման եւայլն:
Սուրիոյ տագնապի ներկայ պայմաններէն տնազուրկ դարձած ընտանիքներուն բեռը մասամբ մը թեթեւցնելու համար յատկացուեցան նիւթական օժանդակութիւններ: Մէկ խօսքով ընտանեկան օգնութեան ծրագիրը կ’ընդգրկէ այլազան օգնութիւններ ըստ դիմորդի վիճակին ու կարիքին: Այս ծրագրէն օգտուող ընտանիքներու թիւը հասած է 600 ընտանիք:
Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի պատերազմի դժնդակ տարիներուն, Ճ.Յ.Ձեռնարկը մնայուն ծրագիրներու կողքին մշակեց ժամանակաւոր բնոյթի ծրագիրներ: Օրինակ՝ ա) «Կանանց նախազգուշական բժշկական» ծրագիր (2014 թուականին): բ) «Բարի գալուստ ձմեռ» ծրագիր (2014-ին): գ) «Ստեղծարար ձեռքեր» ծրագիր (2015-ին): դ) «Գնումի օր ծրագիր (2015-ին): ե) «Սուրբ Յարութիւն» ծրագիր (2015-ին):
զ) Բանավէճի աշխատանոց (2015-ին): է) Հաւաքոյթներ (հոգեկան վիճակը եւ տրամադրութիւնները բարձրացնելու համար):
Հարկ է նշել, թէ հիմնարկը պատերազմի վերջին տարիներուն կազմակերպած է նաեւ քանի մը միօրիայ դաստիարակչական եւ հաճելի ծրագիրներ փոքրիկներու համար:
Բերիոյ Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը
Յիշարժան է 1993 թուականին, Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ հիմնուած Բերիոյ Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը, որ արդէն որոշադրիչ տեղ կը գրաւէ ժողովուրդին կեանքէն ներս՝ բծախնդրօրէն եւ հետեւողականութեամբ կենսագործելով իրեն վերապահուած իւրայատուկ առաքելութիւնը, բարեսիրական, բարգաւաճման թէ խնամատարական տարբեր գործունէութիւններուն զուգահեռ, յատկապէս սատարելով կարիքաւոր խաւի վերականգնման ու վերակազմակերպման յոյժ կենսական աշխատանքներուն՝ զանոնք դարձնելով ինքնաբաւ եւ առաջնորդելով դէպի բարօր կեանք:
Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդին կատարած աշխատանքը յատկապէս Սուրիոյ պատերազմին մէջ կը նկատուի գնահատելի:
Մտքով Թերաճ Հայ Մանուկներու «Արեւիկ» Կեդրոն
Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութեան մտահոգութիւններէն եղած է Հալէպի մէջ հիմնել մտքով թերաճ հայ մանուկներու կեդրոն մը: Ծրագրի նիւթա-բարոյական նախնական սերտողութիւնն ու վիճակագրական աշխատանքները կատարուած են Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդին կողմէ՝ 25 մայիս 1998 թուականին:
Ապա, Հալէպի հայ երեք Համայնքապետերու համախոհութեամբ, գործնական քայլեր առնուած են 1999-ի հոկտեմբերին եւ Հալէպի Հայ Ծերանոցի առաջին յարկի արեւելեան բաժինը վերածուած է արդիական միջ-համայնքային կեդրոնի մը:
«Արեւիկ» կեդրոնը աշխատանքի սկսած է 1 հոկտեմբեր 2000 թուականին, ունի տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ ու խնամակալական մարմին, եւ կը վայելէ հայ երեք Համայնքապետերու բարձր հովանաւորութիւնն ու համայնքի բարեսիրական հիմնարկներու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու հոգածութիւնը:
Նկատի առնելով «Արեւիկ» կեդրոնի վայրը, որ կը գնուի Հայ Ծերանոցի կառոյցէն ներս, հետեւաբար Հալէպի ծանր մարտերու ընթացքին բնականաբար շէնքը բախումներու պատճառով վնասուեցաւ եւ բարեբախտաբար մտքով թերաճ ոչ մէկ Հայ մանուկ վնասուեցաւ:
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմին
Սուրիոյ քաղաքական ու ապահովական տագնապի իբրեւ արդիւնք, 19 յուլիս 2012 թուականին յառաջացաւ սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ)՝ կազմուած ինը անդամներէ, բաղկացած Սուրիոյ հայ համայնքապետներէ (Հալէպ եւ Դամասկոս), ազգային կուսակցութիւններու (ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ) եւ բարեսիրական միութիւններու (ՍՕԽ եւ ՀԲԸՄ) ներկայացուցիչներէն: Կեդրոնը՝ Հալէպ:
ՍՇՕՎՄ-ը ունի գործունէութեան իր ուղեցոյցը, օժանդակութեան աշխատանքի բնագաւառները, ընթացակարգը եւ յարաբերութեան եղանակները:
Մարմինը ունի իր վարչական կազմը, գործավարութիւն-բանբերը, տնտեսական ու հաշուական յանձնախումբը:
ՍՇՕՎՄ-ը կազմութենէն կարճ ժամանակ մը ետք Սուրիոյ հայահոծ շրջաններուն մէջ յառաջացուցած է Շտապ օգնութեան գործադիր մարմիններ, օրինակ՝ Հ (Հալէպի)ՇՕՄ, Դ (Դամասկոսի) ՇՕՄ եւ այլն: Աշխատանքային յատուկ ուղեցոյցներով ներդրում կատարելով անոնց օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ կը հսկէ անոնց աշխատանքին:
Սուրիոյ մէջ օժանդակութեան աշխատանքները կ’ընդգրկէ առողջապահական, կրթական, բնակարանային եւ կենցաղային օժանդակութեան բնագաւառները:
ՍՇՕՎՄ-ը նիւթական յատուկ ներդրում կատարած է նաեւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին, Հալէպի Հայ Ծերանոցին եւ Ազգային պատսպարանին:
Հալէպի մէջ կեդրոնացած է շտապ օգնութեան հիմնական աշխատանքները:
ՍՇՕՎՄ-ը բնականաբար կը գործէ քաղաքական-ապահովական դժուարին պայմաններու մէջ:
ՍՇՕՎՄ-ը ունի իր յատուկ կայքէջը, ուր կը ծաւալէ քարոզչական հիմնական աշխատանքը:
Տեղին է նշել, որ Սուրիոյ տագնապի աւարտին Մարմինը պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնները մատուցել սուրիահայութեան վերականգնումի նպատակով:
Հալէպի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմին
Վերոնշեալ մարմինը հիմնուած է յուլիս 2012 թուականին, գործելու Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմինի հովանիին տակ:
Նկատի առնելով Հալէպի հայաբնակ շրջաններու, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանի ահաւոր հրթիռակոծումները եւ պայթումները ու անոր պատճառով արձանագրուած բազմաթիւ զոհերը, նահատակները ու վիրաւորները, ինչպէս նաեւ շարունակուած կենցաղային դժուարութիւնները` ելեկտրականութեան եւ ջուրի երկարաժամկէտ անջատումները, սղաճը: Վառելանիւթի (մազութ եւ պենզին), օդի կազի ապահովման դժուարութիւնները եւ կենցաղային այլ խնդիրները, որոնց լուծման համար ՀՇՕԳՄ-ը ջանք չխնայեց: Անշուշտ այստեղ կարեւորութեամբ պէտք Է ընդգծել, «Տիգրանեան» ակումբի, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի, «Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տուն»ի, ինչպէս նաեւ Շտապ Օգնութեան Ինքնաշարժի նուիրեալ տղոց վիթխարի աշխատանքը, որ ՀՇՕԳՄ-ի անմիջական օժանդակող ներուժն էր, որոնք կամաւորաբար ծառայեցին: