
ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի կարծիքով` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կարելիութիւններ կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ խորացնելու նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ այն տեսակէտին, որ շրջանակային համաձայնագիրին մէջ տնտեսական հատուածը` Հայաստան -Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան համաձայնագիրին հետ համեմատած, աւելի քիչ է:
Դիտարկման, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան ժամանակ ալ կը պնդէին, որ տնտեսվարողներու համար նոր շուկայ պիտի բացուի, սակայն այս հարցին մէջ խնդիրներ կան, Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց.- «Խնդիրները մենք մեր մէջ պէտք է փնտռենք, ի՞նչ կապ ունի այս կամ այն միութիւնը: Մենք ձեռք բերած ենք կարելիութիւն օգտագործելու Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկան, մենք ենք մեղաւորը, որ չենք կրցած այդ նոր իրավիճակին համապատասխանեցնել մեր տնտեսութիւնը: Չկայ միութիւն մը, որուն մէջ մտնես ու նոր կարելիութիւններ չունենաս, չկայ միութիւն մը, որուն մէջ մտնես ու քու անկախութենէդ ինչ որ բաներ չսահմանափակուին, աշխարհին մէջ նման բան չկայ: Այս ամէնը նկատի ունենալով` պէտք է օգտուիլ այն դրականէն, որ կայ, իսկ առկայ բացասականն ալ չէզոքացնել, ինչ որ Հայաստանն ալ կը կատարէ: Կը կարծեմ` Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ պիտի կարենայ խորացնել նաեւ տնտեսական համագործակցութիւնը»:
Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրին ստորագրումով Հայաստանի հակառակորդ Ատրպէյճանի շարք մը փաստարկութիւնները չէզոքացուեցան: Անոր համաձայն, Ատրպէյճան շարք մը քայլեր ձեռնարկած է, որպէսզի տապալի այս հոլովոյթը:
Պատգամաւորը նշեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրը, որուն մէջ տնտեսական հատուածը աւելի մեծ էր, չէ ստորագրուած ոչ թէ Հայաստանի, այլ Եւրոպական Միութեան պատճառով: Արմէն Ռուստամեանի դիտարկումով` Եւրոպական Միութիւնը յառաջացուց «Կամ, կամ»-ի վիճակը, որուն պատճառով ալ Հայաստանը ընտրեց իրեն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող «կամ»-ը` տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն հետ:
Նշենք թէ, ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին մէջ քննարկուած էր «Ելք» խմբակցութեան` Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Հայաստանի դուրս գալու առաջարկին Ազգային ժողովի նիստերու օրակարգ մտցնելու հարցը: Հ.Յ.Դ.-ի տեսակէտը ներկայացուց խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Պատգամաւորը նախ նշեց, որ այս հարցը այնքան քննարկուած է, որ բովանդակային վերլուծութիւններու կարիք չկայ, ապա անդրադարձաւ այն դրոյթին, որ մեր երկրի ընկերային-տնտեսական խնդիրները կը կապուին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեան հետ:
«Կապ չենք տեսներ մատնանշուող խնդիրներուն եւ Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեան հետ: Պնդել, որ ընկերային-տնտեսական առումով Հայաստանը յետընթաց պիտի ապրի, ատիկա կապել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեան հետ, իրականութիւնը չ՛արտայայտեր: Այո՛, խնդիրներ կան, բայց այդ խնդիրները Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեան հետ կապ չունին», ըսաւ ան:
Ռուստամեան շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կնքած է համաձայնագիր ե՛ւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան հետ, եւ այս պարագային այս նախագիծը յայտնուած է խաղէն դուրս վիճակի մէջ: «Մենք հիմա հարց մը կը քննարկենք, որ խաղէն դուրս է», աւելցուց Ռուստամեան:
Պատգամաւորին կարծիքով` եթէ եւրոպացի մասնագէտները հակասութիւն տեսնէին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան հետ Հայաստանի անդամակցութեան մէջ, չէին յառաջաձգեր Համապարփակ համաձայնագիրի ստորագրումը: «Եւրոպական Միութեան հետ 1200 էջնոց համաձայնագիրին մէջ չեմ տեսած բնագաւառ մը, որուն անդրադարձ չէ կատարուած, եւ եթէ այդ ամէնը կը վերլուծեն եւրոպացի մասնագէտները ու հակասութիւն չեն տեսներ, մեզի կը մնայ օգտագործել այս ներ իրողութիւնը եւ ձեռք բերել մեր զարգացման համար նոր միջոցներ եւ առիթներ», ըսաւ ան:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ Հայաստանը որդեգրած է խորհրդարանական համակարգի փորձը, որուն միջոցով սահմանած է հոլովոյթ մը, որ Եւրոպան որդեգրած է: «Իսկ քաղաքական համակարգը հիմնական գործօն է դէպի իրաւական, ժողովրդավարական երկիր, դէպի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն: Ատիկա Եւրոպական Միութիւնը գնահատած է` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջանին մէջ լաւագոյնս կ՛առանձնանայ նաեւ այս շրջագիծին մէջ», աւելցուց ան: