ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐ­ՔԻՆ ԹՌԻՉՔ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱ­ՄԱՐ ՍՏԵՂԾ­ՈՒԱԾ ԸՆ­ԿԵ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

p5 new2  ԵՐԵ­ՒԱՆ (“Փա­նո­րա­մա“).- Ար­դէն իսկ, եր­կու տարիէ ի վեր, Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին օդա­նա­ւոր­դու­թեան ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ստեղծ­ուած է “Սքայ Նեթ“ ըն­կե­րու­թիւնը, որու մաս­նա­գի­տու­թիւնն է, կազ­մա­կեր­պել ներ­քին թռիչք­ներ, հայ­րե­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ:

Նո­յեմ­բեր 25-ին կա­յա­ցած մամ­լոյ ասու­լի­սի ըն­թաց­քին, ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն Գրի­գո­րի Վար­դան­եան յայտ­նեց թէ ըն­կե­րու­թիւնը, իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նի բրի­տա­նա­կան “Ճէթսթ­րիմ 32“ տի­պի փոքր օդա­նաւ­ներ, որոնք կը փո­խադ­րեն 19 ճամ­բորդ: Այս տի­պի օդա­նա­ւը կրնայ  1200 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեամբ, թռիչք­ներ կա­տա­րել: “Սքայ Նեթ“ ըն­կե­րու­թիւնը պի­տի կա­տա­րէ թռիչք­ներ, դէ­պի Գիւմ­րի, Կա­պան եւ Ստե­փա­նա­ւան:

Վար­դան­եան յայտ­նեց, որ իրենց ըն­կե­րու­թեան առա­ջար­կած ծրա­գիր­նե­րուն մէջ կան նա­եւ զբօ­սաշր­ջա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­ներ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Անոր հա­մա­ձայն, Կա­պա­նի օդա­կա­յա­նը հա­ւա­նա­բար մօ­տիկ ապա­գա­յին սկսի գոր­ծել: Նոյ­նիսկ, աշխա­տանք կը տար­ուի, դէ­պի Ջեր­մուկ, թռիչք­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու, սա­կայն այս վեր­ջի­նին օդա­կա­յա­նը, բա­ւա­կան մը նո­րո­գու­թեան կա­րիքն ու­նի:

Ըն­կե­րու­թիւնը պատ­րաստ է, նա­եւ ար­տա­քին մօ­տա­կայ թռիչք­ներ իրա­կա­նաց­նել` Վրաս­տան եւ Իրան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles