Հայաստանի Ազգային Ժողովը Դատապարտեց Եզիտիներու Ցեղասպանութիւնը

0 0
Read Time:1 Minute, 29 Second


ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Յունուար 16-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 91 կողմ, 1 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւններուն կողմէ հեղինակուած «Ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Իրաքի մէջ եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ 2014-ին իրականացած ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» յայտարարութեան նախագիծը:
Ազգային ժողովի պատգամաւորներ՝ Վահրամ Բաղդասարեանի, Ռուստամ Մախմուդեանի եւ Արմէն Աշոտեանի նախաձեռնութեամբ պատրաստուեցաւ նախագիծ մը, որուն մէջ նշուեցաւ թէ,Հայաստանի խորհրդարանը կը ճանչնայ եւ խստօրէն կը դատապարտէ եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի Ազգային ժողովը միաժամանակ դատապարտեց ահաբեկչութեան բոլոր դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ թիրախ ընտրուած գործողութիւնները` պայմանաւորուած ազգային, քաղաքական կամ կրօնական գործօններով:
Յայտարարութեան նախագիծը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ քաղաքական համաձայնութեան մը արդիւնքով, որուն միացած են խորհրդարանական բոլոր քաղաքական ուժերը: Իրաքի մէջ եզիտիներուն նկատմամբ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու յայտարարութեան նախագիծի քննարկման մասին արտայայտուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Աշոտեան, որ ըսաւ.- «Վստահ եմ, որ նմանատիպ փաստաթուղթերը պէտք է ընդունուին, որովհետեւ խնդիրները, որոնք դրուած են այս յայտարարութեան մէջ, նախ եւ առաջ մարդասիրական են եւ համամարդկային», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` նշեց Աշոտեան: Անոր համաձայն, այս տեսակէտէն անհրաժեշտ է տարանջատել եւ միեւնոյն ժամանակ միաւորել երեք կարեւոր հարթութիւն. «Առաջինը այն է, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան զոհ է: Իբրեւ ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդ` մենք գիտենք այդ վիշտը: Երկրորդը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ կ՛ապրին ազգային փոքրամասնութիւններու տասնեակ հազարաւոր զաւակներ, այդ կարգին` եզիտիներ, որոնց նկատմամբ կատարուած քաղաքական, զինուորական, պատմական անարդարութիւնը եւ ոճրագործութիւնը պէտք է իր յստակ գնահատականը ստանայ: Սակայն կը կարծեմ, որ ոչ պակաս կարեւոր է այն հանգամանքը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ պետութիւն գնահատական կու տայ նման երեւոյթներու: Ասիկա ոչ թէ հայ ժողովուրդին գնահատականն է եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացած ոճրագործութեան, այլ գնահատականն է այն պետութեան, որ ստանձնած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, դատապարտման եւ ճանաչման միջազգային դերակատարութիւնը»:
Նախագիծին մէջ ընդգծելով Իրաքի ինքնիշխանութեան դերը` Հայաստանի Ազգային ժողովը այս առնչութեամբ նաեւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Իրաքի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles