
ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԱՃԵԱՆ
Լիլային
– Մեր տունը աղբիւրին ճիշդ աջ կողմն էր:
Մեր տունը աղբիւրէն դէպի վեր, հինգերորդ տունն էր:
– Մենք կը բնակէինք աղբիւրին վարի թաղը:
Հայկական Շթորայի-Ժալալայի մէջ բնակողներէն ո՞վ չի յիշեր աղբիւրը, իր պարզ եւ անհրապոյր տեսքով. հասարակ խողովակ մը, որուն շուրջ սակայն ստեղծուած էր ամբողջ թաղամաս մը. իրարու մօտ շարուած միայարկ բնակարանները զրկուած էին ջուրէ եւ այդ պատճառաւ կախեալ էին աղբիւրէն եւ կապուած էին անոր:
Հաւաքական կեանքի եւ իրարօգնութեան իսկական պատկերը կը ներկայացնէր հայկական Շթորայի փոքրիկ գաղութը: Գիշերուընէ կը պատրաստուէր տիկիններուն յաջորդ օրուան ծրագիրը` Թանաշեաններուն տունը հաւաքուիլ, լոլիկի ջուրի պատրաստութեան համար. Մանուկեաններուն տան մէջ խաղողի պաստեղ պատրաստել. առաւօտեան սուրճը, ձայնաւոր ումպերով ըմբոշխնել Գալուստեաններուն քով. ցորենը ընտրել Միքայէլեաններուն տունը, աղբիւր տանիլ ու լուալ, ապա ջաղացք փոխադրել եւ աղալ, որպէսզի ձմեռուան պաշարը` ձաւարը, ծեծածը, հատիկը, ալիւրը ստացուէր:
Լիբանանի հոգատար ֆրանսական իշխանութեան ներկայութենէն խրախուսուած` գաղթական հայեր, որոնց մեծ մասը արհեստաւորներ` դերձակ, ատաղձագործ, մեքենագէտ եւ այլն, եկած եւ հաստատուած էին Պեքաայի հովիտի գիւղաքաղաքներուն` Պաալպէքի, Ռայաքի, Զահլէի եւ Շթորայի մէջ:
Շթորան իր աշխարհագրական դիրքով` Պէյրութ-Դամասկոս-Պաալպէք-Ռաշայա խաչմերուկին վրայ, յատուկ կարեւորութիւն ունէր Լիբանանի քաղաքական ղեկը ստանձնած քրիստոնեայ տարրին եւ անոր նեցուկ կանգնող հոգատար իշխանութեան համար: Այս անկիւնէն դիտուած` հայերուն ներկայութիւնը մեծապէս բաղձալի էր Շթորայի տեղացի քրիստոնեայ բնակչութեան համար:
Աւելի ուշ, Ալեքսանտրէթ Սանճագի պարպումով, Մուսա լերան ժողովուրդին բնակութեան վայր կը տրամադրուէր ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող, Լիբանանը Դամասկոսի կապող մայրուղիին վրայ գտնուող Այնճարի մէջ:
Մինչեւ 1958` Լիբանանի առաջին քաղաքացիական ներքին խռովութիւնները, Շթորան իր չոր եւ առողջարար օդով կը հրապուրէր գիւղագնաց հայերը, որոնք ազգականներէ կամ բարեկամներէ քաջալերուած` կը փափաքէին ամէն գնով տուն մը, հողաշերտ մը ունենալ հոն: Թէեւ այդ դէպքերէն ետք խանդավառութիւնը պակսած էր, սակայն հայաւանը կը շարունակէր պահել իր ուրոյն դիմագիծն ու գոյութիւնը մինչեւ 1975-ի քաղաքացիական եւ համայնքային բախումները:
Շթորան կը հրապուրէր նաեւ մտաւորական զարգացում եւ հակումներ ունեցող հայերը, որոնք կու գային Պէյրութէն եւ մօտիկ գիւղերէն` Պար Իլիասէն, Զահլէէն, Այնճարէն, մտքով ու հոգւով հաղորդուելու, յիշատակելի ժամեր անցնելու շթորաբնակ Ն. Աղբալեանին, Ա. Յովհաննէսեանին, Գ. Կիւզէլեանին, Գ. Գուտուլեանին եւ ուրիշներու հետ:
Պէյրութի մէջ աշխատող եւ ապրող բարեկեցիկ հայ ընտանիքներուն համար ամառուան օդափոխութիւնը միջոց մըն էր հայրենի գիւղին եւ հողին յիշատակներուն վերադառնալու:
Դպրոցներուն փակումով` պատրաստութիւն կը տեսնուէր տան ապրանքները փոխադրելու գիւղ: Փոխադրութեան օրը, առաւօտ կանուխ, անկողիններու, վերմակներու, սաւաններու կոյտերը` “տենկերը“, պատրաստ կը սպասէին Զաքարին “փոստային“: Շարժավար Զաքարը, եօթը-ութը ընտանիքներու տան կահ-կարասին “լեռներու հարս“ին, “փոստային“ տանիքը բեռցուցած` իրենց տէրերն ալ հետը առած` կը սկսէր դանդաղ եւ դժուար մագլցումը օձապտոյտ լեռնային ճամբաներէն վեր: Երկուքէն երկուքուկէս ժամ տեւող ճամբու ընթացքին, գիւղագնացները աւելի եւս կը մտերմանային իրարու: Տղամարդիկը իրենց ազգային եւ միութենական հարցերը կը ծեծէին: Տանտիկինները ձմրան պաշարի պատրաստութեան առնչուող իրենց ամառնային ծրագիրները կը մշակէին. իսկ պատանիները, պարսատիկի, “չաթալի“ բաղկացուցիչ մասերով զինուած` ամէն մէկ ծառի ճիւղին նայելով իրենց պատրաստելիք “չաթալը“ կ՛երազէին ստեղծել:
Լեռնային ճամբուն գագաթնակէտին` Տահր էլ Պայտարի բարձունքին, Պէքաայի դաշտին հսկայ պաստառը կը բացուէր. համայնապատկեր մը, զոր ճամբորդները սքանչացման խօսքերով եւ խորունկ շունչով մը կը դիմաւորէին: Հեռուն` կանաչ, սրճագոյն, մոխրագոյն փռուած “գորգերը“, երազային աշխարհի մը դռները կը բանային: Տղաքը անմիջապէս կ՛երեւակայէին ֆութպոլ խաղալ քառանկիւն դաշտերուն վրայ կամ որսի երթալ պարտէզներուն մէջ:
Խիտ ծառաստաններուն մէջէն, տեղ-տեղ բարակ ծուխ մը կը բարձրանար, գիւղական լաւաշ հացի թոնիրներէն:
Թխուած լաւաշի եւ այրած փայտի հոտը մտքերուն մէջ կ՛արթնցնէր զգայարաններէ փոխանցուած նախկին ամրան յիշատակները:
Ճամբորդները, իրենց աչքերը սեւեռած` գծագրուած պատկերին, ուրախութեամբ կը վերյիշէին վայրէջքին վրայ գտնուող գիւղերուն անունները` Մտէյրիժ, (ը)Ժտիդա, Գապ էլիաս, Պար էլիաս…, մինչեւ որ հասնէին իրենց վերջնական կայքը:
Իրենց ընտանիքները տեղաւորելէ ետք տղամարդիկը գրեթէ ամէն օր Պէյրութ կ՛իջնէին գործի: Առաւօտ, շատ կանուխ, լուսաբացէն առաջ, Զաքարին կամ Լութֆիկին “փոստան“ կը հաւաքէր իր ճամբորդները եւ կը տանէր գործի: Իսկ երեկոյեան, ընտանիքի անդամներ, խումբ առ խումբ կանգնած` ճամբուն եզերքը, ուրիշներ ալ ծառերու վրայ ելած` կը սպասէին հայրիկներուն վերադարձին: Ծառին վրայ ելլողը կը պոռար.
– Հեռուն տեսայ, կարծեմ Զաքարին փոստան է:
Գուշակողը անպայման ճիշդ չէր ըլլար: Ան յաճախ կը սխալէր, երբեմն դիտմամբ, կատակը իրականութեան հետ խառնելով:
– Մէկ, երկու, երե՛ք, ասիկա է հայրիկին փոստան:
– Ո՛չ, քու բախտդ չբռնեց, հիմա ես պիտի փորձեմ . մէկ, երկու, երեք…
Իսկ ան որ պարտուէր (եւ երրորդ ինքնաշարժը հայրիկը չբերէր) ստիպուած էր գործ մը ընելու` աղբիւրէն կուժով ջուր տանելու տուն, փուռէն հաց բերելու, մայրամուտին տան կազէ լապտերը վառելու, հաւերուն կեր տալու …
Գիւղը մնացողները ամբողջ օրը կը վայելէին Շթորայի բարիքները: Արշալոյսին, կաթնավաճառը կը բերէր թարմ կաթ, իսկ տան կից հաւնոցէն եկող կտկտոցը նշան էր, թէ թարմ հաւկիթները պատրաստ էին: Թոնիրներէ ելած ծուխն ու այրած ալիւրին հոտը, լաւաշ հացի սիրահարները կ՛ուղղէին դէպի այդ կողմ: Անդին չարաճիճի տղաք նախօրօք իրենց կողմէ ընտրուած պարտէզ մը, այգի մը ասպատակելու աշխատանքով կը զբաղէին օրուան վերջաւորութեան տեղացի պահակին, “նաթուր“ին հետ հարց ստեղծելով:
Սովորութիւն դարձած էր նաեւ, որ մի քանի ընտանիքներ միասնաբար վարձէին այգի մը, որուն առատ բերքէն բաժին կը հանուէր ազգականներու, բարեկամներու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու:
Կէսօրէ ետքը հանգիստի ժամն էր. արեւու ճառագայթներէն խանձած գիւղը զովացնելու նպատակաւ նախախնամութիւնը կը ղրկէր Պեքաայի դաշտին հովը, շթորացիներուն համար` “խենթ հով“ը, որ կը բանար գիւղի բարտիներուն լեզուները: Ամբողջ Շթորան կը խշշար: Մայրամուտին հետ, “խենթ հով“ը կը հեռանար զով եւ օդասուն հետքեր ձգելով իր ետին: Ընթրիքէն ետք, մանաւանդ լուսնակ գիշերով, խումբ առ խումբ, երիտասարդներ դուրս կ՛ելլէին քալելու եւ ամբողջ Շթորան կը լեցուէր երգով ու երաժշտութեամբ:
– Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին …
Առաջնորդութեամբ դդումէ լապտերներ բռնողներու, “վերի“ շթորացիներու խումբը, մանտոլինով եւ աքորտիոնով զինուած` կը կտրէր Շթորա-Զահլէ մայր պողոտան, միանալու համար “վարի“ շթորացիներուն, որոնց մէջ արուեստագէտներ չէին պակսեր: Խումբը կ՛անցնէր Աղբալեան կեդրոնին առջեւէն ուղղուելով դէպի Այնճար-Դամասկոս տանող մայրուղին: Ինքնաշարժներու երթեւեկը չէր խանգարեր “գիշերաշրջիկները“, որոնց շուրջպարը ճամբուն մէջտեղը ուրուականներու խորհրդաւոր պատկեր մը կը գծէր: Հազուադէպօրէն անցնող ինքնաշարժ մը կանգ կ՛առնէր մինչեւ երգիչներն ու պարողները քաշուէին ճամբուն եզերքը:
Գիշերային պտոյտի ելլողներուն այլ զբօսման վայր մըն էր Օթել “Մասապքի“ն, ուր եւրոպական, արաբական երաժշտութեան կը միանար նաեւ հայկականը:
Ամրան վերջաւորութեան, ձմրան պաշարի պատրաստութեան ընթացքին, գիւղը կը պարուրուէր տեսակ-տեսակ հոտերով` եռացող լոլիկի, խաշած ցորենի, հալած պաստեղի, մալեզի, թարխանայի:
Այգեկութքէն ետք արտօնուած էր մտնել տեղացիներուն այգիները եւ օգտուիլ մոռցուած ողկոյզներէն: Այս “արշաւ“ին անունն էր “պաշաղ“*: Ճարպիկ տղաք իրենց որսորդական արշաւներու ընթացքին կը հետազօտէին այգիներն ու պարտէզները. որոնց հունձքէն ետք, կարելի էր “պաշաղ“ ի երթալ: Որոշուած օրը, պարկերով զինուած, մեծ ու պզտիկ, կ՛արշաւէին պտուղի պարտէզները, սոխի, գետնախնձորի արտերը եւ բեռնաւորուած` կը վերադառնային տուն:
Լիբանանի երկրորդ եւ աւելի մտահոգիչ քաղաքացիական տագնապին սկիզբը` 1975-ին, Շթորայի հայերը կրցան ապահով անցընել: Տարի մը ետք սակայն, դրացի երկրի սահմանէն թափանցած պաղեստինեան “Եարմուք“ զօրաբաժինը, ինչպէս նաեւ Պաալպէքի կողմերէն թալլող ցեղախումբեր, սկսան կողոպտել ու աւերել հայկական շէն գիւղը, երբ անոր բնակիչները կը գտնուէին Պէյրութ: Կողոպտեցին գրեթէ ամէն ինչ, նոյնիսկ դուռ-պատուհան, սալայատակի մարմար քարեր, ջուրի խողովակներ, տան առարկաներ եւ ամէն բան, զոր կարելի էր քակել եւ տանիլ: Տեսարանը ապշեցուցիչ էր: Թալանողներուն համար անպէտ նկատուող առարկաներ` գիրքեր, ընտանեկան նկարներ, նետուած էին պարտէզներուն մէջ: Գետինը դաշնամուրի մը մնացորդ ստեղնաշարը կար, իսկ կափարիչը, կը ծառայէր որպէս լուացարանի դուռ, տունը գրաւող նոր բնակիչներուն համար: Նուագարանին տախտակէ մնացեալ մասերը շատ հաւանաբար գործածուած էին որպէս վառարանի փայտ:
Անապահով վիճակը եւ տուներուն անբնակելի դարձած ըլլալու իրողութիւնը, հայկական Շթորայի բնակիչները մղեցին հեռու մնալու իրենց սիրելի գիւղէն: Ոմանք յամառօրէն փորձեցին վերակառուցել իրենց կիսաքանդ բնակարանները, վերադառնալու եւ բնակելու մտադրութեամբ, սակայն` ափսոս. ամէն անգամ որ ժամանակաւորապէս հեռանային, կողոպտիչները կը վերսկսէին իրենց աւերիչ արարքները: Այս յուսահատական եւ զզուելի իրավիճակին արդիւնք` գիւղի հայ բնակիչներ իրենց բնակարաններն ու կալուածները սկսան ծախել, մինչեւ որ գիւղը` հայկական Շթորան, հայաթափուեցաւ:
Ներկայիս կանգուն կը մնայ Աղբալեան կեդրոն- մատուռը, ուր պարբերաբար պատարագ կը մատուցուի, իսկ հայկական Շթորան դադրած է գոյութիւն ունենալէ:
2011
- Ցորենի այն ծոպերը, որոնք մանգաղով հնձուած պահուն գետին կը թափին. գիւղին այրի կիներն եւ որբերը կը հաւաքեն զանոնք իրենց ձմեռուան պաշարին համար: