ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՉԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒՈՂ ՈՃՐԱՅԻՆ ԽԱՌՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 45 Second

hb Յ.ՊԱԼԵԱՆ

“Ոճրային“ բառը խրտչեցնող թող չհամարուի: Յաճախ կը յիշեցնեն որ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը անլուր ոճիրներու եւ մահերու պատճառ եղած է: Այսօր քաջութիւնը ունի՞նք ըսելու, թէ “խաղաղութեան“ պայմաններու մէջ ի՞նչ է թիւը բնական մահով չմեռնողներու:
Խորագիրը տպաւորելու օրաթերթային միտում չունի: Հետագայ տողերը հանրաժողովներու ընթացքին դրսեւորուած բանգիտութեան ցուցադրութեան ցանկութիւն չեն: Անոնք կը նկրտին ըլլալ հրաւէր մը Պղատոնի նկարագրած ստուերներու քարայրէն դուրս գալու եւ իրականութիւնները սեւեռելու, սեփական եւ մասնակի շահախնդրութիւններէն վեր բարձրանալով: Այդ “վեր“ը հակաանհատապաշտական, հակատեղայնական, հակադիրքապաշտական պէտք է ըլլար, որպէսզի չմոռցուէին մարդը եւ մարդկութիւնը:
Այսօր կացութիւնը այնպէս է, որ անհատը եւ հաւաքականութիւնը անատակ դարձած են ընդունուած կամ պարտադրուած աչքի կապանքները քակելու: Ի հարկէ կան բացառութիւններ, որոնց ձայնը չի լսուիր եւ օրինակը չի տեսնուիր: Կարծէք որեւէ ժամանակէ աւելի “մարդը մարդուն գայլն է“ (“homo homini lupus“, ըսած էր Հոպզ): Այս` հակառակ շռնդալից ժողովներու եւ ամպագորգոռ ճառերու: Ամէն տարուան Սեպտեմբերին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովը անոնց թատերաբեմն է:
Յառաջդիմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն սառցակոյտի (iceberg) երեւցող մասն են միայն: Չերեւցող մասը գիտցողներ կան, անոր ետին ամէն վայրկեան ապրուող ողբերգութիւններ կան: Երբեմն կը խօսուի անոնց մասին, հազուադէպօրէն, առանց կարեւոր լուր ըլլալու, եւ կը մնայ ուշադրութիւն հրաւիրող աղմուկ:
Սպառողական ընկերութեան ո՞ր տոկոսը կը հետաքրքրուի (ներառեալ համեստներու բանակը), թէ աշխարհի մէջ վատ սննդառութեան եւ անօթութեան պատճառով 2էն 5 միլիոն մանուկներ կը մեռնին ամէն տարի: Այս կացութիւնը անհաւասարութենէ աւելի ցած մակարդակ է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու որ ինք անմեղ է: Ամէն անգամ որ վեց երկվայրկեան կ՛անցնի, աշխարհի մէջ մէկ մանուկ կը մեռնի անօթութեան պատճառով: Ամէն օր 16.500: Հակառակ արձանագրուած յառաջդիմութեան, աշխարհի մէջ ամէն տարի 862 միլիոն մարդ կը մեռնի վատ սննդառութեան հետեւանքով: Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուեալներուն, անոնք կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան 15 տոկոսը:
Ջուրի սակաւութեան կամ ապականութեան պատճառով ամէն վայրկեան 7 անձեր կը մեռնին: Ըստ 2010ի տուեալներուն, աշխարհի 800 միլիոն բնակիչներ զրկուած էին ըմպելի ջուրէ եւ 2,5 միլեառ մարդիկ տարրական առողջապահական սարքաւորումներէ, այսինքն‘ ջրաբաշխումը իրենց տուները չի հասնիր:
Այս խայտառակ կացութիւնը կը ստեղծուի անոր համար, որ ջուրը չարաշահման առարկայ է: Ինչպէս նաւթը: Անոնց տէր դարձած բազմազգ ընկերութիւնները (multinationales) շահեր կուտակելու իրենց մոլուցքին սահման չեն ճանչնար: Նոյն բազմազգ ընկերութիւններով կառավարուող ճարտարարուեստը ջրային պաշարները կ՛ապականէ սանձարձակ կերպով: Ժամանակին մարդիկ գետերու ջուրը կրնային խմել: Հիմա՞… Աւելցնենք մթնոլորտի ջերմութեան բարձրացման հետեւանքով յառաջացող անապատացումը, պիտի տեսնենք որ բնակչութիւններու լայնածիր տեղափոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, որոնք կը յառաջացնեն ոչ միայն տնտեսական ծանրակշիռ խնդիրներ (տագնապներ), այլ նաեւ քաղաքակրթական, մշակութային եւ քաղաքական, որոնց հետեւանքները սրութեամբ կը դրուին, նոյնիսկ եթէ քաղաքական կոչուած ճապկումները կը փորձեն զանոնք վարագուրել:
Այս հաստատումներու հետեւանքները հասկնալու փորձէ առաջ, կ՛արժէ անդրադառնալ անցնող դարերու ծաւալապաշտական եւ գաղութարարական չարիքներուն, որոնք ներկայի բնակչութիւններու տեղափոխութեան հակառակ ուղղութեամբ ընթացած էին, բնիկներուն պարտադրելով անհարազատ իշխանութիւն, մշակոյթ, լեզու, արժէքներ: Բրիտանական կայսրութիւնը տարածուած էր մինչեւ Հնդկաստան (այն ատեն Հնդկաստան եւ Փաքիստան չէին բաժնուած), Ֆրանսան գաղութներ ունէր Ափրիկէի մէջ: Գաղութարարները իրենց հետ տարած էին իրենց լեզուն, մշակոյթը, կենցաղը, զանոնք պարտադրելով, խաթարած են այդ աշխարհներու բնակչութեան ինքնութիւնները:
Աւելի պարզ խօսելով, նախայարձակում (agression) կատարուած էր ազգային ինքնութիւններու դէմ (կրօնք, լեզու, մշակոյթ):
Ներկայիս, կացութիւնը գլխիվայր շրջուած է, երբ նախկին գաղութներու բնակիչները զանգուածային կերպով կու գան նախկին գաղութարար երկիրներ եւ հոն կը հաստատուին, որոնք ի վիճակի չեն զանոնք ընդունելու լաւ պայմաններու մէջ եւ դիւրացնելու անոնց մշակութային եւ կենցաղային համարկումը: Քաղաքներու մէջ կամ շուրջ կը ստեղծուին նոր քաղաքներ (մեղանչում կը համարուի ըսել “կեթթօ“):
Զանազան պատճառներով եղած գաղթականական հոսքը անկասելի կը թուի ըլլալ, քանի որ աղքատ եւ թերաճ երկիրներուն մէջ բնակչութեան աճը մեծ է, կենսամակարդակը ցած է, ազատութիւնները չեն յարգուիր, առողջապահական պայմանները վատ են, չարաշահումները եւ փտածութիւնը կ՛արգելակեն ընկերային յառաջդիմութիւնը: Անցեալին, պատերազմէն ետք, գաղթականները կու գային լրացնելու աշխատուժի պակասը: Այժմ կը ներխուժեն բարօրութեան հասնելու ձգտումով:
Նոր գաղթականութեան թիւը կ՛աճի առանց արտօնութեան հասնողներով: Երբ աշխատանք չեն ունենար, հարուստ համարուած երկիրներուն մէջ ալ կը գտնեն թշուառութիւնը եւ կ՛ապրին նպաստներով, կը խմբուին վատորակ շէնքերու մէջ, չեն համարկուիր, կը դառնան “համայնք“ իրենց լեզուով, մշակոյթով, կրօնքով: Այդ ընչազուրկները եւ անոնց զաւակները անխուսափելիօրէն կը հակին դէպի զարտուղութիւններ, չարագործութիւններ, ոճիր, թմրեցուցիչի գործածութիւն եւ վաճառք: Ոստիկանական միջամտութիւնները կացութեան արմատական լուծում չեն բերեր: Դիրքերը կը կարծրանան ինքնութիւններու շուրջ:
Միաժամանակ, գործազրկութիւն եւ համարկումի դժուարութիւնները ծնունդ կու տան հակամարտութիւններու, որոնք կը դրսեւորուին, տնտեսական խորքի վրայ աճող ինքնութիւններու կարծրացման, կրօնական եւ կենցաղային: Ճարտարարուեստականացած երկիրներու մէջ գործազրկութիւնը ծնունդ կու տայ այլամերժութեան եւ անոր ծայրայեղութեան` ցեղապաշտութեան, գաղթականութիւնը դարձնելով թիրախ: Իսկ գաղթականութիւնը կը կառչի իր ինքնութեան եւ կրօնքին: Իսլամական ծայրայեղութիւնը տնտեսական եւ ինքնութեան հիմերու վրայ կ՛աճի: Միաժամանակ, արեւմտեան երկիրներու մէջ աճող ծայրայեղ աջակողմեան շարժումները նոյն հիմերը ունին: Այսինքն կողմերը, իրենց հակամարտութիւններու արդարացումը կը փոխադրեն ինքնութեան մարզի մէջ:
Գաղութարարութեան հետեւանքները այսօր զգալի դարձած են հակառակ ուղղութեամբ, 180` շրջուած ձեւով:
Համաշխարհայնացումը եւ բազմազգ անկուշտ ընկերութիւններու յարաճուն տիրապետութիւնը այս կարգի հարցերով չեն զբաղիր, անոնք մաս չեն կազմեր իրենց արժէքներու տախտակին: Հետեւաբար, լուծումները իրենք զիրենք պիտի փորձեն պարտադրել բրտութեամբ եւ բռնութիւններով: Ինչ որ կը կոչուէր հիւսիսհարաւի, կրօններու, ուժանիւթի կամ այլ անուններով բախում, կարծէք ընթացքի մէջ է: Պիտակները կրնան փոխուիլ: Ոչ ոք կը համարձակի այդ բարձրաձայն ըսել: Թատերաբեմե՞րը այդ բախումներուն. Եւրոպայի նախկին կայսրութիւնները, Միջին Արեւելքը, նախապէս գաղութացուած երկիրները:
Փաստ է այն, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, հզօր համարուած երկիրները, կամ անոնք որոնք բարեացակամութիւն ունին, տասնամեակներէ ի վեր տեւող պատերազմները չյաջողեցան, կամ չյաջողեցան կասեցնել, ինչպէս որ անկարող են կայսերականծաւալապաշտական բռնութիւններու հետեւանք անարդարութիւններու լուծում գտնել. Քորէաներ, Աֆղանիստան, ՀնդկաստանՓաքիստան, ԻսրայէլՊաղեստին, Կիպրոս, Հայաստան, Չեչենիա, Քուպա, Քիւրտեր, Մալի:
Այսօր հիւլէական ռումբի սարսափն է որ կ՛արգիլէ բազմատեսակ բախումներու վերածումը համաշխարհային պատերազմի:
Խօսուեցաւ Համաշխարհային Նոր Կարգի մասին: Ի՞նչ բովանդակութեամբ, ո՞ր իրաւարարներով, ինչպէ՞ս:
Ընկերութիւններու բոլոր մակարդակներուն այս հարցադրումը պէտք է ընել, պզտիկ երկիրներու ժողովուրդներէն մինչեւ մեծերը, չարաշահութեանց եւ անարդարութիւններուն հակադրելով գլխագրուած Մարդկութիւնը:
Հրապարակ պիտի գա՞ն Կանտիի, Ռոպէր Շումանի, զօրավար Տը Կոլի եւ Քոնրատ Ատենաուըրի մեծութեամբ տեսիլք եւ հեռատեսութիւն ունեցող եւ պատմութիւնը դրոշմող մարդիկ, որպէսզի ժամանակակիցներս մասնակից, մեղսակից եւ զոհերը չըլլանք բոլոր ժամանակներու մեծագոյն աղէտին:
Պճեղ մը իրատեսութիւն եւ անհուն իմաստութիւն, որպէսզի խօսինք ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐ ԿԱՐի մասին, հասկնալի ըլլալու համար` Nouvel Ordre Mondial, վերականգնելով ազգերու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները եւ հնարաւորութիւն ընծայելով անոնց տնտեսական եւ մշակութային ինքնուրոյն զարգացման:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles