
Ստորեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան բնագիրը․-
1- Կը յայտարարուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին 2020 թուականի նոյեմբերի 10-ին Մոսկուայի ժամով 00.00-էն սկսեալ։ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այսուհետ՝ կողմեր, կանգ կ՚առնեն իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ։
2- Աղտամի շրջանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանին մէջ հայկական կողմէն պահուած տարածքները ատրպէյճանական կողմին կը վերադարձուին մինչեւ 2020 թուականի Նոյեմբերի 20-ը։
3- Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը տեղակայուի Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրակազմ՝ 1960-ական զինեալներ հրաձգային զէնքով, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր ինքնաշարժ եւ յատուկ թեքնիկ սարքեր։
4- Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբը կը ծաւալուի հայկական զինեալ ուժերու դուրսբերման զուգահեռ։ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրակազմի գտնուելու ժամկէտը հինգ տարի է՝ հերթական հնգամեայ ժամանակահատուածով ինքնաբերաբար երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն ոեւէ մէկը ժամկէտի աւարտէն վեց ամիս առաջ չյայտարարէ այդ դրոյթի կիրառումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին։
5- Հակամարտ կողմերը պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերահսկողութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով կը ստեղծեն հրադադարի վերահսկման խաղաղապահ կեդրոն մը։
6- Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը Ատրպէյճանի Քելպեճերի շրջանը կը վերադարձնէ, իսկ մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը՝ Լաչինի շրջանը՝ պահպանելով Լաչինի միջանցքը (5 քիլոմեթր լայնութեամբ), ինչ որ կ՚ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ եւ միեւնոյն ժամանակ չի շօշափեր Շուշին։
Կողմերու համաձայնութեամբ՝ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին կ՚որոշուի Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, որ կ՚ապահովէ Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի միջեւ կապը՝ ապագային այդ երթուղիի պահպանման համար ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերատեղաբաշխմամբ։
Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով։
7- Ներքին տեղահանուած անձերն ու փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ Մ․Ա․Կ․-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքեւ։
8- Կը կատարուի ռազմագերիներու, այլ պահուող անձերու եւ զոհուածներու դիակներու փոխանակում։
9- Տարածքաշրջանէ ներս կը բացուին բոլոր տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚ապահովէ փոխադրութեան հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն միջեւ՝ երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու անարգել երթեւեկութիւն կազմակերպելու նպատակով։ Փոխադրութեան հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը կ՚իրականացնեն Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները։
Կողմերու համաձայնութեամբ կ՚ապահովուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող նոր փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու կառուցումը։
Նոյեմբեր 10, 2020
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
«Համաձայնագիրին Բնագիր» և Աներեսը