
Նիւ Եորքի Համազգայինի մանկապատանեկան «Ծիրանի» երգչախումբի անդրանիկ համերգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ գիշեր, Մարտ 29-ին , Ուտսայտի Հայ կեդրոնին մէջ:
Ժամանակէն առաջ արդէն սրահը լեցուած էր եւ բոլոր աթոռները գրաւուած ըլլալով՝ վերջին եկողները ոտքի կեցած մնացին: Յիրաւի տպաւորիչ ներկայութիւն մը:
Ղեկավարը՝ Հայաստանէն եկած Գեւորգ Հաճեանն էր, որը բացառիկ կարողութիւններով օժտուած՝ կրցած էր երեխաներուն սորվեցնել եւ սիրցնել հայ երգը: Յայտագիրը կազմուած էր ազգային-հայրենասիրական երգերէ, եւ մեներգներէ որը 8-13 տարեկան փոքրիկները վարակիչ խանդավառութեամբ երգեցին, հպարտութեամբ լեցնելով մեր կարօտեալ սրտերը եւ յաճախ յուզելով ներկաներէն շատեր: Բուռն ծափահարութիւնները խոսուն վկան էին այս համերգի յաջողութեան:
Համերգի աւարտին, միութեանս ատենապետուհին՝ ընկհ. Աստղիկ Սեւակ, շնորհաւորեց երգչախումբի ղեկավարը՝ Գեւորգ Հաճեան եւ երգող փոքրիկները, ու շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն որոնք ճիգ չէին խնայած համերգը լաւագոյնս ներկայացնելու: Ապա բեմ հրաւիրեց Առաջնորդական փոխանորդ՝ Հայր Անուշաւան Դանիէլեանը որը շնորհաւորեց մասնակցող մանուկներն ու պատանինեհո եւ քաջալերեց զիրենք որ սիրեն ու տարածեն Հայ երգը: Ապա գործող յանձնախումբի անդամներէն Սօսի Էսաճանեան, յայտարարեց որ երգչախումբի իւրաքանչիւր մասնակցողի պիտի տրուի Զուլալ երրեակի կողմէ նուիրուած Խտասալիկ(CD):
Արդար է նշել որ Նիւ Եորքի Համազգայինի առաջին մանկապատանեկան երգչախումբը, կազմուած էր՝ 1977-ին մասնաճիւղիս տասնամեակին առթիւ եւ 35 հոգինոց երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ Ալիս Թըլի Հոլ, Լինքըն Սէնթըրի մէջ, ղեկավարութեամբ Րաֆֆի Բ. Սվաճեանի: Երկրորդ անգամ, 2005-ին վերակազմուեցաւ մասնաճիւղիս մանկապատանեկան երգչախումբը որուն մասնակցեցան նաեւ Սիամանթօ լսարանի աշակերտները եւ Վաղարշակ Օհանեանի ղեկավարութեամբ ելոյթ ունեցան Համազգայինի տարեկան համերգին: Այս երրորդ համերգի խոր ազդեցութիւնը եւ մեր ուրախութեան խառնուած յուզումը, դեռ երկար ժամանակ ներկաներու մտքին մէջ դրօշմուած պիտի մնայ:
Բաւարար խոսքեր չկան, դրուատելու համար Համազգայինի վարչութիւնը եւ մանաւանդ ատենապետուհի ընկհ. Աստղիկ Սեւակը, որու առանց յուսահատելու, յամառ, յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ Նիւ Եորքի Համազգայինը դարձեալ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը:
Բարի երթ «Ծիրանի» երգչախումբին: