ԱմերիկահայԼրահոս
ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Հինգշաբթի, 4 Յունիսին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան մասնակցեցաւ «’Sitting as a Stranger’: Evagrius in the Desert and Beyond» գիտաժողովի առաջին օրուան նիստերուն։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Սուրբ Ներսէս ճեմարանին (Արմոնք, Նիւ Եորք) կողմէ։ Եռօրեայ գիտաժողովին մասնակցեցան 20 գիտնականներ Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն։

