
Նիւ Ճըրզի
Երկրորդ տարին ըլլալով «Համազգային»-ի «Փեթակ» ամառնային ճամբարը համախմբեց հայ պատանիներ, որոնք «Զում»-ի դրութեամբ եւ մէկ շաբթուայ տեւողութեամբ հետեւեցան ծրագրաւորուած յայտագրի մը եւ իրարու հետ հաճելի ժամանակ անցնելով ստեղծագործեցին, բացայայտեցին եւ վերակենդանացուցին արեւմտահայերէնը իրենց առօրեային մէջ։
Առաջին օրուան աշխատանոցը վարեց Նարեկ Մեսրոպեանը, որ իր խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ մը։ Ան նպաստեց, որ մասնակիցները իրար ծանօթանան ու հանգիստ զգան իրարու հետ։
Երկրորդ օրը արուեստագիտուհի Մարալ Քէշիշեան պատանիներուն ծանօթացուց գծագրութեան սկզբունքները։ Ան գոյներու եւ գիծերու ուղղութիւններ տալով պատանիներուն, առաջնորդեց գծելու ջայլամ մը։ Նիստին վերջաւորութեան իւրաքանչիւր մասնակից իր գծածը հպարտութեամբ ցուցադրեց։ Զանազան չափի ու գոյնի ջայլամներ վիզերնին երկարած ու գլուխնին ցցելով պաստառը ծածկեցին իրենց հետաքրքիր աչքերով։
Երրորդ օրը Ծովինար Հացագործեան վարեց հայ մշակոյթի նիստը։ Ան մասնակիցներուն ծանօթացուց Սասունցի Դաւիթի, Սարդարապատի եւ «Մենք Ենք Մեր Սարեր»-ը յուշակոթողներուն մասին, ու քաջալերեց ներկաները մասնակից դառնալու խօսակցութեան զարգացման մրցումի եւ հանելուկներու պատասխանելով, թարմացնելով իրենց հայկական գիտելիքներու եւ բառերու պաշարը։
Յաջորդ օրը, Անի Չաղլասեան առաջնորդեց «Եփել-Թափել»-ու պահը։ Մասնակիցները իրենց խոհարարի գոգնոցները վրանին անցուցին եւ նետուեցան համեղ անուշեղէնի պատրաստութեան, հետեւելով իրենց ղեկավարին ցուցմունքներուն։ Ապա անոնք խօսեցան հայկական լաւաշ հացի եւ Հայաստանի մէջ աճող պտուղներու մասին։ Հայկականէն անցնելով համամարդկայնականին, Նարեկ Մեսրոպեանը խօսեցաւ կլիմայի փոփոխութեան եւ տարբեր երկիրներու ճարտարապետութեան մասին։
Վերջին օրը, Դոկտ. Շողակ Բանճարեան ներկայացուց գիտական պահը, կատարելով գիտական փորձագիտութիւններ, խօսելով առարկաներու խտութեան մասին, ինչպէս նաեւ թուաբանութեան մասնագէտ-գիտնական Տանիէլ Պրնուլիի գիւտին մասին, որ մինչեւ օրս կը դասաւանդուի դպրոցներու մէջ։
Հինգ օրերու ընթացքին ներկայացուած ծրագիրները սատարեցին որ մասնակիցները արեւմտահայերէնը գործածեն իրենց առօրեային մէջ։ Անոնք անձամբ ականատես եղան թէ ինչպէս հայերէնը ապրող ու շնչող, ու հետեւաբար նաեւ վերանորոգուող լեզու մըն է, որ քիչ մը ջանքով ու փորձով կարելի է օգտագործել կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, արուեստէն մինչեւ գիտութիւն։