
Read Time:33 Second
ԵՐԵՒԱՆ.– Մայիս 29-ին Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային միութեան 7րդ Պատգամաւորական ժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ: Ժողովին կը մասնակցին շուրջ 80 պատուիրակներ՝ աշխարհի 15 երկիրներէ։
Համազգայինի 7րդ Պատգամաւորական ժողովը, պիտի յստակացնէ համահայկական այս կառոյցին յառաջիկայ չորս տարիներու գործունէութեան ուղղութիւնները, կատարելիքներն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ պիտի ընտրէ Համազգայինի նոր Կեդրոնական վարչութիւն։
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգային հիմնարկի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը: Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 80ամեակին նուիրուած տեսաերիզ մը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան ստորագրեցին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտին մէջ գիտական, կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող Համագործակցութեան յուշագիր: Հրաւիրուած էին նաեւ հայրենի արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ: