Հաղորդագրութիւն.- Համազգայինի Գրասենեակ՝ Գիւմրիի Մէջ

0 0
Read Time:51 Second

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ իր նոր գրասենեակի հաստատումը Հայաստանի Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ։

Կիրակի, Փետրուար 19-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակին: Նոյն օրը, Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, կատարուեցաւ բանաստեղծին նուիրուած Համազգայինի գրասենեակի հրատարակութիւն՝ «Վահագն Դաւթեան. 100 բանաստեղծութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը: Անմիջապէս ետք, Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակին մէջ նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը, եւ ներկաներուն նուիրուեցան Համազգայինի հրատարակութիւններէն գիրքերու օրինակներ:

Այսուհետեւ Համազգայինը մաս պիտի կազմէ Գիւմրիի հարուստ մշակութային կեանքին, զայն յաւելեալ ծաղկեցնելով ու աշխուժացնելով։ Իր ծաւալած գործունէութեամբ, Համազգայինի Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակը իր ուրոյն դերը պիտի ունենայ հայ կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտէն ներս եւ պիտի աշխատի ի նպաստ հայ մշակոյթի ստեղծման, տարածման եւ զարգացման։ Աշխատանքը պիտի ընթանայ գրասենեակի նորանշանակ պատասխանատու Արա Նախշքարեանի հսկողութեամբ։

Ինչպէս Համազգայինի Երեւանի եւ Ստեփանակերտի գրասենեակները, այնպէս ալ Գիւմրիի այս գրասենեակը կամուրջ պիտի հանդիսանայ սփիւռքի եւ հայրենիքի արուեստի զանազան խումբերու եւ կրթական հաստատութիւններու միջեւ։
Յաջողութիւն, կանաչ ճանապարհ ու բեղուն գործունէութիւն կը մաղթենք Համազգայինի Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակի աշխատանքներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles