ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆԻ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ ՏԱ­ՐԵ­ՎԵՐ­ՋԻ ԱՆ­ԴԱ­ՄԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ԺՈ­ՂՈՎ ԵՒ ՀԱ­ՄԱԽՄ­ԲՈՒՄ

0 0
Read Time:15 Minute, 40 Second

 ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա. ԳՐԻ­ԳՈՐ­ԵԱՆ

Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Շրջա­նի Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան 36-րդ Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան Ժո­ղո­վը, բաց­ման հա­ւա­քը եւ հա­մախմ­բու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նիւ Ճըր­զի եւ Նիւ Եորք քա­ղաք­նե­րում, Մա­յիս 18-19, 2012ին:

Բաց­ման հա­ւա­քը եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւնը, Շրջա­նա­յին Ժո­ղո­վը եւ հա­մախմբ­ման հան­դի­սու­թիւնը կա­տա­րեց երեք տար­բեր վայ­րե­րում, որոնց մա­սին հեր­թա­կա­նօ­րէն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք:

Բաց­ման հան­դի­սու­թիւնը եւ ընթ­րի­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­յիս 18ին, Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, (Մեն­հե­թըն, Նիւ Եորք): Բաց­ման աղօթ­քով, հան­դի­սու­թիւնը բա­ցաւ Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ար­ժա­նա­պա­տիւ Տ. Մես­րոպ քհնյ. Լա­գիս­եա­նը: Ան իր խօս­քին մէջ նշեց.- Սրտի ան­հուն ու­րա­խու­թեամբ, կ՛ող­ջու­նեմ ձեր բո­լո­րի ներ­կա­յու­թիւնը Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր եկե­ղեց­ւոյ, իս­կա­պէս մե­զի հա­մար ու­րա­խու­թիւն է, որ այս բաց­ման մտեր­միկ հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ: Բա­րի եկած էք բո­լորդ“: Տէր Հայ­րը իր խօս­քը շա­րու­նա­կե­լով նշեց.- Սփիւռ­քա­հայ կեան­քէ ծնած այս մեծ միու­թիւնը 84 տա­րի­ներ շա­րու­նակ եղաւ հա­յա­պահ­պան­ման եւ ազ­գա­պահ­պան­ման մեր ընդ­հա­նուր պայ­քա­րի առաջ­նա­պահ մար­տիկ­նե­րէն մէ­կը: Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րեմ, Հա­մազ­գա­յի­նի հա­ւա­քա­կան ծա­ռա­յու­թեան եւ աշ­խա­տան­քին իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րող բո­լոր ան­դաման­դա­մու­հի­նե­րուն“:

 Օր­ուան հան­դի­սա­վա­րու­հի, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եա­նը, բեմ հրա­ւի­րեց Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նին, որ իր սրտի խօս­քը կա­տա­րէ:

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպս. Դանի­էլ­եա­նի խօս­քից որոշ յատ­ուած­ներ.-

Պի­տի ասեմ, այն ինչ որ կը զգամ, որ­պէս սրտի խօսք եւ փո­խան­ցեմ Թե­միս բարձ­րաշ­նորհ առաջ­նորդ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի հայ­րա­կան ող­ջոյն­նե­րը: Ես կը հա­ւա­տամ, անոնց որ հա­ւա­տով լեց­ուած են, հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման գոր­ծին, անոնք միշտ կը յա­ջո­ղին, որով­հե­տեւ հա­ւատ­քով աշ­խա­տող­նե­րին միշտ Աստ­ուած կ՛օգ­նէ: Առա­ծը կ՛ըսէ, փո­խա­նակ խա­ւա­րը անի­ծե­լու, մոմ մը վա­ռէք, այ­սօր մեր Հա­մազ­գա­յի­նը եւ նոյն­պէս քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եղեռ­նէն ետք, ստեղծ­ուած խա­ւա­րէն յե­տոյ մոմ վա­ռե­ցին, դա ըլ­լայ մայր հայ­րե­նի­քին մէջ եւ ապա սփիւռք­եան մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ: Ես կը մաղ­թեմ, Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին Ժո­ղո­վը եւ հա­մախմ­բու­մը ըլ­լայ այն­պի­սի առիթ մը, որ իս­կա­պէս ճա­ռա­գայ­թէ եւ Աստ­ուած հայ մշա­կոյ­թի այս բարձր գի­տակ­ցու­թիւնը ձեր մէջ միշտ կան­գուն պա­հէ՛“:

Բեմ հրա­ւիր­ուեց Ամե­րի­կա­յի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան մե­ծա­գոյն Գոր­ծա­դիր տնօ­րէն` Լե­ւոն Ֆիլ­եա­նը: Ստո­րեւ, որոշ հատ­ուած­ներ իր խօս­քից.- Այ­սօր մենք ու­րա­խու­թեամբ Հա­մազ­գա­յի­նի պատ­ուին ձեռ­նարկ մը կ՛ընենք: Մենք պի­տի աշ­խա­տինք մեր մշա­կոյ­թը վառ պա­հել: Ես Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նա­դիր ան­դամ եղած եմ, նշեց պրն. Ֆիլ­եա­նը շա­րու­նա­կենք ցա­նել, շա­րու­նա­կենք քա­ջա­լե­րել, քա­նի որ մենք հա­րուստ մշա­կոյթ ու­նինք: Աստ­ուած օրհ­նէ, Հա­մազ­գա­յի­նը, Աստ­ուած օրհ­նէ Թէ­քէ­եան Միու­թիւնը, Աստ­ուած օրհ­նէ մեր մշա­կոյ­թի ծա­ռա­յող­նե­րը եւ փո­խան­ցենք մեր մշա­կոյ­թը յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն“:

Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Վա­հէ Ժա­մա­գործ­եա­նը, իր ող­ջոյ­նի խօսքն ասաց, ար­ժե­ւո­րեց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, նշեց որ Հա­մազ­գա­յի­նը յանձ­նա­ռու­թիւն ու­նի հայ մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ եւ մենք պէտք է այդ յանձ­նա­ռու­թիւնը ար­դա­րաց­նենք:

Բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ ընկ. Դոկտ. Արա Նա­զար­եա­նը, որ հան­գա­մա­նօ­րէն նշեց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­մազ­գա­յի­նին օժան­դա­կող ան­հատ­նե­րից եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րից, հա­մախմ­բու­մին բա­րո­յա­պէս եւ նիւ­թա­պէս օժան­դա­կող Դոկտ. Հայ­կազ Գրի­գոր­եա­նին եւ Անդ­րա­նիկ Բու­դաղ­եա­նին:

Հան­դի­սու­թիւնն ան­ցաւ ու­րախ եւ ըն­կե­րա­կան մթնո­լոր­տում հիւ­րե­րու շար­քին: Ներ­կայ էին նա­եւ Կ.Կ. Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հրայր Պա­րոն­եա­նը եւ Հ.Օ.Միու­թեան Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եա­նը:

Գե­ղար­ուես­տա­կան բաժ­նին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնն էին բե­րել, ար­հես­տա­վարժ “Սի­մա“ եռ­եակ նուա­գա­խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ Անի Գա­լայճ­եա­նէ (թաւ ջու­թակ), Սա­մի Մէյ­տին­եա­նէ (ջու­թակ) եւ Սոֆ­իա Մե­լիք­եա­նէ (դաշ­նա­մուր):

Նուա­գախմ­բի կող­մից կա­տար­ուած երաժշ­տա­կան բարձ­րո­րակ ելոյթ­նե­րը մեծ հա­ճոյք պատ­ճա­ռեց:

 

 

ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻ­ՆԻ ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ ՇՐՋԱ­ՆԱ­ՅԻՆ 36-ՐԴ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒՑ­ՉԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈՎ

 36-րդ Շրջա­նա­յին Ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ Մա­յիս 19-ին, Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վար­դա­նանց Հա­յոց Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ սրա­հում (461 Bergen Blvd, Ridgefield N.J.): Ժո­ղո­վը բաց­ուե­ցաւ ար­ժա­նա­պա­տիւ` Տ. Յով­նան Պօ­զոյ­եա­նի Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քով: Պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րեց Շրջա­նա­յի­նի ատե­նա­պետ, ընկ. Արա Նա­զար­եա­նը, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­մազ­գա­յի­նի կա­տա­րած կա­րե­ւոր դե­րի մա­սին, Հայ Մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման եւ տա­րած­ման գծով տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րի առն­չու­թեամբ մի­ա­ձայ­նու­թեամբ դիւա­նի ան­դամ­ներ ընտր­ուե­ցան` ընկ. դոկտ. Արա Գաբրի­էլ­եան ատե­նա­պետ եւ ընկ. Տիգ­րան Թոխ­ման­եան ատե­նադ­պիր, որոնք ձեռն­հա­սօ­րէն վա­րե­ցին նիս­տե­րը: Ընտր­ուե­ցան նա­եւ արխիւա­յին, բա­նա­ձե­ւա­յին յանձ­նա­խումբ բաղ­կա­ցած ընկհ. Հեր­մի­նէ Մա­նուկ­եա­նէ եւ Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եա­նէ: Հաշ­ուեքն­նիչ եւ Քու­է­ա­խոյզ յանձ­նա­խում­բը Յո­վա­կիմ Մա­նուկ­եան եւ Աւե­տիս Պա­րոն­եան: Լի­ա­զօ­րագ­րե­րու յանձ­նա­խումբ ընտր­ուե­ցան` Արաք­սի Խա­չիկ­եան եւ Ալֆ­րէտ Եզ­նայ­եան:

Խօսք առին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` ընկ. Վա­հէ Ժա­մա­գործ­եան եւ նշեց.- Մենք բո­լորս պար­տա­կա­նու­թիւն եւ յանձ­նա­ռա­րու­թիւն ու­նինք մեր մշա­կոյ­թի եւ նոյն­պէս մեր երի­տա­սար­դու­թեան նկատ­մամբ եւ պէտք է մեր կա­րե­լին չխնա­յենք, հայ մշա­կոյ­թի տա­րած­ման եւ երի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման առն­չու­թեամբ“:

Ելոյթ ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հրայր Պա­րոն­եա­նը, որ կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց որ պէտք է ծրագր­ուած աշ­խա­տան­քով մեր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը շա­րու­նա­կենք ըն­կալ­ուած յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար:

Հ.Օ.Միու­թեան Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մէ, շնոր­հա­ւո­րան­քի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ քա­ջա­լե­րան­քի իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, ըն­կե­րու­հի Անի Քէ­շիշ­եա­նը: Ժո­ղո­վին 8 մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն ներ­կայ էին 7ը, Արե­ւել­եան Շրջա­նի ան­դամ­նե­րի թիւը 150: Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ ընկ. Դոկտ. Նա­զար­եա­նը ամ­բող­ջա­կան զե­կու­ցում ներ­կա­յաց­րեց, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան մի­ամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան շուրջ (Ապ­րիլ 30, 2011-Մա­յիս 19, 2012): Այդ շրջա­նում վար­չու­թեան կազ­մը ու­նե­ցել է հե­տեւ­եալ պատ­կե­րը`

 

Ընկ. Արա Նա­զար­եան` Ատե­նա­պետ

Ընկհ. Մա­կի Սի­մոն­եան` Փոխ-ատե­նա­պետ

Ընկհ. Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եան` Ատե­նադպ­րու­հի

Ընկ. Յա­կոբ Մել­քոն­եան` Գան­ձա­պահ

Ընկհ. Լե­նա Օհան­նէս­եան` Խորհր­դա­կան

Ընկհ. Ալին Պաղ­տա­սար­եան` Խորհր­դա­կան

Ընկհ. Հա­միկ Աւետ­եան` Խորհր­դա­կան

 

Ու­նե­ցել են աշ­խոյժ կապ, Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու եւ քոյր Միու­թիւն­նե­րու հետ:

Կազ­մա­կեր­պել են ԵՐԵՔ մաս­նա­ճիւ­ղա­յին ժո­ղով­ներ: Հաս­տա­տել են “Հա­մազ­գա­յի­նի Ան­կիւն“ մը, “Հայ­րե­նիք“ Շա­բա­թա­թեր­թի մէջ: Վար­չու­թիւնը Ե. Նա­մակ­նե­րի հաս­ցէ­ներ է ստեղ­ծել բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու հա­մար:

Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Ա.Մ.Ն.-ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Վար­չու­թեան ոչ հա­սու­թա­բեր կա­ցու­թիւնը վե­րա­հաս­տատ­ուել է եւ կա­րե­լի է օգտ­ուիլ տուր­քէ զերծ թուից:

Հա­մազ­գա­յի­նի հա­մար նիւ­թա­կան կա­յուն եկա­մուտ ապա­հո­վե­լու հա­մար, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը Նիւ Ճըրզիի մէջ ձեռ­նար­կել է` “Երե­խա­նե­րու Խնամ­քի Կեդ­րոն“ (Child Care):

Վար­չու­թիւնը ձեռ­նար­կել է Հայ գրա­գէտ­նե­րու եւ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու ցան­կի ստեղ­ծում: Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նադ­րամ­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թեան եղա­նա­կը պի­տի փոխ­ուի, աւե­լի դիւ­րա­մատ­չե­լի դարձ­նե­լու հա­մար թեկ­նա­ծու­նե­րու հա­մար, այս նպա­տա­կով պի­տի խորհր­դակ­ցին հիմ­նադ­րամ­նե­րու տէ­րե­րու հետ որոշ ար­գելք­ներ վե­րաց­նե­լու հա­մար:

Կեան­քի կոչ­ուեց երեք հո­գուց բաղ­կա­ցած տա­րե­կան մնա­յուն հաշ­ուեքն­նիչ մար­մին մը, բաղ­կա­ցած` Հիլ­տա Պա­րոն­եա­նէ, Նո­րա Տի­րագ­սա­օղլ­ուէ եւ Հու­րի Սամ­ուէլ­եա­նէ:

Վար­չու­թեան մի­ամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան առն­չու­թեամբ կա­տար­ուեց քննար­կում:

Ժո­ղո­վը դրուա­տեց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ելեկտ­րո­նա­յին արդ­ի­ա­կա­նաց­ման հա­մար տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը, մաս­նա­ճիւ­ղե­րու կող­մից տար­ուած մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը, Հա­մազ­գա­յի­նի ոչ հա­սու­թա­բեր կա­ցու­թեան վե­րա­հաս­տա­տում, “Երե­խա­նե­րու Խնամ­քի Կեդ­րոն“ի ծրագ­րում: Հա­յե­րէն լեզ­ուի եւ պատ­մու­թեան դա­սա­ւանդ­ման ծրագ­րա­ւո­րում եւայլ դրա­կան աշ­խա­տանք­ներ:

Ժո­ղո­վի մի­ա­ձայ­նու­թեամբ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան աշ­խա­տան­քը, գնա­հա­տեց, որ­պէս յոյժ գո­վե­լի: Կա­տար­ուեց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մի լրա­ցու­ցիչ ընտ­րու­թիւն:

Նոր կազմ ընտր­ուեց հե­տեւ­եալ կար­գով.-

 

Ընկ. Արա Նա­զար­եան` ատե­նա­պետ

Ընկհ. Ալին Պաղ­տա­սար­եան` փոխ ատե­նա­պետ

Ընկհ. Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եան` ատե­նադ­պիր

Ընկ. Յա­կոբ Մել­քոն­եան` գան­ձա­պահ

Ընկհ. Լե­նա Օհան­նէս­եան` խորհր­դա­կան

Ընկհ. Հար­միկ Աւետ­եան` խորհր­դա­կան

Ընկ. Տիգ­րան Փա­լանջ­եան` խորհր­դա­կան

 

Դիւա­նի ատե­նա­պետ ընկ. դոկտ. Արա Գաբրի­էլ­եան իր փակ­ման խօս­քի մէջ շնոր­հա­ւո­րեց նո­րա­կազմ վար­չու­թիւնը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց:

ՀԱ­ՄԱԽՄ­ԲՈՒՄ

Նոյն օրը երե­կոյ­եան ժա­մը 7ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան Մշա­կու­թա­յին հա­մախմ­բու­մը, St. Leon Armenian Apostolic Church Function Hall, Saddle River Rd., Fairlawn N.J. շուրջ 300 հան­դի­սա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ: Կազմ­ուած էր ճոխ գե­ղար­ուես­տա­կան ծրա­գիր եւ ընթ­րիք հան­դի­սու­թիւն:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նադպ­րու­հի Յաս­միկ Աբ­րահմ­եա­նը:

Հան­դի­սու­թիւնը բաց­ուեց Ամե­րիկ­եան եւ Հայ­կա­կան ազ­գա­յին օրհ­ներգ­նե­րով, որ կա­տար­ուեց Հա­մազ­գա­յին Նիւ Ճըրզիի մաս­նա­ճիւ­ղի “Արե­գակ“ երգ­չա­խու­մի կա­տար­մամբ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ շնոր­հա­լի խմբա­վար` Վա­ղար­շակ Օհան­եա­նի:

“Ար­մինի­ըն Ուիք­լի“ի խմբա­գիր Խա­չիկ Մու­րատ­եա­նը, իր բազ­մա­թիւ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քում, պատ­կե­րա­հա­նել էր բազ­մա­թիւ պատ­մա­կան վայ­րեր, Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նից ինչ­պէս Կարս, Անի, Տիգ­րա­նա­կերտ, Մուշ եւ այլ վայ­րեր, որոնց կա­պակ­ցու­թեամբ, պատ­կեր­նե­րի ցու­ցադ­րու­թեան հետ առըն­թեր, տա­լիս էր հա­մա­պա­տաս­խան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ:

Ելոյթ ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ ընկ. Դոկտ. Արա Նա­զար­եա­նը, որ լայ­նօ­րէն եւ հա­մա­պար­փակ խօս­քով, ներ­կա­յաց­րեց Հա­մազ­գա­յի­նի, Մշա­կու­թա­յին, Ազ­գա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեան տար­բեր ձեռք­բե­րում­նե­րը:

Կազմ­ուած էր ճոխ եւ ճա­շա­կա­ւոր գե­ղար­ուես­տա­կան ծրա­գիր: Ելոյթ ու­նե­ցաւ Նիւ Ճըրզիի մաս­նա­ճիւ­ղի պա­տա­նե­կան “Նա­յի­րի“ պա­րա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ շնոր­հա­լի պա­րու­սոյց Թով­մաս Յա­րու­թիւն­եա­նի, որոնք գե­ղեց­կօ­րէն ներ­կա­յաց­րե­ցին ազ­գա­յին ժո­ղովր­դա­կան հայ­կա­կան մի շարք պա­րեր, ինչ­պէս “Քո­չա­րի“, “Կի­կոս“, “Վար­դա­վառ“, “Մենք Ենք Մեր Սա­րե­րը“:

Տպա­ւո­րիչ էր Նիւ Ճըրզիի մաս­նա­ճիւ­ղի “Արե­գակ“ երգ­չախմ­բի ելոյթ­նե­րը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ շնոր­հա­լի խմբա­վար` Վա­ղար­շակ Օհան­եա­նի: Եր­գե­րու ընտ­րու­թիւնը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր հա­մախմբ­ման ոգի­ին, ինչ­պէս` “Իմ Անու­նը Հա­յաս­տան է“, “Գա­րուն Երե­ւան“, “Կի­լիկ­իա“, “Տալ­ւո­րիկ“, “Հայ­կա­կան Բա­նա­կի քայ­լերգ“ եւ այլ եր­գեր: Դաշ­նա­մու­րի կա­տար­մամբ, ելոյթ ու­նե­ցան Անի Մու­րատ­եան, Ար­ի­ա­նա Մես­րոպ­եան: Աս­մուն­քեց` Հռիփ­սի­մէ Յա­րու­թիւն­եան, երգ­չախմ­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` մե­ներ­գեց Շա­քէ Նու­խուտ­եան:

Հա­մախմբ­ման ըն­թաց­քին Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մից պար­գե­ւատր­ուե­ցին չորս հա­մազ­գայ­նա­կան­ներ` Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եան (Նիւ Եորք) եւ Աւե­տիս Պա­րոն­եան (Նիւ Ճըր­զի), Հա­մազ­գա­յի­նի հա­մախմբ­ման կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րի գծով, իրենց բե­րած ժրա­ջան եւ օգ­տա­շատ աշ­խա­տան­քի հա­մար: Ալֆ­րէտ Եզ­նայ­եան (Նիւ Ճըր­զի) Հա­մազ­գա­յի­նի եր­կար տա­րի­նե­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տանք­նե­րին իր բե­րած օգ­տա­շատ գոր­ծու­նէ­ու­թեան հա­մար:

Տիթ­րոյ­թի մաս­նա­ճիւ­ղից պար­գե­ւատր­ուեց երի­տա­սարդ պա­րու­սոյց Նա­յի­րի Կա­րա­պետ­եա­նը, իր նուիր­ուած եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի հա­մար:

Վեր­ջում տե­ղի ու­նե­ցաւ ճոխ հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ ընթ­րիք: Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած հա­մախմ­բու­մը եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը ար­ժա­նի է մեծ գնա­հա­տան­քի:

Աւե­լի մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ենք ցան­կա­նում:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles