ՀԱ­ՂՈՐ­ԴԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ.- ԽՈՐՀՐ­ԴԱԿ­ՑԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈՎ­ՆԵՐ ԵՒ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ­ՆԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 54 Second

Հ. Յ. Դ. Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի հրա­ւէ­րով խորհր­դակ­ցա­կան ժո­ղով մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, Յուն­ուար 14, 2012 -ին Նիւ Եորք քա­ղա­քի Քուինզ շրջա­նի ­Հայ Կեդ­րո­նին մէջ: Մի­օր­եայ այս ժո­ղո­վին հրա­ւիր­ուած էին Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Շրջա­նի քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու (Հ.Օ.Մ.-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Ե.Դ.-ի) Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւն­նե­րը:

Ժո­ղո­վին գլխա­ւոր օրա­կար­գերն էին մշա­կել, հա­մադ­րել եւ զար­գաց­նել գա­ղու­թա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու ու ձեռ­նարկ­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը  եւ որա­կա­ւոր ու ար­դիւ­նա­բեր աշ­խա­տան­քի հա­մար, իրա­կա­նաց­նել մար­դու­ժի փո­խա­նակ­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն Շրջա­նա­յին ­վար­չու­թիւն­նե­րը իրենց գործ­ունէ­ու­թեան ­մա­սին հա­կիրճ զե­կոյց­ներ տա­լէ ետք, ներ­կա­յա­ցու­ցին իրենց յա­ռա­ջի­կայ տար­ուան գոր­ծու­նէ­ու­թեան կմախ­քը, կի­զա­կէտ ու­նե­նա­լով մեր­ձե­ցող 100-ամ­եա­կը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան:

Քննարկ­ուե­ցան նա­եւ “Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եակ“-ի առ­թիւ ծրագ­րա­յին եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան զա­նա­զան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, եւ անոնց գոր­ծադր­ման եղա­նակ­ներն ու պիւտ­ճէ­ա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը մի­ա­ձայ­նու­թեամբ յայտ­նե­ցին իրենց բաղ­ձան­քը, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի մեր բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ըլ­լան եւ ու­նե­նան հա­մա­հայ­կա­կան բնոյթ, շրջա­նին բո­լոր ­հայ­կա­կան ­կազ­մա­կեր­պու-­թիւն­նե­րու  մաս­նակ­ցութեամբ: Որոշ­ուե­ցաւ չբա­ւա­րար­ուիլ Ապ­րիլ 24-ի առ­թիւ լոկ ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, պա­հան­ջա­տի­րա­կան եւ հա­տուց­ման սկզբունք­նե­րու վրայ հիմն­ուած, 2015 թուա­կան­ի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, բազ­մա­տե­սակ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու շա­րա­նով մը, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կը ազ­գա­յին բնոյթ ու­նե­ցող գոր­ծըն­թա­ցի մը վե­րա­ծել: Որոշ­ուե­ցաւ կազ­մա­կեր­պել ­քա­ղա­-քա­կան, քա­րոզ­չա­կան, հրա­տա­րակ­չա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ,  ազ­գա­յին իրա­ւունք­նե­րու հան­դէպ նպաս­տա­ւոր հան­րա­յին կար­ծիք ստեղ­ծե­լու Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան շրջա­նին մէջ:

Ապա, մօ­տա­ւո­րա­պէս 25 հո­գի­նոց ժո­ղո­վա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցած ­խում­բը ուղղ­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Մ.Ա.Կ.-ի դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եա­նին հետ հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լու Հ.Հ. Նիւ Եոր­քի դես­պա­նա­տան մէջ: Դես­պա­նը սի­րա­լիր կեր­պով ըն­դու­նեց Հ.Յ.Դ.-ի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի եւ վե­րո­յիշ­եալ չորս կազ­մա­կեր­պու­թիւնն­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Տե­ղի ու­նե­ցաւ մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող հարց ու պա­տաս­խա­նի երկ­խօ­սու­թիւն, որուն ըն­թաց­քին յար­գե­լի դես­պա­նը նախ ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ դես­պա­նա­տան կա­տա­րած բազ­մա­կող­մա­նի քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին եւ յե­տոյ, մէկ առ մէկ, պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ար­ծար­ծած Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կան, ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ դա­տա­կան իրա­վի­ճակ­նե­րու մա­սին եղած հար­ցում­նե­րուն:

Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ան­գամ մը եւս շեշ­տե­ցին հայ­րե­նի­քին եւ ­հայ ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու իրենց ան­սա­կարկ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը: Հան­դի­պու­մի վեր­ջա­ւո­րու­թեան ­դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եան շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն իրենց կա­տա­րած գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րուն եւ ար­տա­յայ­տած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Իր հա­րա­զատ խօս­քե­րու եւ ­սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան ար­դիւնք, այ­դ օր դես­պա­նա­տան մէջ եղող­ ներ­կա­նե­րը ինք­զինք­նին իրենց տան մէջ զգա­ցին… եւ հո­գե­պա­րար զգա­ցու­մով հրա­ժեշտ տուին Հ.Հ. Մ.Ա.Կ.-ի մօտ դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եա­նին:

 

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ

Հ. Յ. Դ.-Ի ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ԿՈ­ՄԻ­ՏԷ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles