Արուեստ Եւ Մշակոյթ

«ԿԻՒՐՃԻԵՒ» ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄՈՅԹԸ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

p13 bis

Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող դասական երաժշտութեան  ամենահին փառատօնին, այս տարի լայն անդրադարձ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ մեծ շեշտադրումով ներկայացուեցան գործեր՝ Կոմիտասէն:

Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանէն ,Կիւրճիեւե ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, որ ելոյթ ունեցաւ «ՄիւզիքԿըպաու» եւ «Փոտիում Մոզայիք» համերգասրահներէն ներս:

Advertisement Subscribe Today

Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկէնեան, նախաբանով մը, ներկայացուց Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքը եւ մանրամասնութիւնները Կոմիտասի նուիրուած նոր նախագիծի մը, որ կեանքի պիտի կոչուի յառաջիկային: Համերգի ընթացքին ներկայացուեցան Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները, կատարողութեամբ Լուսինէ Գրիգորեանի:

Տեղի ունեցաւ նաեւ քննարկում` «Յիշողութեան արուեստը. Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելից» խորագրով, որուն ընթացքին դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Ամսթերտամի համալսարանի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու եւ մարդաբանութեան դասախօս դոկտ. Թոն Զվան: Հայոց Ցեղասպանութեան` իրենց գործունէութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին խօսեցան նկարիչ եւ բանաստեղծ Գրիգոր Մոմճեան եւ բեմադրիչ Թինա Պասթաճեան: Իսկ Կոմիտասի եւ ,Կիւրճիեւեի գործերու կատարումով ելոյթ ունեցաւ «Կիւրճիեւ»համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, դաշնակահար Լեւոն Իսկէնեան:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button