Կապանի եւ 13 Գիւղերու Բարձունքները Ատրպէյճանին Պիտի Յանձնուին
ԵՐԵՒԱՆ․- Դեկտեմբեր 17-ի առաւօտեան Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարարութենէն հրահանգուած է Կապանի ներկայ պաշտպանական դիրքերը Ատրպէյճանին յանձնել։ Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան «Հետք»-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ 24 ժամէն պէտք է դուրս գան դիրքերէն։ «Ես կը մտածէի, որ այս իշխանութիւնները մեզի պիտի հասցնեն այս հանգուցալուծման։ Այդպիսի մտավախութիւններ ունէի»,- յայտնած է համայնքապետը:
Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլան այն դիրքերը, որոնք կ՝ապահովեն Կապանի եւ մօտակայ 13 գիւղերու անվտանգութիւնը։ Ըստ համայնքապետի՝ անոնք են Դաւիթ Բեկ, Կաղնուտ, Ուժանիս, Եղվարդ, Ագարակ, Դիցմայրի, Սիւնիք, Գեղանուշ, Ճակատեն, Շիկահող, Ներքին Հանդ, Ծաւ գիւղերը եւ Կապանքաղաքը, որոնք բոլորը կը մտնեն Կապան համայնքին մէջ։ Ի դէպ՝ Կապան քաղաքի ոչ բնակելի հատուածի հեռաւորութիւնը սահմանէն պիտի ըլլայ 100 մեթր, իսկ բնակելի հատուածէն՝ 1 քլմ։
«Այս բոլոր տարածքները մինչեւ 1929 թուական եղած են հայկական տարածքներ։ 1929-ին անոնք տրուած են Ատրպէյճանին։ Այդ տարածքներուն մէջ ներառուած է 21 գիւղ։ Եւ ինչո՞ւ պիտի սահմանազատումը ըլլայ 1974-ի քարտէսով, այլ ոչ թէ, օրինակ, 1929-ի»,- ըսած է համայնքապետը։
Գորիս-Կապան-Մեղրի ճանապարհի որոշ հատուածներ կ՝անցնին այնպիսի տարածքներով, որոնք կա՛մ պէտք է անցնին ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, կա՛մ յայտնուին անմիջական սահմանի վրայ։


