Լրահոս

«Կայուն Կովկասեան Շրջան Մը, Ուր Կ՛աշխատինք Թէ՛ Հայաստանի, Թէ՛ Ատրպէյճանի Հետ». Կը Յայտնէ Բանբեր Նետ Փրայս


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Շաբաթասկիզբին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճան – Իրան վերջին ռազմափորձերուն եւ յաւելեալ մանրամասնելով ըսաւ․ «Ես ատոր վերաբերեալ առանձնայատուկ մեկնաբանութիւն չունիմ: Ի հարկէ, մենք կ՛ուզենք տեսնել, եւ մենք յստակ նշած ենք, որ շահագրգռուած ենք տեսնելու կայուն կովկասեան շրջան, շրջան մը, ուր մենք կ՛աշխատինք թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի պակսեցնենք այդ երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնը եւ յաւելեալ լարուածութիւնը, որ կրնայ ստեղծուիլ», շեշտեց Փրայս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button