

Ընդդիմադիր «Ժողովրդավարութիւն 1918» շարժումի երիտասարդ ղեկավար Ահմէտ Մամետլի եւ այլախոհ Ռուստամ Իսմայիլպէյլի
Ա.Ա.
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմաշունչ եւ յարձակողապաշտ յայտարարութիւնները, զորս ան վերջերս կատարեց Շուշիի մէջ, նոր էջ մը բացին հայեւատրպէյճանական տագնապին մէջ։ Այս յայտարարութիւնները բացայայտեցին Ալիեւի իսկական մտադրութիւնները, որոնք ոչ մէկ կապ եւ առնչութիւն ունին խաղաղութեան պայմանագրի կնքման պատրաստակամութեան հետ եւ վերջին շրջանին զուտ քարոզչական նպատակներու համար անդադար կը հոլովուին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Հայաստանի վրայ ճնշումները եւ շանթաժի քաղաքականութիւնը շարունակելու Ալիեւի նպատակը առաւել բացայայտուեցաւ, երբ Պերլինի մէջ գործող ատրպէյճանական ընդդիմադիր “Մեյտան Թի․Վի․” կայքէջը, իր տեղեկութիւնները լաւատեղեակ աղբիւրներէ քաղելով, հաղորդեց, որ Պաքուի մէջ պատիժներու կ՛ենթարկուին երիտասարդ այն աքթիվիստները, որոնք Հայաստանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու եւ ռազմաշունչ յայտարարութիւններէ հրաժարելու վերաբերեալ կոչերով հանդէս կու գան։ Այս իմաստով բաւական ցայտուն օրինակ մըն է ընդդիմադիր «Ժողովրդավարութիւն 1918» շարժումի երիտասարդ ղեկավար Ահմէտ Մամետլին, որ երեսուն օր վարչական կալանքի դատապարտուեցաւ, որովհետեւ Սեպտեմբեր 13-ի բախումներուն մասին խօսելով՝ ֆեյսպուքեան եւ թուիթըրեան գրառումներու մէջ Ալիեւ յանցաւոր եւ մեղաւոր համարեց։
“Մեյտան Թի․Վի․”-ի տեղեկագրին մէջ վկայութիւն տուած այլ անձ մը՝ Ռուստամ Իսմայիլպէյլի, տեղեկագրին հրապարակումէն օրեր ետք Պաքուի դատախազութիւն կանչուեցաւ տարօրինակ յանցանքի մը համար։ Ան Աթաթուրքի խօսքերէն մէջբերած էր թուիթըրեան գրառման մը մէջ։ «Այնքան ատեն որ ժողովուրդին ազատութիւնը վտանգուած չէ, պատերազմ սկսիլը յանցագործութիւն է», գրած էր Իսմայիլպէյլի՝ Աթաթուրքը մէջբերելով։ Ասիկա, ըստ Պաքուի դատախազութեան, յանցագործութիւն համարուեցաւ։ Իսմայիլպէյլի զգուշացուեցաւ, թէ նման գրառում սպառնալիք մըն է Ատրպէյճանի ապահովութեան։
Այսօր Ատրպէյճանի մէջ պատերազմական գործողութիւններու վերաբերեալ պետական քարոզչութիւնը այնքան ծաւալուն է, որ ատրպէյճանցիները վերածուած են խաղաղասիրական քայլերը մերժող ամբոխի մը, որ դաւաճան կը համարէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան կարեւորութեան մասին խօսողները։Այս իրականութիւնը նաեւ կը բացայայտէ Ալիեւի իսկական նպատակները, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին այնքան հոլովուած՝ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» կոչերուն հետ, որովհետեւ պատերազմի ընտրանքը շատ բարձր է Ատրպէյճանի մէջ։
Նման պատերազմի մը վտանգին մասին վերջերս խօսեցաւ նաեւ հայկական կողմը։ Նախ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թուիթըրեան գրառումներու մէջ շեշտեց Ատրպէյճանի նախագահին վարած քաղաքականութեան մէջ պատերազմի ընտրանքին եւ հայկական կողմը ահաբեկելու մօտեցման գոյութիւնը, նոյնիսկ նշելով, որ Պաքուի իշխանութիւնները կը փորձեն արցախահայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկել։ Իսկ Հայաստանի Ազգային Ապահովութեան քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նկատել տուաւ, որ ներկայիս գոյութիւն ունի պատերազմի վտանգը, որուն թիրախը Հայաստանն է։
Ատրպէյճանական յարձակողապաշտ եւ պատերազմաշունչ յայտարարութիւններուն պատճառած ընդհանուր մտահոգութեան իրավիճակին մէջ հայկական կողմը երկու կարեւոր իրագործումներով կրնայ կացութիւնը հաւասարակշռել։ Նախ առանց յապաղումներու պէտք է ձեւաւորուի ազգային պետական քաղաքականութիւն, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ ազգային միասնականութիւնը։ Ասոր զուգահեռ՝ պէտք է նոր թափ տրուի բանակի վերակազմաւորման աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն, որպէսզի մեր քաջարի զինուորները սահմաններուն վրայ հայրենիքի պաշտպանութեան իրենց ազգային առաքելութեան ընթացքին զոհերու չվերածուին։ Այս երկու կենսական պահանջներէն այլընտրանք գոյութիւն չունի։