ԻՇ­ԽԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՕՐԷՆ­ՔԸ …ԵՒ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻՆ ԻՐԱ­ՒՈՒՆ­ՔԸ

0 0
Read Time:9 Minute, 54 Second

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱՆ

 

Ակն­յայտ է, որ Հա­յաս­տա­նի այս­պէս կոչ­ուած “թէժ օրա­կարգ“ին կի­զա­կէ­տը ըլ­լա­լու իր ու­ժա­կա­նու­թիւնը զգա­լա­պէս կորսն­ցուց ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի յաղ­թա­կան շար­ժու­մը, որ Փետր­ուար 18-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օրը հա­սած էր, քուէի ու­ժով, իր յաղ­թար­շա­ւի գա­գաթ­նա­կէ­տին:

Նա­եւ կաս­կա­ծէ վեր է, որ տա­կա­ւին եր­կար ժա­մա­նակ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի օրա­կար­գին վրայ իր առաջ­նա­հերթ տե­ղը պի­տի շա­րու­նա­կէ զբա­ղեց­նել քննար­կու­մը այն կնճռոտ ու ցա­ւոտ հար­ցադ­րու­մին, թէ ո՞վ կամ որո՞նք յա­ջո­ղե­ցան այս­պէ՛ս անե­լի մատ­նել ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մը եւ կրցան…

– Լու­սանց­քա­յին օրա­կար­գի վե­րա­ծել Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը իրա­ւա­կա­նօ­րէն ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման են­թար­կե­լու, պե­տու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ խո­րա­ցող խրա­մա­տը յաղ­թա­հա­րե­լու ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կա­նը:

– Իշ­խա­նու­թեան շա­հե­րուն վա­հա­նը դար­ձած Օրէն­քը ան­ձեռնմ­խե­լի հռչա­կել եւ, աւե­լի՛ն, հրա­տապ իր նշա­նա­կու­թե­նէն պար­պել պե­տա­կան այս հա­մա­կար­գին քա­ղա­քա­կան խա­թար­ուա­ծու­թեան ան­բու­ժե­լի արա­տը վի­րա­հա­տե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը:

– Ժո­ղո­վուր­դը զրկել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իրա­պէ՛ս եւ լի­ար­ժէ՛ք տէր կանգ­նե­լու, մա­նա­ւանդ սե­փա­կան պե­տու­թիւնը ամ­բող­ջա­պէ՛ս ազատ ու ան­կախ դարձ­նե­լու անբռ­նա­բա­րե­լի Իրա­ւուն­քէն:

Պարզ ու ժո­ղո­վուր­դի լե­զուով` Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան կեան­քը թե­ւա­կո­խած է մրցա­պայ­քա­րի նոր փուլ, ուր գլխա­ւոր ան­ծա­նօ­թը եւ ան­յայ­տը դարձ­եալ նոյ­նինքն ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի` դժգո­հու­թեան ու ծա­ռա­ցու­մի շար­ժումն է, որ իր Իրա­ւուն­քը կը պա­հան­ջէ եւ չի վա­րա­նիր մար­տահ­րա­ւէր կար­դա­լու իշ­խա­նու­թեան Օրէն­քը ամէն բա­նէ վեր դա­սող քա­ղա­քա­կան ու­ժին:

Մրցա­պայ­քա­րի ներ­կայ փու­լին գլխա­ւոր առանձ­նա­յատ­կու­թիւնը ճիշդ այս առ­ճա­կա­տումն է‘ մէկ կող­մէ ժո­ղո­վուր­դի Իրա­ւուն­քին եւ միւս կող­մէ իշ­խա­նու­թեան Օրէն­քին մի­ջեւ:

Բայց չէ՞ որ քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ ամէն օրէնք իր վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնը կը ստա­նայ, պէ՛տք է ստա­նայ ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւուն­քէն, առանց որուն պե­տու­թիւն մը կը վե­րած­ուի պար­զա­պէս սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին վրայ բռնա­ցող իշ­խա­նու­թեան…

Իսկ իր ազա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւնը աւե­լի քան քսան տա­րի­ներ առաջ վե­րա­կանգ­նած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը, փաս­տօ­րէ՛ն, ահա ին­կած է ու կը տապլտ­կի խոր­թաց­ման ու հա­կադ­րու­թեան ան­հա­կակշ­ռե­լի ոլո­րապ­տոյ­տին մէջ` կրե­լով ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը պե­տու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի, իշ­խա­նու­թեան ու հա­սա­րա­կու­թեան, Օրէն­քի եւ Իրա­ւուն­քի մի­ջեւ խո­րա­ցած խրա­մա­տին:

Աւե­լի՛ն. չի բա­ւեր, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղո­վուր­դը յայտն­ուած է սե­փա­կան պե­տու­թեան դէմ պայ­քար մղե­լու ան­հե­թեթ հա­կադ­րու­թեան մէջ, այ­լեւ` ստիպ­ուած է բա­ժան-բա­ժան եղած ընդ­դի­մադ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու բո­ղո­քի իր շար­ժու­մը:

Ճիշդ է, որ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը կտրած են ռու­պի­կո­նը եւ հա­մա­ձայն են կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման են­թար­կե­լու, որո­շա­պէս նա­խա­գա­հա­կան վար­չա­ձե­ւը խորհր­դա­րա­նա­կա­նով փո­խա­րի­նե­լու հիմ­նա­կան առա­ջադ­րան­քին:

Բայց ինչ­պէս որ Փետր­ուար 18-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւնը ցոյց տուաւ, նոյ­նիսկ հիմ­նա­կան այդ հա­մա­խո­հու­թիւնը ինք­նին բա­ւա­րար չէ, որ­պէս­զի մի­աս­նա­կան ճա­կա­տի մը մէջ հա­մախմբ­ուին ընդ­դի­մադ­րու­թեան ցի­րու­ցան ու­ժե­րը:

Իսկ առանց մի­աս­նա­կան ճա­կա­տի` ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը կա­մայ թէ ակա­մայ ձա­խո­ղու­թեան կը դա­տա­պար­տեն ժո­ղովր­դա­յին բո­ղոքն ու ծա­ռա­ցու­մը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ մղե­լու, կազ­մա­կերպ շար­ժու­մի եւ ու­ժի վե­րա­ծե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման ծա­ռա­յեց­նե­լու իրենց վստահ­ուած առա­քե­լու­թիւնը:

Բա­ցառ­ուած չէ, ան­շուշտ, որ այս աս­տի­ճան կեդ­րո­նա­ձիգ ու առանձ­նաշ­նորհ­եալ նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մը “օրի­նա­կան“ սան­ձար­ձա­կու­թեանց դէմ` ժո­ղովր­դա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պայ­քա­րի ար­դիւ­նա­ւէտ մար­տա­վա­րու­թիւն մը կրնայ ըլ­լալ ընդ­դի­մադ­րու­թեան ապա­կեդ­րոն գոր­ծե­լա­կեր­պը, բազ­մա­կող­մա­նի եւ բազ­մագլ­խա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նի որ­դեգ­րու­մով:

Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան դաշ­տը հա­սուն­ցա՞ծ է նման մար­տա­վա­րու­թիւն մը հնա­րա­ւոր դարձ­նե­լու հա­մար:

Պա­տաս­խա­նը դրա­կան ըլ­լա­լու լուրջ հիմք չու­նի, որով­հե­տեւ ո՛չ բո­լոր ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն եւ կազ­մա­կեր­պա­կա­նօ­րէն կա­յա­ցած են (դեռ յաղ­թա­հար­ուած չէ անձ­նա­կեդ­րոն կու­սակ­ցու­թեանց “հիւան­դու­թիւն“ը), ոչ ալ ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տին մէջ մի­եւ­նոյն լե­զուն կը խօ­սին ժո­ղովր­դա­յին շարժ­ման ղե­կա­վա­րու­թեան յա­ւակ­նորդ բո­լոր ու­ժե­րը:

Պատ­կե­րը աւե­լի մտա­հո­գիչ կը դառ­նայ, եթէ ընդ­դի­մադ­րու­թեան ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­նե­րուն վրայ գու­մար­ուին, նա­եւ ու մա­նա­ւա՛նդ, իշ­խա­նու­թեան կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ մղուող ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մը պա­ռակ­տե­լու եւ իր ու­ժա­կա­նու­թե­նէն պար­պե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րը:

Դառ­նօ­րէն խօ­սուն է, այս առու­մով, Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րի ըն­թաց­քին պարզ­ուած Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան խմո­րում­նե­րուն հիւան­դա­գին պատ­կե­րը:

Ընդ­դի­մադ­րու­թիւնը փաս­տօ­րէն, կա­մայ թէ ակա­մայ, հա­մա­կեր­պած է իշ­խա­նու­թեան պար­տադ­րած քա­ղա­քա­կան օրա­կար­գին: Գո­նէ առ­ժա­մա­բար վա­րա­գոյ­րը իջած է ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մին վրայ: Փետր­ուար 18-ի քու­է­ար­կու­թեամբ նուաճ­ուած ժո­ղո­վուր­դի Իրա­ւուն­քին հա­մար պայ­քա­րը կորսն­ցու­ցած է իր այժ­մէ­ա­կա­նու­թիւնն ու հնչե­ղու­թիւնը: Փո­խա­րէ­նը` օրա­կար­գի վրայ բեր­ուած է կա­ռա­վար­ման արա­տա­ւոր այս հա­մա­կար­գին ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գու­մը նոյ­նինքն Երե­ւա­նէն սկսե­լու առա­ջադ­րան­քը:

Յատ­կա­պէս Դաշ­նակ­ցու­թիւնը Երե­ւա­նի “Աւա­գա­նի“ի ընտ­րու­թեանց հա­մար պայ­քա­րը յա­ռաջ կը մղէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վար­ման քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գի ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան օրա­կար­գով: Ինչ­պէս, որ Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Համ­բար­ձում­եան կը շեշ­տէ “Երե­ւա­նի աւա­գա­նու ընտ­րու­թիւն­նե­րը քա­ղա­քա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ են եւ պայ­քա­րի դուրս եկած ու­ժե­րը պէտք է հաշ­ուի առ­նեն դա: … Մենք ընտ­րա­պայ­քա­րի մէջ ենք մտել առա­ջին հեր­թին բո­լոր դժբախ­տու­թիւն­նե­րի պատ­ճառ մո­նո­պոլ­ի­ան (մե­նաշ­նոր­հա­յին դրու­թիւնը) վե­րաց­նե­լու հա­մար“:

Իսկ գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան Օրէն­քին բան­բեր­նե­րը, հա­կազ­դե­լով ժո­ղո­վուր­դի Իրա­ւուն­քին տէր կանգ­նե­լու ընդ­դի­մադ­րու­թեան այս մօ­տե­ցու­մին, կը պա­տաս­խա­նեն ամե­նայն շնա­կա­նու­թեամբ.
“Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րում, սա­կայն, քա­ղա­քա­կան են­թա­տեքստ չի տես­նում Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­մաս­նա­կան ցու­ցա­կում ընդգրկ­ուած Յով­հան­նէս Թոք­մաջ­եա­նը: Նրա կար­ծի­քով` մեր երկ­րում քա­ղա­քա­կան ընտ­րու­թիւն­ներն աւար-տուել են Փետր­ուար 18-ին: Մա­յի­սի 5-ի ընտ­րու­թիւն­նե­րի ար­դիւն­քում պար­զա­պէս կ՛ընտր­ուի այն ու­ժը, որն իր վրայ կը վերց­նի Երե­ւա­նի խնդի­նե­րի լու­ծումն` յառա­ջի­կայ 4 տա­րի­նե­րին“ (“Եր­կիր Մեդ­իա“, 12 Ապ­րի­լի լրա­տուու­թիւնը):

Տար­բեր մօ­տե­ցում եւ տրա­մա­բա­նու­թիւն չի կրնար ցու­ցա­բե­րել իշ­խա­նու­թեան Օրէն­քին վե­րա­տի­րա­ցած քա­ղա­քա­կան ու­ժը, որուն թիւ 1 ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ար­հա­մար­հե­լով իր վե­րընտ­րու­թեան օրի­նա­կա­նու­թիւնը հար­ցա­կա­նի տակ դնող սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին առն­ուազն 37 տո­կո­սին Իրա­ւուն­քի պա­հան­ջը, փա­ռա­հեղ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ կա­տար­ուած իր երդ­ման արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին նոյ­նիսկ “շրթուն­քի ծա­ռա­յու­թիւն“ չու­զեց մա­տու­ցել հա­մա­կար­գա­յին բա­րե­փոխ­ման ամէ­նէն մեղմ կո­չե­րուն ան­գամ:

Հե­տե­ւան­քը յա­ռա­ջի­կայ հնգամ­եա­կին բնո­րոշ ներ-քա­ղա­քա­կան լար­ուա­ծու­թեան ու իշ­խա­նակռ­ուի տխուր, այ­լեւ մեր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին հա­ւատքն ու վար­կը մա­շեց­նող պատ­մու­թիւնը կրնայ ըլ­լալ միայն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles