
Յ. Պալեան
Ազգի իրաւ մեծերը,- ոչ հաստքսակովները, ոչ ալ հրաշիւք իմն իշխանական թառ մը գտած շահախնդիրները եւ փառասէրները,- եղած են մեր նահանջներու անզիջող դատաւորները: Անոնք մերժած են գործածել ֆրանսացիներու դիպուկ խօսքը, որ կը վերաբերի անմիտ զրոյցի, զոր կը կոչեն փայտեայ լեզու, langue de bois:
Պատմութիւնը չի կրկնուիր, կը սորվեցնէ դատելու եւ նախատեսելու իմաստութիւն: Այդպէս են նաեւ գրականութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը: Դէպքէն, դիպուածէն եւ խօսքէն անդին նայելու ողջմտութիւնը եթէ ունենանք, մեր եւ ուրիշներու կեանքին կու տանք բարիի եւ օգտակարի ուղղութիւն, կը նուաճենք գիտակցութեան բարձր մակարդակ:
Երբեմն կը թերթատեմ յաճախ կարդացուած գիրքերու էջերը, ուր կը գտնեմ մեր անմիջական ներկայի պատկերները: Այսօր ոմանք թութակաբար կը կրկնեն մեծերու անունները, որպէս զրոյցներու եւ բեմերու զարդարանք: Այդքա՛ն:
Ինչո՞ւ այսօր չենք ժողովրդականացներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ժընեւ հրատարակուած հին ԴՐՕՇԱԿներու էջերը, զանոնք ներկայացնելով հեռատեսիլէն, թերթերէն:
Որքա՜ն օգտակար պիտի ըլլար ԴՐՕՇԱԿի մէջ լոյս տեսած Քրիստափոր Միքայէլեանի 1990ին գրուած «Ամբոխային Տրամաբանութիւն» խորագրով երկարաշունչ յօդուածը ներկայացնել զանգուածներուն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), եւ փորձել հոն տեսնել մեր այսօրը:
Ինչ որ կ’ըսէր Քրիստափոր Միքայէլեան 118 տարի առաջ, կը խորհիմ որ մեր այսօրուան պատկերն է: Ասկէ առաջ ալ խօսած եւ գրած եմ այս մասին, բայց ինչպէս կ’ըսեն, տերեւ չէ շարժած հայկական իրականութեան մեծամասնութեան մէջ:
Քրիստափոր Միքայէլեան կը նկարագրէ մեր մէջ արմատացած ամբոխային տրամաբանութիւնը, որ շատ մը երեւոյթներ եւ կեցուածքներ կը լուսաբանէ, ինչպէս մերօրեայ հայրենալքում-արտագաղթը եւ հայրենադարձութեան յաձնառութեան բացակայութիւնը:
Մեր «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց»ը փակագիծի մէջ դնելով, մոռնալով իմաստակի-սոփեստի ինքնարդարացման բազմագոյն ճապկումները, փորձենք հասկնալ թէ ի՞նչ հեռանկար ունին հայկական զանգուածները, ի՞նչ ակնկալութիւններ ունէին երէկ եւ ունին այսօր, ինչպէ՞ս կը կարծեն պատասխան գտնել իրենց սպասումներուն, եւ որոնցմէ:
Ազգի հարցերուն լուծումներ սպասել դուրսէն, կը նշանակէ յանձնառութենէ խուսափիլ, այսինքն յաջողութիւններ ձեռք բերել առանց զոհողութեան, բառին ոչ միայն ճառային իմաստով, այլ անձին օրինակով:
Կը կարդանք. «Չէ՞ր կարելի միթէ մի փոքր էլ դէնը գնալ եւ հիմնուելով նոյն անպատրաստութեան, սառն դատողութեան բացակայութեան, քաղաքական փորձառութեան վրայ՝ պահանջելով մինչեւ իսկ, որ ամենեւին զոհ չտային, այլ այնպէս՝ միմիայն քաղաքական անջիղ խաղերի եւ մեծամեծ կապերի միջոցով՝ ուղղակի առաջ քշէին եւրոպական միջամտութեան գործը եւ ապահովէին հայկական հարցի նպաստաւոր լուծումը»:
Ի՞նչ կ’ընենք այսօր Հայկական Հարցի հետապնդման գծով: Մենք մեզի հետ անկեղծ ըլլալով, կրնանք տեսնել, որ այդ հետապնդումը վերածուած է իր նուազագոյնին, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, բանաստեղծին խօսքով, ամենեւին զոհ չտալու քաղքենիի երկչոտութեամբ, որուն բնական հետեւանքն է աղէտ-արտագաղթը:
Կրկին նոյն տերվիշներու պարին մէջ ենք, կլոր-կլոր կը դառնանք, Քրիստափոր Միքայէլեանի նշած քաղաքական անջիղ խաղերու տեղքայլը կը շարունակենք եւ մեզ ուրախացնող-մխիթարող փառասիրութիւններ հովահարող մեծամեծ կապերի միջոցով կը սպասենք միջամտութիւններ: Երէկ այդ Հայկական Հարցն էր, եւ այսօր անոր նուազագոյնի վերածուած ցեղասպանութեան ճանաչումը, Եւրոպայի, հեռու եւ մօտ երկիրներու, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու կողմէ:
Քրիստափոր Միքայէլեանի նշած քաղաքական անջիղ խաղերը եւ մեծամեծ կապերը ո՞ւր հասցուցած են Հայկական Հարցը եւ այսօր՝ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման արշաւները:
Քրիստափոր Միքայէլեան, գիտակցելով այն իրողութեան, որ հզօր է ամբոխային տրամաբանութիւնը, կը դիմէ բանաստեղծին, անոր սուր եւ դառն դատափետման երգիծանքի հեղինակ բանաստեղծ Գամառ Քաթիպային (1830-1892):
Ա՜խ, ինչպէս կ’ուզեմ տեսնել մեր հային
Ազատ, ապահով, կրթեալ, ինքնագոհ,
Ամէն հայի տուն՝ դրախտ երկնային…
Լոկ այդ բանն ինձնից չուզենար մէկ զոհ…
Ա՜խ, ինչպէս կ’ուզեմ տեսնել Հայաստան
Մի օր ազատուած թշնամու ձեռքէն,
Հայի երկիրը հայի սեփական…
Լոկ այդ չի բաժաներ ինձ իմ կոպէկէն…
Ինչո՞ւ այս երկու քառեակները հանդէսներու բեմերէն չենք արտասաներ, յօրինողները զանոնք երգի չեն վերածեր, կամ ինչպէս Ամերիկայի մէջ Ուիլիըմ Սարոյեանի հոգեպարար խօսքը կախուած կը գտնենք ամէն տեղ, չենք կախեր Գամառ Քաթիպայի զոյգ քառեակները, նաեւ թարգմանելով, ինչպէս կ’ըսուի, հասկցուելու համար:
Դար կ’անցնի բայց մեր զանգուածները նոյն վերաբերումը ունին ազգի հիմնական խնդիրներուն նկատմամբ: Հայի երկիրը հայի սեփական երազանքը այդքան է, կը գաղթենք, չենք վերադառնար: Խօսուած ճառերը բեմի համար են: Անհանգիստ չըլլալու եւ չընելու վարքագիծը ազգային քաղաքականութիւն համարած ենք: Հայրենատիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը կը փայլատակէ շաբաթավերջի հանդիսութիւններուն, ճաշկերոյթ-պարանցիկներուն, հայրենի երգիչներու աղմկալի ելոյթներուն, նոյնիսկ այսպէս կոչուած արտագաղթողներով կամ այլ գաղութներէ եկած նորակազմ համայնքներուն մէջ:
Ամենուրեք, Հայաստանէն դուրս պատիւներ կ’ընծայենք թաղապետին, քաղաքապետին, երեսփոխանին, նախարարին, որպէսզի ցեղասպանութիւնը ճանչցուի եւ դատապարտուի, առանց խօսելու Հայկական Հարցի մասին:
Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւները յետքայլ են բաղդատած Հայկական Հարցին:
Ինչպէ՞ս կրնանք պահանջել, որ Հայկական Հարցին լուծում գտնուի, երբ կամովին կը տարտղնուինք, կը դատարկենք հայրենիքը: Լոս Անճելըսի մեր ականջներուն հաճոյք պատճառող Little Armeniaն Հայաստան չէ եւ պիտի չըլլայ, քաւարան է:
Հայրենասիրական-հայրենատիրական ո՞ր հարազատ նպատակին համար կ’արտագաղթեն հայերը, դատարկելով նաեւ անցեալի աշխոյժ համայնքները:
Զարմանալի չէ, որ ուրիշներէ չենք պահանջեր Հայկական Հարցի լուծում եւ կը բաւարարուինք սուգի եւ մխիթարութեան ծառայելու կոչուած ցեղասպանութեան ճանաչումներով:
Մեր խօսակիցները կը մոռնան Հայկական Հարցի մը գոյութիւնը եւ մեր կարծեցեալ քաղաքական խորամանկութիւններով քայլ կը պահենք իրենց հետ, ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնելով նպատակ:
Հայոց բռնագրաւուած հայրենիքի պահանջը դադրած է օրակարգ ըլլալէ աշխարհի եւ նաեւ մեզի համար:
Հայրենահանում-հայրենազրկում զոյգը քաղաքական օրակարգ չէ: Ինչպէ՞ս կարելի է այդ հարցի մասին խօսիլ, երբ աղէտ-արտագաղթը կը շարունակուի եւ հայրենադարձութեան փոխարէն սփիւռք(ներ)ը կ’աճին: Բանաստեղծի խօսքը դիպուկ է. Ամէն հայի տուն՝ դրախտ երկնային… լոկ այդ բանն ինձնից չուզենար մէկ զոհ… Կամ Հայի երկիրը հայի սեփական… Լոկ այդ չի բաժաներ ինձ իմ կոպէկէն…
Հայաստանի նախագահը յայտարարեց, որ երկրի բնակչութիւնը պիտի հասցուի չորս միլիոնի: Ամէն հայի տուն՝ դրախտ երկնայինէ հրաժարելով, հայկական հին եւ նոր սփիւռքները պիտի գումարուի՞ն նախագահի խոստումին վրայ, որպէսզի ազգի աւելի քան կէս համարուող սփիւռքը հպարտութիւն նուաճէ ըսելով՝ Հայի երկիրը հայի սեփական: Մեզի սեփական:
Առանց հայու ներկայութեան, հայու երկիրը չ’ըլլար հայու սեփական:
Վարձկաններով ան չ’ըլլար հայու սեփական…
Ճշմարտութեան ժամը պիտի հնչէ՞ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութենէն եւ զուարճացնող տուրիզմէն առաջ եւ վերջ, մոռցնելով ամէն կարգի մեղմացուցիչ դէպք յանցանացները, որպէսզի հետեւութեամբ Կարլ Մարքսի պատկերին, քաղաքականութիւն, հայրենասիրութիւն եւ հայրենատիրութիւն կանգնին ոչ թէ իրենց գլուխներուն վրայ, այլ իրենց ոտքերուն:
Ուրիշ բանաստեղծի մը, մեզի համար պարզին վսեմութեամբ ըսուած Ռափայէլ Պատկանեանի քառեակը կ’երգենք եւ կը ծափահարենք: Բայց կը լսե՞նք՝ առանց ինքնախաբէութեան.
Հայեր, երբեք չերկմտիք,
Կը կատարուի այդ ամէն,
Եթէ իսպառ մենք հանենք
Փոքրոգութիւն մեր սրտէն: